Երանի թէ Յովհաննէս «սարկաւագ» Գումրույան «Մանուկ քհն. Մարգարյանի յիսուն տոլարներուն» պէտք չունենար

Posted on June. 14. 2020

Յովնան Տէրտէրեանի «հոգեւոր ծառայութեան» 40-ամեակի առթիւ.

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւUSA Armenian Lifeի

Այդ ի՜նչ գովասանական խօսքեր գրած է Յովհաննէս «սարկաւագ» Գումրույան իր վերակացու՝ Մանուկ քհն. Մարգարյանի զինակից Յովնան արք. Տէրտէրեանի մասին։
Երանի թէ այդ շինծու յօդուածին մէջ նշուած բոլոր արաքինութիւնները իսկապէս կարելի ըլլար վերագրել Տէրտէրեանին:
Բայց, ներողութիւն, կարեւոր չէ, որ իր գրածները ճշմարտութեան չհամապատասխանեն: Չէ՞ որ Տէրտէրեան իր միւս զինակից Սինան Սինանեանի միջոցով Յովհաննէս «սարկաւագ» Գումրույանին տեղաւորած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն ներս՝ որպէս «ուսուցիչ»:
Հոգ չէ, թէ «ուսուցիչ» Գումրույան իր անպատկառ վարուելակերպով, դպրոցի մակարդակին անկում պատճառէ:
Իրականութեան մէջ այդ ալ նպատակայարմար է թէ՛ Սինանեանին, եւ թէՀԲԸՄ-ի մէնատէր Պերճ Սեդրակեանին համար: Գումրույանի նման վատորակ եւ անբարոյ «ուսուցիչներու» միջոցով է, որ կրնան ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը արհեստականօրէն պակսեցնել, որպէսզի «մի գեղեցիկ օր» Սինանեանն ու Սեդրակեանը «աշակերտութեան թիւի պակսեցման պատճառով» դպրոցի փակումը յայտարարեն: Տէրտէրեանի եւ Գարեգին Բ-ի մօտիկ ընկերներ Սինանեանն ու Սեդրակեանը նոյնը չըրի՞ն Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն վարժարանի պարագային, անցեալ տարուայ աւարտին՝ աւելի քան հարիւր յիսուն հայ աշակերտներ անտուն թողելով: Զանոնք զրկելով հայակերտման դարբնոց՝ Հայ Դպրոցէն։ Քար ու քանդ ընելով ապագայ հայ ընտանիքներու կազմաւորման ենթահող՝ Հայ Դպրոցը։ Բնաջնջելով Հայկական Սփիւռքի միջնաբերդը զօրացնող անառիկ բերդերէն մին՝ Հայ Դպրոցը։
Տէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի, Սինանեանի եւ Սեդրակեանի մօտիկ ընկեր, Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) մէնատէր Էտմոն Ազատեան նոյնը չըրա՞ւ Հոլիուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի պարագային՝ աւելի քան երեք-չորս հարիւր հայ աշակերտներ անտուն թողելով: Բայց իրենց ագահութիւնը զիրենք այնքա՜ն կուրցուցած էր երբ ախորժակները սրած՝ դպրոցին անշարժ կալւածները հաշուեյարդարի ենթարկեցին իրենց գրապաններուն համար:
Մինչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փլուզման եզրին ըլլալով՝ ետդարձ կ՛ապրի գրեթէ ամենուրեք, սկսած՝ Գարեգին Բ-ի Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն մինչեւ Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմ, մեր երջանիկ արարածները, իրենց խորտակուող նաւէն ներս, «քէֆ» է, որ կ՛ընեն:
Հոգ չէ, թէ աւելի քան 93 տարուայ պատմութեան մէջ, այս՛օր Արեւմտեան Թեմը ամենէ տժգոյն եւ անփառունակ վիճակի մէջն է, որ կը գտնուի:
Տասնամեակներու երկայնքին, բազմահազար թեմական անդամներու նուիրուածութեան շնորհիւ այն հրաշալի արդիւնքը, որ ձեռք բերուած է, Տէրտէրեանն ու իր կողմնակիցները անարդարացի կերպով կը վերագրեն իրենց «աշխուժութեան» եւ «աշխատասիրութեան»:
Բազմաթիւ եկեղեցական ծուխեր տարբեր քաղաքներու մէջ կը բողոքեն, որ Տէրտէրեան եւ իր կցորդները մտովի եւ սիստեմատիկօրէն կը տկարացնեն Արեւմտեան Թեմի հովանիին տակ գործող բոլոր եկեղեցիները:
Այսպէս: Այնքա՜ն ձեռնարկներ կազմակերպել Արեւմտեան Թեմէն ներս եւ ձրի տոմսերով ներքաշել տարբեր եկեղեցական ծուխերու (մասնաճիւղերու) անդամներ, որ շրջաններու եկեղեցիներէ ներս աշխուժութիւնը վերանայ եւ առողջ եկեղեցիները անդամ կորսնցնեն եւ, ի վերջոյ՝ ոչ գործունեայ դառնան: Եւ օր մը թեմական առաջնորդը կարենայ արդարացնել եկեղեցւոյ անշարժ կալուածներու վաճառքը եւ գումարներու անյայտացումը՝ առանց հաշուետւողականութեան եւ թափանցիկութեան:
Կը յիշէ՞ք՝ այս գործելաձեւը մաս կը կազմէ Գարեգին Բ-Յովնան Տէրտէրեան-Մոսկուայի առաջնորդ՝ Գարեգին Բ-ի արիւնակից եղբայր՝ Եզրասի միջազգային «Քարթել»ի Խոշոր Ծրագրին, որ միտուած է Սփիւռքը քանդելու եւ կողոպտելու:
Լիբանանի մէջ վերջերս, թրքական հակահայ բանաւոր յարձակումները արտացոլումն են Թուրքիոյ կողմէ մշակուած եւ հետապնդուած հայկական Սփիւռքը տակարացնելու քաղաքականութեան։ Եւ մերօրեայ դաւաճանական հինգերրորդ սիւնը կամայ-ակամայ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին թիկունք՛էն կը հարուածէ սփիւռքեան հայ դպրոցները եւ եկեղեցիները ներսէն քանդելով։
Երկու առաջ էր որ ողջ աշխարհի հայութիւնը ցնցուած էր լսելով հայատեաց նեո-օսմանցի թուրք Մունիր Հասանի Լիբանանի մէջ հնչեցուած հայատեաց խօսքերը որով ան կը սպառնայ «մորթել հայերուն Պուրճ Համուտի մէջ», ըսելով «Ես հպարտ եմ որ ձեր նման հայերու դէմ օսմանցի թուրք իմ մեծ հայրերս ջարդ գործած են որովհետեւ դուք հայերդ արժանի էք բնաջնջուելու»:
Այս աշխարհի Գումրույանները, հասանները եւ «լոռեցիները» պարտաւոր են գիտակցելու որ որքան ալ գովասանական յօդուածներ գրեն անարժան յովնաններու մասին, նոյնն է։ Զարթօնք ապրող աշխարհի հայութիւնը մերժելով մերժելու է այդպիսի երեւոյթներ։

Ո՜վ լրնայ անտեսել հայազգի Զօրավար Գարեգին Նժդեհի հռչակաւոր եւ իմաս-տուն խօսքը թէ՝ «Մեր դժբախտությունն այն չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ այն, որ կան թուրքանման հայեր»։
1918-1920-ի անկախ Հայաստանի թիկունքէն հարուածողները չէի՞ն այդ «թուրքանման հայերը»։
Նորօրեայ «թուրքանման հայերը» չե՞ն որ մեղրալուսնային յարաբերութեան մէջ մտած են հայատեաց թրքական «Գորշ Գայլերու» հետ որոնք բազմաթիւ հայ գրողներու եւ ազգասէր հոգեւորականներու սպանած են։ Գարեգին Բ չմեղսակցեցա՞ւ թրքական «Գորշ Գայլերու» հետ Կուստանթնուպոլսոյ պատրիարք Մութաֆեանին թունաւորելու մէջ։
Գարեգին Բ, Յովանան Վահրամ Տէրտէրեան, Պերճ Սեդրակեան, Սինան Սինանեան, Ժոզէֆ Կանիմեան, Արամ Աթէշեան, Էտմոն Ազատեան, Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսյան, Հայաստանի նախկին արտգործ նախարար եդուարդ Նալպանտեան, Թուրքիոյ նախկին արտգործ նախարար Ահմետ Տաւուտօղլու, նեո-օսմանցի ոուրք նախագահ Էրտօղան եւ թրքական «Գորշ Գայլերը» չմեղսակցեցա՞ն տխրահռչակ հակահայ Թրքական Արձանագրութ-իւնները (Turkish Protocols) առաջ քշելու մէջ։
Նոյն այս «քարթելը» չմեղսակցեցա՞ւ հայոց բանակը տկարացնելու մէջ։ Չե՞ն մեղսակցիր հայոց հաւատքի կեդրոն՝ Հայ Եկեղեցին փլուզման առաջնորդելու մէջ։
Վերադառնալով Գումրույան «սարկաւագի» գովասանական «պսպղուն» յօդուածին՝ պէտք է յիշեցնել իրեն եւ իր վերակացուներուն, թէ տխուր իրականութիւնն այն է, որ այն բոլորը, որ տասնամեակներու երկայնքին կերտուած են Արեւմտեան Թեմէն ներս, այսօր ենթակայ են փլուզման մեր օրուան հերոս՝ Տէրտէրեանին եւ իր աշխարհական կցորդներուն իսկ պատճառով:
Այդ աշխարհական մեղսակիցներու շարքին են Յովսէփ Կանիմեանի նման պր. Տանձիկեաններ եւ Արաքսիներու, Մարկրիթներու, Ֆլօրաներու, Այլիններու, Ատրիէններու նման տիկին Տանձիկեաններ, որոնք իրենք իրենց պապէն աւելի պապական հովեր կուտան: (Կարդացէ՛ք Տիկ. Տանձիկեանի մասին՝ «ՀՐԱՇՔ ՏԻԿԻՆԸ՝ ՏԻԿԻՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ» յօդուածը այստեղ՝
http://www.armenianlife.com/2020/06/04/%d5%b0%d6%80%d5%a1%d5%b7%d6%84-%d5%bf%d5%ab%d5%af%d5%ab%d5%b6%d5%a8%d5%9d-%d5%bf%d5%ab%d5%af%d5%ab%d5%b6-%d5%bf%d5%a1%d5%b6%d5%b1%d5%ab%d5%af%d5%a5%d5%a1%d5%b6/
Այս բոլորին ի տես՝ թեմի կրօնական դասի լռութիւնն ալ խլացուցիչ է շատերուս համար: Այս բազմաթիւ քահանաները այդքա՞ն ստրկացած են, որ ստիպուած են հեռու կենալ ճշմարտախօսութենէ:
Ի՞նչ հոգեւոր ծառայութիւն, երբ քահանաները, որոնք ստանձնած են Աստուածաշունչի տասը պատուիրանները քարոզել եւ գործադրել, այսօր մեղսակից լռութիւն կը պահպանեն: Այս մարդիկ, գիշերները ինչպէ՞ս կրնան քնանալ, երբ իրե՛նք ալ իրենց հերթին, իրենց հոգեւորականի կոչումն ու առաքելութիւնը խեղդամահ կ’ընեն:
Աւելի լաւ չէ՞, որ ճակատաբաց բարձրաձայնեն իրենց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին արդարացի բողոքները, նոյնիսկ եթէ իրենց պաշտօնները կորսնցնեն:
Թող նային Տաթեւ աւագ քհն.Թաթուլեանին եւ անոր ազնուական, քաջասիրտ եւ ազնուամիտ օրինակին հետեւին միշտ ամուռ կանգնելով առողջ սկզբունքներու վրայ:


Թող իրենց կապերը կարելի եղածին չափ շուտ խզեն սեփական ժողովուրդին կողոպտող յովնաններէն, պատմական Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Անիի բանալիները քառասուն ոսկիի դիմաց վաճառող տխրահռչակ Գետադարձ դավաճան կաթողիկոսին յաջորդող, գեղարդագող գարեգին բերէն, Գարեգին Բ-ի արիւնակից եղբայր՝ մանկապիղծ Մոսկուայի եզրասներէն, «բենթլիասէր» եւ միլիոնաւոր տոլարներու ապօրինի իւրացմամբ զբաղուող նաւասարդ կճոյաններէն:

Ներկայ անփառունակ վիճակին պատճառով, եկեղեցւոյ բազմաթիւ անդամներ եւ նուիրատուներ ետ կը կենան նուիրատւութիւն կատարելէ եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Մանուկ քհն. Մարգարյանի գրեթէ բոլոր նախաձեռնութիւններուն մասնակցելէ: Հանդիսասրահ-ները լեցնելու համար Տէրտրէեանի կցորդները յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան աջին-ձախին ձրի տոմս բաշխելու:
Այս բոլորը անտեսելով՝ Յովհաննէս «սարկաւագ» Գումրույան իբրեւ թէ «ուրախ» եւ «գոհունակ» է Տէրտէրեանի քառասնամեայ «հոգեւոր ծառայութեան» համար այդ անհիմն եւ ստապատիր, երկարա-պատում, շողոքորթող յօդուածը գրած ըլլալու համար: Ի՞նչ խիղճով:
Արդէօ՞ք Յովհաննէս «սարկաւագ» Գումրույան իսկապէս կը հաւատայ իր գրածներուն ճշմարտացիութեան, թէ՞ պարզապէս պատուէր մըն է, որ կը կատարէ:
Գումրույան բազմիցս գանգատած է համայնքէն ներս՝ ըսելով, թէ «Յիսուն տոլարի համար, Մանուկ քհն Մարգարյանը ինծի շան մը պէս հոս-հոն կը քաշքշէ, կը տանի մեռելներու թաղումին «Տէր Ողորմիա» երգեցնելու համար»:
Արդէօ՞ք այս նորագոյն «ստեղծագործութեան» առթիւ ալ Մարգարյան Գումրույանին յիսուննոց մը եւս տուած է, որ այսպէս աներեսաբար անտեսէ Յովնան Վահրամ Տէրտէրեանի անցեալ քառասուն տարուայ երկայնքին բազում ապաբարոյական արարքները, բազմաշերտ ստախօսութիւններն ու զեղծարարութիւնները, Մարգարյանի հետ խոշոր գումարներու գողութիւնները եւ մասամբ նորին:
Երանի թէ որեւէ անձ այպիսի յօդուած մը գրած ըլլար իսկապէս արժանի հոգեւորականի մը մասին, եւ բոլորս ալ ուրախանայինք եւ ցնծութիւն ապրէինք այդպիսի նուիրուած թեմական առաջնորդի մը գոյութեան համար։
Երանի թէ, Տէրտէրեան առաջին մէկ օրէն, կուսակրօնութեան իր իսկ խոստումը խախտած չըլլար՝ մասնակից ըլլալով ապօրինի սեռային յարաբերութեանց մէջ եւ 1970ականներու սկիզբին վտարուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն։
Երանի թէ, որպէս կուսակրօն քահանայ, իր անունը յայտնուած չըլլար գարեգինապաշտ, կնամոլական, մանկապղծական կամ միասեռական եպիսկոպոսներու ցանկին մէջ։
Երանի թէ Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներու դէմ կողոպտումի արարքներու չդիմած չըլլար եւ Արեւմտեան Թեմը ամերիկեան դատարաններէ ներս խայտառակած չըլլար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *