Իր ընտրութեան առաջին իսկ օրէն եղած շինիչ քննադատութիւնները պատճառ չեղան, որ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը իր հրաժարականը տայ ու հեռանայ Մայր Աթոռէն։
Եթէ վերջին երկու տարիներուն «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Շարժումի կազմակերպած ցոյցերը, վեհարան մուտքը, կաթողիկոսին տրուած հրաւէրը, որ «դուրս ելիր, քեզի հետ խօսելիք ունինք»ը, չի տուին սպասուած արդիւնքը ու ինքնահաւան կաթողիկոսը` առանց իսկ հերքելու իր անձին հանդէպ եղած բանաւոր, թէ գրաւոր ամբաստանութիւնները, փուշի վրայ նստած, տակաւին կը գրաւէ Մայր Աթոռի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահը։

Իր դուստրին գոյութիւնը ուրացող։ Իր շուրջ համախմբուած միասեռական հոգեւորականներու ներկայութիւնը անտեսող։ Իր սիրային յարաբերութիւնները վերագրելով որպէս մայր ու զաւակի մը միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական վիճակի։
Եթէ այս եւ տակաւին շատ մը հաստատուած ու արձանագրուած փաստեր բաւարար չնկատուեցան իրեն եւ իր աղբիւրէն ջուր խմողներուն, որպէսզի վերջ տրուի վերջին քսանամեակին Մայր Աթոռէն ներս տեղի ունեցող գայթակղութիւններուն, ոտնձգութիւններուն, քմահաճոյքներուն, եկեղեցական կանոնական իրաւունքները զաւթելուն ու խախտելուն, ապօրինի հարստութիւն դիզելուն, Վրաստանի պատրիարքէն խայտառակուելուն, եկէք ուրեմն թարմացնենք մեր միտքերը, մէջբերումովը յօդուածի մը, որ գրի առնուած էր Պէյրութ. 30 Յուլիս 2018-ին, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի կողմէ։
Յարգելի յօդուածագիրը կը գրէր.- «Հայաստանի մէջ ներկայիս մղուող ժողովրդային ըմբոստութիւնը Ս. Էջմիածնի գահակալի անձին դէմ՝ հիմնովին տարբեր է, 20-րդ դարի կէսերուն, ցուրտ պատերազմի թէժ օրերու այն միջազգային, իմփերիալիստական անարդար պատերազմէն, որ կը մղուէր Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռին դէմ…»։ Ու կ՛աւելցնէ.-
«1. Այս շարժումը ժողովրդային տարերային արդարացի պոռթկում մըն է Ս. Էջմիածնի գահակալի անձին դէմ, եւ ոչ թէ՝ Ս. Աթոռին։ Ընդհակառակը՝ Ս. Աթոռի հեղինակութեան անեղծ պահպանումը կը պահանջէ զայն նսեմացնող գահակալին անկէ հեռացումը՝ անոր գահընկէցութեամբ։ Եւ՝ բնա՛ւ կապ չունի օտար մութ ուժերու կարծեցեալ միջամտութեան մը հետ։ Տողերուս հեղինակին արթուն բարեկամ՝ Դոկտ. Գէորգ Եազըճեանի ներկայութիւնը այս շարժումին մէջ, ի սպառ կը չքացնէ ամէն կասկած այդ ուղղութեամբ։
- Այս շարժումը՝ անսպասելի չէր, այլ՝ շա՜տ ուշացած…։ Վերջին տասնամեակին ընթացքին, բազմապատկուած էին ներկայ գահակալին ոչ միայն նսեմացուցիչ արարքները, այլեւ՝ մամուլին մէջ յաճախակի դարձած էին այդ արարքները քննադատող ու մերկացնող գրութիւնները, ըլլայ աշխարհական եւ ըլլայ հոգեւորական շրջանակներու կողմէ, որոնց ամէնէն ականաւոր ու հետեւողական դէմքը եղաւ Անթիլիասի նախկին վանականներէն Ոսկան Մխիթարեանը։ Միւս կողմէ՝ երկրին իշխող օլիգարխիկ համակարգին ապազգային աւազակապետութեան դէմ ըմբոստացումը կ՚արտայայտուէր մամուլին մէջ եւ մարտի կոչեր կ՚արձակուէին անոր դէմ։ Իսկ ներկայ գահակալը հլու-հնազանդ գործընկերը դարձած էր այդ համակարգին։ Եւ երբ իրականացաւ Փաշինեանի յեղաշրջումը այդ համակարգին դէմ, շատ բնականօրէն, ներկայ գահակալին դէմ ըմբոստացողները բարձրացուցին՝ «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» պաստառը։
- Արդարեւ, Ս. Աթոռի ներկայ գահակալը՝ բացի Ս. Աթոռը նսեմացնող իր անվայել վարք ու բարքէն, նոյնացած էր հին համակարգի իշխանաւորներուն հետ, եւ՝ Յակոբ Պարոնեանի բառերով, «կոյր ու մունջ վասակ»ի ձեռնպահ դիրքը բռնած էր` մեղսակցելով հին համակարգի օլիգարխ-ներու գործած բոլոր ոճիրներուն, բռնարարքներուն ու թալաններուն. եւ որպէս մեր Ազգային Եկեղեցիի Հայրապետը, չէր միջամտած անոնց, կանխարգիլելու համար երկրին հայաթափումը, թալանումն ու ժողովուրդին վայրագ կեղեքումը։ Ուրեմն, հիմա՝ այդ ազգաքանդ համակարգին հեռացումին պէտք է ընկերանար Ս. Աթոռը նսեմացնող գահակալին հեռացումը»։
Յարգելի հեղինակը շարունակելով իր մտածումը, կը գրէ.
«6. Այս տողերուն հեղինակը՝ ականատես եւ ականջալուր վկան եղած է, 2002 թուին, Ս. Էջմիածնի մէջ՝ Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւններ նիւթին շուրջ կայացած իրաւաբաններու միջազգային գիտաժողովի ընթացքին, ներկայ գահակալին անվայել ընթացքին եւ արտառոց ելոյթին…։ Գիտաժողովին կը մասնակցէին ոչ միայն Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն աշխարհական իրաւաբաններ, այլեւ՝ Լուտերական, Անկլիքան եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն գործուղած հոգեւորական իրաւագէտները, որոնք խորին ակնածանքով կը մօտենային Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին, որպէս քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ճանչցող պատ-մութեան առաջին ժողովուրդին Վատիկանը…։ Սակայն, Քոփէն-հակէնէն լուտերական Վերա-պատուելի Մայքըլ Ուեսթը, Փարիզէն կաթոլիկ Հայր Լիւք Փերրէնը եւ Լոնտոնէն անկլիքան Արք.Ուիլիըմ Կորտընը նոյն ակնածանքը չկրցան ունենալ Մայր Աթոռի գահակալին հանդէպ գիտաժողովի աւար-տին, երբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը մասնակիցներուն եւ գահակա-լին միջեւ Ս. Աթոռի Վեհարանին մէջ, ուր որոշեալ ժամուն ներկայ էինք բոլորս, անհամբերացած՝ լսելու Հայց. Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրապետին ողջերթի խօսքը։ Բայց գահակալը չէր գար։ Գիտաժողովի վարիչը՝ այժմ վախճանեալ Շահէ Արք. Աճէմեան, շարունակ կ՚երթեւեկէր ներկաներուն եւ Վեհարանի խորքի մեծ դռան միջեւ, եւ գահակալը կ՚ուշանար։ Մօտ 25 վայրկեան ետք, խորքի դուռը բացուեցաւ, գահակալը դուրս եկաւ եւ հանդիսաւոր ու յամրաքայլ յառաջացաւ դէպի ներկաները, Շահէ Արք.ի առաջնորդութեամբ, որ իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ յայտնեց նաեւ, թէ ինք գահակալին խօսքը՝հիւրերուն համար պիտի թարգմանէր անգլերէնի, եւ հրաւիրեց գահակալը։ Ասիկա իր տարտամ, կցկտուր եւ շտապողական ուղերձին մէջ գործածեց անվայել եւ արտառոց բառապաշար, զորս, բարեբախտաբար, Շահէ Արք. կը յղկէր, կը տաշէր, առաւել իմաստալից ու հայրապետավայել կը դարձնէր՝ թարգմանութեան ընթացքին։ Օրինակի համար, վերջին բառերը. «Ես կարճ եմ կապում իմ խօսքը, որպէսզի դուք շտապ գնաք ձեր հեշտանքին…»։ Շահէ Արք. այս բառերը անգլերէնի մէջ վերածեց մօտաւորապէս հետեւեալին. «Ես չեմ ուզեր ձեզ երկար գրաւուած պահել, որպէսզի դուք շուտով կարենաք վերադառնալ ձեր առաքելութեան»։ Ներկաները ջերմօրէն ծափահարեցին։ Բայց ծափահարութեան պատշաճութեան փոքր մասը կ՚երթար Շահէ Արք.ի սրբագրած ու շպարած խօսքին, իսկ ակնածանքի
մեծ բաժինը կ՚երթար Հայց. Եկեղեցւոյ Հայրապետութեան խորհրդանիշ՝ Ս. Էջմիածինին…»։
Ու ասկէ կը հետեւցնէ, որ շա՜տ ուշացած ենք։
Ասոնք սիրելի ընթերցող, ցեխարձակումներ չեն, զրպարտութիւններ չեն։ 27 Հոկտեմբեր 1999-էն ի վեր ինչ որ գրուած է այս անփառունակ չկաթողիկոսին մասին, միայն իրականութեան կը համապատասխանեն։ Մեզի տրուած չէ ցեխարձակումներով, կոյր քննադատութիւններով պախարակել մարդիկը,: Այդ պարտականութիւնը ի սկզբանէ տրուած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգին, որու պատասխանատուն է վարձկան «հոգեւորական» Վահրամ քհնյ. Մելիքեան։
Այո՛, Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը շատ ուշի մնացած է, վաղուց պէտք էր հեռացած ըլլար մեր Ազգի Սրբութիւն Սրբոցէն։ Հարկ չկայ սպասելու Տիրոջ երկրորդ Գալստեան։ Լաւ կ՚ըլլայ, որ հեռանայ՝ առանց խարազանուելու տաճարը մաքրող մեր Տիրոջմէն։
Մենք կուրօրէն չենք դատապարտէր, իսկ կուրօրէն դատապարտողներուն պատգամ մը ունի Մեթր Գ. Տէրտէրեան.-
«Դատապարտողները, եթէ ազատագրուած ըլլային իրենց բնազանցական (մեթաֆիզիք) մտածելակերպէն եւ զատորոշել կարենային՝ գահակալին անձը Ս. Աթոռէն, պիտի գիտակցէին, թէ Ս. Աթոռի պաշտպանութիւնը շատ աւելի վսեմ ու կարեւոր պարտականութիւնն է ամէն հայու համար, քան՝ անձի մը պաշտպանութիւնը, որուն վարք ու բարքին շուրջ կան, առնուազն, վերապահութիւններ եւ կասկածներ։ Եւ եթէ այդ հաւկոյր պաշտպանները լրջօրէն կը սիրէին Ս. Աթոռը…, արդէն մինչեւ հիմա լրջօրէն հետաքրքրուած պիտի ըլլային Ս. Աթոռին իրավիճակով եւ գիտակցած պիտի ըլլային անոր բարենորոգումին անհրաժեշտութեանը եւ՝ ըմբոստացողներուն պիտի թելադրէին չգոհանալ լոկ գահակալին հեռացումով, այլ պահանջել՝ Ս. Աթոռին արմատական բարենորոգումը…»։
Զարթնի՛ր, Հայ Քրիստոնեայ Հաւատացեալ: Զարթնի՛ր…
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Այս վեհափառը ճիշդ նախկին վարչակարգերու հայելին է եւ անոր ճիշդ գործակիցը: Դեռ աւելի առաջ երթալով ըսեմ նաեւ, որ այսպիսի հաւաքականութեան մը (ինծի ինչ, յետոյ ինչ, ու՞մ վէճն ա, ո՞վ էդպէս չի եղել…) այսպսի հոգեւոր հովիւ մը կը վայելէ ունենալ:Այսպիսի «առաջնորդներուն համար մե՛նք ենք մեղաւոր, որովհետեւ մեր նման պատուանդաններու գլխուն վրայ կը նստին անոնց կիսանդրիները: Մի գուցէ ծայրայեղ կը հնչեն խօսքերս, կրնայ ըլլալ, բայց այսպէ՛ս կը մտածեմ եւ միտքս եղածն ալ կը գրեմ առանց բառերը ծամծմելու: