ԳՐԵՑ՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Շաբլօն, երկարապատում բառակոյտեր: Սակայն մէկ նորութիւն, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց. այն է, որ յօդուածի հեղինակները ձեւով մը կ՛ընդունին, թէ Եկեղեցին պէտք է եթէ ոչ ենթարկուի, գոնէ նեցուկ կանգնի հայկական պե-տականութեան: Սակայն մի՞թէ այդպէս է այսօր: Ասոր տակը կը տեսնենք վտանգ մը, որ հետեւեալն է.- ՀՀ քաղաքացի գարեգին կտրիճ ներսիսյան շատ լաւ գիտէր,, թէ ինչ պիտի գար Տոտի Կակոյին գլխուն, որու հետ ինք եւս աղտոտ յարաբերութիւններ մշակած է տասնամեակներէ ի վեր: Մեր կարծիքով, կրնանք նոյնիսկ ըսել՝ համոզումով, ան ցուցում տուած է Էտմոն Կոտալազեան կոչուած գաճաճին՝ Վսեմաշուք Վարչապետի Նիկոլ Փաշինեանին հաճոյացող խմբագրական մը գրել:
Անշուշտ, այս բաւարար չէ հաճոյանալու համար: Հաւանաբար հերթական մուծումը կատարէ Տիկին Աննա Յակոբեանի հիմնադրամին՝ ՀՀ Վսեմաշուք Վարչապետի Նիկոլ Փաշինեանին որոշ ատեն մը եւս «իր նկատմամբ բարեհաճ պահելու համար»:
Ինչ ալ ըլլայ, վերջը այս ստահակ գարեգին կտրիչի նկատմամբ հաշուեյարդար տեղի պիտի ունենայ, անշուշտ եթէ ՀՀ կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պրն. Փաշինեանի, հաւատարիմ մնայ իր սկզբունքներուն:
Այլապէս, գարեգին կտրիճ ու անոր մանկլաւիկները, իրենց սադայէլական խրախճանքը կը շարունակեն՝ հոգ չէ թէ Մայր Աթոռին վարկը ինչքան վար աստիճանի կը հասնի:
Իրենց «խմբագրական»ին մէջ, յարգելի խմբագիրները ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեն երկու պարագայ։
Ա. «Օրինակ, Ռուսաստանի մէջ եկեղեցին ունի քաղաքական լուրջ հեղինակութիւն. այդ պատճառով է, որ Քա Կէ Պէ-ի շարքերուն մէջ հասունցած նախագահ Փութին այնքան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ: Սովետի փլուզումէն ետք, Ռուսաստանի պետութիւնը վերականգնեց Մոսկուայի սիրտին վրայ եղող հզօր տաճարը, որ սովետի շրջանին քանդուած էր:
Բ. Վրաստանի մէջ Իլիա Բ պատրիարքը նշանակալից դեր կատարեց Իվանաշվիլիի Վրացական Երազ կուսակցութեան յաղթանակին մէջ, Սաակաշվիլիի անկումէն ետք»:
Ռուսաստանի պարագային, Ռուսաց եկեղեցին իրապէս ունի քաղաքական լուրջ հեղինակութիւն. ու ահա այդ պատճառով էր, որ Ռուսաց պատրիարքը մերժելով մերժեց աղանդաւորական որեւէ շարժում երկրէն ներս, այն պահուն, երբ ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան Մորմոնները հրաւիրեց Հայաստան, օրհնութեամբ ամենայն վայոց ծայրապետ՝ գարեգին բ-ի։
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են գարեգին ծայրապետի Վրաստան այցելութիւն ու անտեղ խայտարակուած ըլլալու հանգամանքը, Իլիա Բ պատրիարքի կողմէ։
Շարունակելով իրեց «ձաբռտուքները», կ՛աւելցնեն.
«Եթէ սովետները գիտէին եկեղեցւոյ հեղինակութեան արժէքը եւ եթէ սփիւռքի մէջ քաղաքական կուսակցութիւն մը գիտէ, իր հաշուոյն ծառայեցնել եկեղեցին, հետեւորդներ ապահովելու եւ իր նիւթական աղբիւրները ստեղծելու, ուրեմն հասկնալի պիտի ըլլայ Հայաստանի պետութեան համար այդ տուեալներով մօտենալու եկեղեցւոյ եւ զայն օգտագործելու (եւ ոչ` չարաշահելու) ի նպաստ հայրենիքին»:
Այս անգամ լռելեայն, դարձեալ 1956, դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հեղինակութեան վարկաբեկում։
Այստեղ կ՛արժէ դարձեալ յիշեցնել քաղաքականապէս սնանկացած ՌԱԿէն վտարուած մեր հերոսներուն, որ, եթէ 1956-ին ձեզի վստահուած ըլլար ճակատագիրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր աթոռին, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար ոչ Անթիլիասը եւ ոչ ալ հոգեւոր ծառայութեան լծուած կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը։
«Որքան ալ պետութիւն-եկեղեցի անջատ ըլլան սկզբունքային կերպով, ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի չունենան հեղինակութիւն միջամտելու եկեղեցւոյ գործերուն եւ վերջ տալու անմիաբանութեան: Եթէ կ՚ուզէք այս հարցումին պատասխանը, այն է, թէ երեք տասնամեակէ ի վեր ոչ մէկ նախագահ հոգ ըրած է հասկնալու, թէ ի՛նչ են պատճառները բաժանման, որպէսզի մտածեն, թէ ուրկէ՞ սկսին միացման գործընթացը»:
Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները, առաւել եւս ժողովուրդը վերջին «երեք տասնամեակին հոգ չեն ըրած հասկնալու բաժանման պատճառները», դուք որ հասկցած ըլլալ կը թուիք, ի՞նչ ըրած էք, բացի պոռոտախօսութենէն։
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի կարգ մը երկիրներուն մէջ յառաջացած եկեղեցական բաժանմունքին, անոր պատասխանատուները ոչ սովետներն էին, ոչ Դաշնակցութիւնը, այլ դուք Ռամկավար, Հնչակեան, Համայնավար ու ՀԲԸՄ, որոնց այս տողերը գրողս, 1956-էն ի վեր վերամկրտած է Հայ Բարեգործական Միութիւն, ջնջելով ընդհանուրը, եւ անոր պատճառները դո՛ւք Ռամկավարներդ ուրիշներէն աւելի լաւ գիտէք։ Ձեր իսկ չարամիտ նպատակներով, ՀԲԸՄը վերածեցիք Ռամկավարներու Բարիգործական Միութեան, զրկելով Ազգային վարժարան յաճախող մատղաշ սերունդի զաւակները տարրական սնունդէն։ Ամօ՜թ ձեզի։
Եկեղեցական միութիւն կ՚ուզէ՞ք, դադրեցէք ատելութիւն սերմանելէ։
Եկեղեցական միութիւն կ՚ուզէ՞ք, պատրաստեցէք ձեր համակիրները։
Եկեղեցական միութիւն կ՚ուզէ՞ք, յարգեցէք դիմացինը։
Սակայն ոչ, ձեր մօտ միութիւն կոչուածը լոզունք է միայն։ Տակաւին դուք հասունացած չէք։ Դուք տակաւին կ՛ապրիք 1933-ի մղձաւանջով։
«Եկեղեցւոյ միութեամբ պիտի զօրանան այդ եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցները, բոլոր նուիրապետական աթոռները: Եւ ամէն մէկ աթոռի ոյժը, հեղինակութիւնը եւ հարստութիւնը հաւասարապէս պիտի տարածուին բոլորին վրայ: Օրինակ, Արամ Կաթողիկոս բարոյական հսկայ դրամագլուխ մըն է հայ եկեղեցւոյ համար, ինչպէս պարզուեցաւ 2015ին Հռոմի մէջ. ինչո՞ւ այդ դրամագլուխը սահմանել միակ աթոռի մը: Այլ արժէքներ եւս կարելի է օգտագործել համայն եկեղեցւոյ շահուն համար»:
Ուրեմն, յարգելի պարոնայք, ըստ երեւոյթին քաջածանօթ էք, եւ կ՚ընդունիք, որ «Արամ Կաթողիկոս բարոյական հսկայ դրամագլուխ մըն է հայ եկեղեցւոյ համար»: Իսկ ձեր սիրեցեալ կաթողիկոսը գարեգին բ ինչպիսի՞ արժանիքներ ունի, որուն կուրօրէն կը պաշտպանէք:
«Եկեղեցւոյ միացումը, վերին հեղինակութեան մը ամրացումը, ինչպէս նաեւ պետական հակակշռի ներազդեցութիւնը միայն դժգոհ պիտի չթողուն Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պետութիւնները. դժգոհ պիտի մնան նաեւ կարգ մը եկեղեցականներ, որոնք օգտուելով եկեղեցւոյ բաժանումէն գտած են իրենց տաք անկիւնները եւ հաստատած են առանձին իշխանապետութիւններ»:
Այս մէկին մէջ իրաւունք ունիք։ Պէտք է արդար ըլլալ։ Պիտի խնդրէինք, որ ձեր յաջորդ խմբագրականով, նշէիք անունները այն եկեղեցականներուն, որոնք «հաստատած են առանձին իշխանապետութիւններ»: Որուն համար երախտապարտ պիտի ըլլանք ձեզի։
Զգաստացէք պարոնայք, դուք մէկ նալին կը զարնէք, մէկ ալ քամին։
Ժամանակը եկած է, որ հրապարակէն հեռանաք ու տեղ տակ խելահաս մարդկանց։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Յ.Գ. Յոյս ունիմ, որ ձեզ հետ երբէք խօսելու չեմ «Եղիվարդ»եան ոճով։
Նոյն
