Ամերիկեան ներկայացուցիչները կը նշեն, որ նոր ֆինանսաւորումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ լաւ կառավարումն ու թափանցիկութիւնը առաջ մղող ծրագիրներու համար, իսկ Ատրպէյճանի մէջուժանիւթի անվտանգութեան ծրագիրները ֆինանսաւորելու համար, որոնք պիտի նուազեցնեն երկրի կախուածութիւնը քարիւղէն եւ բնական կազէն:
«Մենք ականազերծման այս ծրագիրը կը համարենք յաջողած, սակայն միաժամանակ նաեւ կը կարծենք, որ հասած են այն սահմանագծին, որուն կրնային հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,- Eurasianet-ին փոխանցած է USAID-ի ներկայացուցիչը, որ ցանկացած է մնալ անանուն: «Եւ մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք, թէ երբ պիտի կը կարենանք սկսիլ այլ աշխատանք տարածաշրջանին մէջ, եւ յոյս ունինք, որ անիկա պիտի օգնէ լուծելու որոշ տարածաշրջանային խնդիրներ: Halo-ի գործունէութիւնը շրջանին մէջ կը բաժնուի երկու կարգիգ գործունէութիւն, որ կը վերաբերին խորհրդային ժառանգութիւն մնացած ԼՂԻՄ տարածքին եւ գործունէութիւն, որ կ՛իրականացուի Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու մէջ, որոնք հայկական ուժերը կը վերահսկեն որպէս արգելակող գօտի: USAID-ն կը ֆինան-սաւորէ միայն առաջին մասը, իսկ երկրորդ մասը կը ֆինանսաւորուի մաս-նաւոր նուիրատուութիւններով, յատ-կապէս հայ համայնքի խումբ մը ներ-կայացուցիչներու կողմէ կատարուած»:
Halo-ի ներկայացուցիչները պարբերականի գրաւոր հարցման, ուղարկուած Ե-նամակով, չեն պատաս-խանած, սակայն, Eurasianet-ի
նոյեմբերեան այցի ժամանակ Ստեփա-նակերտ, Halo-ի շտապ-բնակարան, անոնք մշտապէս յայտարարած են, որ դեռ շատ ընելիքներ ունին: Իր քսան-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Halo-ն ականազերծած է մօտ 2000 հակահրասայլային ական եւ մօտ 9000 հակահետեւակային ական, 48 միլիոն քառակուսի մեթր տարածք դարձնելով կրկին անվտանգ բնակչութեան համար, կը գրէ պարբերականը։
Ամերիկեան Կառավարութիւնը Դադրեցուցած է Ականազերծման Ֆինանսաւորումը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ. EURASIANET
