Երեք կապիկները

Posted on June. 14. 2020

«Հունիս 5-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում-քննարկում ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու հետ։
…Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնաւորապէս ըսած է. «Սիրով, խաղաղութեամբ, համբերատա-րութեամբ, միմյանց հանդէպ բարի ու հոգատար վերաբերմունքով միայն մենք ի զօրու կ՛ըլլանք հզօր պահիլ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը, զօրացնիլ մեր պետականութիւնը, առաջընթացի նոր ուղիներով առաջնորդիլ երկիր հայրենին։ Այս առումով մենք ցաւով կ՛անդրադառնանք հայրենական մեր կեանքի մէջ, ի մասնաւորի նաեւ համացանցի տիրոյթէն ներս, հաստատուած անցանկալի մթնոլորտին, ուր սփռուած են վիրաւորանք ու թշնամանք, կը ոտնահարուին արժէք ու սրբութիւն։ Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ. «Հակառակութիւնն ատելութիւն կը գրգռէ, բայց սերը կը ծածկէ ամէն մի ներհակութիւն» (Առակ. 10.12):
Իսկապէս, որքան ճիշդ կ՛ըսէ մեր ազգի ծայրապետը, երբ կը մէջբերէ Սուրբ Գրքէն։ Իր համար Սուրբգրային մէջբերումները կը վերաբերին միայն ու միայն այն «անբարեխիղճ» մարդոց, «համացանցի տիրոյթէն ներս հաստատուած անցանկալի մթնոլորտին, ուր սփռուած են վիրաւորանք ու թշնամանք, կը ոտնահարուին արժէք ու սրբութիւն»։
Բայց մեզի համար յստակ չէ, թէ ի՞նչ սրբութեան մասին է խօսքը։ Ինչու սրբութիւն մնացա՞ծ է մեր ազգի Սրբութիւն Սրբոցի մէջ, էն օրուանից, երբ գարեգին կտրիճ ներսիսեանը զաւթեց Ս. Լուսաւորչի գահը։
Ա՜յ մարդ, դու վերջինը պիտի ըլլաս սրբութեան մասին արտայայտուողը։ Դու ո՜ւր, սրբութինը՝ ո՜ւր։ Տիեզերքը որքան հեռու է արեւէն, դու նոյնքան հեռու ես սրբութենէն։
Կ՛ըսես. «Հակառակութիւնն ատելութիւն կը գրգռէ»։ Այո՛, շատ ճիշդ։ Սակայն, երեւի յիշողութեանդ հետ լուրջ հարցեր ունիս, երբ մոռացութեան կուտաս կռուամարտիկ քո դիւանապետ Արշակին, Կռուազան Ասողիկին ու Մաղաքեային եւ ուրիշներուն։
Կը խօսիս սրբութեան մասին ու կոյր, խուլ ու համր կը ձեւանաս՝ ի տես շուրջդ բոլորուած միասեռական միաբաններով։
Սրբութիւն կը յորջորջաս՝ առանց հայելու մէջ նայելու, ինքնաքննութեան ենթարկելու պիղծ անձդ։
Ու հաւատա, «որ սերը (չի) ծածկէ ամէն մի ներհակութիւն» (Առակ. 10.12):

Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *