Ծանօթ. Խմբ. – Միայն հոգեզմայլանքով կարելի է կարդալ եւ ըմբոշխնել ներքեւի յօդուածը որ այնքան հարազատութեամբ գրուած է ժընեւաբնակ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի կողմէ: Յօդուածին կեդրոնական դէմքը եւ հերոսը՝ Պօղոս Մութաֆեան թէկուզ ոմանց համար անծանօթ, շատերուս կը յիշեցնէ այն հոյակապ սերունդը որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրումի սերունդին յաջորդելով, դարձաւ փոխանցման սերունդը, որ իր հերթին ճամբան յարդեց յաջորդող՝ իրագործման սերունդներուն: — Աբօ Չափարեան

Երբեմն պարզ թուող մարդիկ այնքան շքեղութիւն, հոգեկանբարոյական այնպիսի՛ բարեմասնութիւններ կը խտացնեն իրենց անձին մէջ, որ անհնար կը դարձնեն իրենց մասին պատշաճ նկարագրութեան մը ամէն փորձ: Արդարեւ, ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ հետեւեալ տողերուն մէջ ներկայացնել այսպիսի անձնաւորութիւն մը, որ գիսաւոր աստղի մը նման պայծառափայլ ճաճանչեց մեր ընտանեաց երկնակամարին վրայ Լիբանանի գեղածիծաղ ափերէն մինչեւ հեռաւոր ԱրեւմուտքիԱմերիկայի Լուիզիանա նահանգը, թողելով իր լուսաւոր հետքը
կեանքին ու գործին առինքնող ծիր կաթինը:
Թէպէտ վերջին ամիսներուն նկատելի էր իր ֆիզիքական ուժերուն նահանջը եւ առողջական վիճակին վատթարացումը, եւ հակառակ անոր, որ ինծի այնպէս կը թուէր, թէ պատրաստ եմ ընդունելու անընդունելին, Պաթոն Ռուժէն հասած գոյժը շանթահար ըրաւ զիս. ոչ եւս է Պօղոս Մութաֆեանը` ամէնուս սիրելի «Խալօ»-ն: Այսպէս կը կոչէինք զինք արա-բերէնի խօսակցական լեզուէն փոխառեալ «խալօ» բառով, որ մօրեղբայր կը նշանակէ, եւ իր մէջ կ’ընդգրկէ փաղաքշական երանգ մը՝ արտայայտելով իրեն նկատմամբ մեր ջերմ սիրոյ եւ յարգանքի երաշխիքը:
Քանի կը յառաջանային օրուան վայրկեաններն ու ժամերը, թեթեւնալու փոխարէն սիրտս հետզհետէ աւելի կը ծանրանար խոր թախիծով մը: Արդեօք տակաւին չէի՞ հաշտուած կեանքի բնական վախճանին՝ մահուան գաղափարին հետ, երբ կրօնական ու իմաստասիրական զանազան վարդապետութիւններ իրենց մտածումներուն եւ վարդապետական տեսութիւններուն հիմնական առանցքը դարձուցած էին զայն՝ մխիթարելով մարդը, թէ աստենականէն ետք կայ անդենական մը, նիւթականէն վեր գոյութիւն ունի հոգեւորն ու յաւիտենականը, կայ կեանք մը մեղքի կործանարար ուժին եւ մահուան դէմ՝ Յիսուս Քրիստոսով իրագործուած Յարութեան մը խորին խորհուրդը:
Միթէ մահը ընդամէնը անցում մը չէ՞ր մարմնաւորէն դէպի հոգեւոր գոյացութիւն, որ այսուհետեւ պայմանաւորուած չէ նիւթով եւ ենթակայ չէ անոր պայմաններուն: Չէ՞ր ուսուցաներ մեր հաւատքը, թէ մարդուն համար տունդարձ մը վերապահուած է, դէպի դրախտ վերադարձ մը, ուրկէ նախապէս ան արտաքսուած էր, վերստին ըլլալու համար Աստուծոյ մերձաւորութեան այն վայրին մէջ, որ երկնից արքայութիւն կամ եդեմական կեանք կը կոչենք:
Արդարեւ, կը մտածէի, որ եթէ ընդհանրապէս գոյութիւն չունենային մահն ու մարդիկ, նաեւ ամբողջ կենդանական աշխարհը ապրէր շարունակ, ապա ի՞նչ պիտի ըլլար Երկիր մոլորակին վիճակը եւ ինչպիսի՞ տեսք մը պիտի ընդունէր կեանքը: Տեղի եւ տարածքի հարց մը պիտի չծագէ՞ր արդեօք, ու միթէ երկիր մոլորակը իր տարողութեան բոլոր սահմաններէն պիտի չյորդէ՞ր վրայ-վրայի կուտակուած անտանելի խճողումներով: Երեւակայենք պահ մը, եթէ երբեք ցայսօր գոյութիւն ունենային այն ամէնը, որ կեանքը յառաջացուցած է՝ նախնադարեան հոյամողէզներէն եւ ալոսաւուրներէն, այդ ամեհի գիշատիչ կամ բուսակեր արարածներէն, մեծ եւ փոքր ծովերու ձուկերէն, երկինքի թռչուններէն, երկրի գազաններէն ու ընտանի կենդանիներէն, սողուններէն ու բազմատեսակ միջատներէն մինչեւ բովանդակ մարդկային ցեղը, ապա ի՞նչ պիտի ըլլար աշխարհիս վիճակը: Կեանքը պիտի չունենա՞ր արդեօք աւելի բիրտ բովանդակութիւն մը, պիտի չդառանա՞ր մեր մթնոլորտը շատ աւելի հեղձուցիչ, ահաւորապէս անհանդուրժող, անգութ եւ ամենագազանաբարոյ օրէնքներու ենթակայ:
Եթէ նոյնիսկ անաստուածութեան վարդապետութեան կամ տեսական սկզբունքներով մերժենք արարող գերագոյն ուժի մը գոյութիւնը, ապա տիեզերքի ներդաշնակութիւնը, կեանքի բնական օրէնքն ու անոր անչափելի խորհուրդը, որ իր աւարտին կը հասնի մահով, ծնունդ ու տեղ տալով նորին, կը վկայէ այն գերահրաշ եւ արարող գոյութեան մասին, զոր կրօնը Աստուած կ’անուանէ: Այս իմաստով, սաղմոսերգուն տիեզերքի գոյութիւնը ներհայեցողաբար Աստուծոյ հոյակերտ ստեղծագործութեան կը վերագրէ, ու զԱյն կը փառաբանէ ըսելով՝ «Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ» (Սաղ. ԺԸ, 1):
Ով ալ որ ըլլայ վերոնշեալ սաղմոսին հեղինակը, Դաւիթ մարգարէն կամ այլ սաղմոսերգու մը, ան Ք.ա. Զ. դարուն տիեզերքի գեղեցկութեան ու անոր կարգաւորութեան, կեանքի եւ մահուան հաշտութեան մէջ զմայլելի ներդաշնակութիւն մը կը տեսնէ, կ’ընկալէ հրաշալի համակարգումի տրամաբանութեան մը առկայութիւնը, որ աշխարհն ու տիեզերքը չի վերածեր քաոսի մը, այլ զայն կ’իմաստաւորէ ոչնչութեան եւ անշունչ գոյութեան միջեւ արարելով կեանք, զարգացման հոլովոյթ եւ ծնունդ:
Սակայն ժամանակի եւ տարածութեան մէջ իւրաքանչիւր ծնունդ միեւնոյն ատեն կը սահմանափակուի անէացումով մը, մարդ արարածի պարագային՝ «հող էիր եւ հող դարձիս» աստուածադիր օրէնքի մը իրականացումով, բայց նաեւ մահուան ընդմէջէն իւրաքանչիւր անձի ապրած հաւատքին շնորհիւ երաշխաւորուած հոգեւոր վերածնունդով: Այսպէս, մարդկութեան համար մահը կը դառնայ ոչ թէ չարաղէտ իրողութիւն մը, այլ գերազանցապէս եւ յիրաւի փրկութիւն մը, առանց որուն ընդհանրապէս գոյութիւնն ու կեանքը գուցէ կը դառնային միօրինակ, նոյնիսկ աննպատակ եւ իմաստազուրկ: Կարելի պիտի ըլլա՞ր գնահատել լոյսը առանց մութի գոյութեան, բարին՝ առանց չարի, իսկ կեանքը՝ առանց մահու:
Միտքս ներխուժող այս եւ նման հարցումներուն պատշաճ պատասխաններն ունենալ կարծելով հանդերձ՝ ինծի ի զուր կը թուէր, թէ պատրաստ էի դիմագրաւելու թերեւս որեւէ մէկուն մահուան գոյժը եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Պօղոս քեռիինը, բայց, տե՛ս, սիրտս կը մերժէր ընդունիլ,– ինչպէս ցարդ բոլոր հարազատներու եւ բարեկամներու պարագային,– նաեւ այս, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս եւ, իսկութեան մէջ, այնքան բնական թուող մահը: Ի վերջոյ, կորուստին պատճառած կոտտացող ցաւը, անդարձ բաժանումի մը պարտաւորեցնող հրաժեշտը, սիրելի անձի մը անվերադարձ մեկնումը, անկախ այն փաստէն, թէ արդէն քանի անգամ ունեցած ես այդ փորձառութիւնը, միեւնոյնն է, յատկապէս հարազատի մը մահուան տխուր առիթով, խորազգած նոյն ցաւն է, միեւնոյն վիշտն է, որ ամբողջապէս կը համակէ սիրտդ ու դառնակոծ արցունք կը քամէ աչքերէդ:
Կեանքիդ մէջ բոլորովին ակամայ կը ստեղծուի պարապ մը, որ երբեմն լեցուն էր բովանդակ ներկայութեամբ, սիրով ու գուրգուրանքով, մարդկային յարաբերութիւններու բոլոր այն արժէքներով, որոնք ցարդ կ’իմաստաւորէին գոյութիւնդ, ապրելաձեւդ, ընկալումներդ, ոճդ, ճաշակդ, խօսքդ ու գործդ, յոյզերդ եւ երջանկութիւնդ, նոյնիսկ ուրախառիթ պահերուն, ընտանեկան սեղաներու շուրջ, ուտելն ու խմելը, երգելն ու կատակելը, կենացներ խօսիլը, անձնական եւ ընտանեկան յարկէն ներս փոխադարձ անուշ բաժակաճառեր արտասանելով՝ քաջառողջութեան, արեւշատութեան, բարօրութեան բարեմաղթանքներ յայտնելը: Ի դէպ, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր այդ տոհմիկ սեղաններուն մնայուն եւ անպակաս հիւրերն էին նաեւ հայոց հայրենիքը՝ իր նորաստեղծ պետութեամբ եւ հերոսական Արցախով, որոնց հասցէին հոգեւին նոյնքան սրտաբուխ մաղթանքներ ու բարի ցանկութիւններ կ’արտայայտուէին՝ յարատեւ շինութեան, խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար: Մէկ խօսքով, մեր հանապազօրեայ կեանքին մէջ այն ամէնը, որոնք կու գան հարստացնելու մեր առօրեան եւ զգացնել մեզի, թէ մա՛րդ ենք եւ հայ՝ մեր յարաբերութիւններով, ընկերային եւ ընտանեկան ամուր կապերով:
Ողբ. Պօղոս Մութաֆեան իր ընտանիքի, հարազատներու եւ բարեկամներու լայն միջավայրին մէջ՝ Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկա, բառին իսկական առումով, ներկայութեա՛ն մարդն էր: Իր կեանքը սկսած էր Լիբանանի ծովափնեայ Ճիպէյլ քաղաքէն, Կիլիկիոյ արծուաբոյն Հաճընէն վտարանդի ընտանիքի մը համեստ յարկին մէջ, ուր ան իր աչքերը լոյսին բացած եւ ստացած էր հայեցի նկարագիր կերտող տոհմիկ կրթութիւն: Հայրը՝ ողբ. Սարգիս Մութաֆեան եղած էր իր կեանքի օրինակելի ուսուցիչը՝ բարեսիրտ եւ բարեգործ, կարեկցող եւ որբախնամ, յարգող եւ յարգուած, զտարիւն հայ, մէկ խօսքով՝ մարդ մը, որ ունէր մաքուր նկարագիր, ունէր բարոյական կեցուածք, միշտ ծառայասէր, բայց ինքնավստահ եւ պատկառազդու ներկայութիւն մը շրջապատին մէջ, որ յարգանք կը պարտադրէր:
Ողբ. Պօղոս Մութաֆեան շարունակեց հօրմէն ստացած աւանդը, կեանքի նիւթապէս դժուար պայմաններու մէջ բարձրացուց ընտանիքին անունն ու պատիւը անձնդիր աշխատանքով եւ հայ հասարակութեան ծառայելու համակ նուիրումով: Ընտանիքը աւանդաբար հնչակեան էր, թերեւս անմահանուն Ժիրայրի (Մարտիրոս Պոյաճեան) Հաճընի մէջ ծաւալած կուսակցական քարոզչութեան օրերէն: «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը, սուլթանական բռնակալութենէն ազատագրուելու յեղափոխական պայքարը, ազատ ու անկախ Հայաստան մը կերտելու իրաւունքը միս եւ արիւն դարձած էին ընտանիքի հաւաքական համոզումներուն մէջ:
Կուսակցական ըլլալը սփիւռքահայ ինքնութեան, անոր վառ հայրե-նասիրութեան բաղկացուցիչ եւ էական մասը կը կազմէր: Ծառայել մին կամ միւս հայաշունչ կուսակցութեան, թէկուզ օտար երկինքներու տակ, նուիրական պարտք մը գոհացնելու գիտակից որոշումն էր շատերուն, նկարագրային կեցուածք մըն էր ապրելու հայօրէն՝ կրելով հայոց պատմութեան կնիքը հոգւոյն մէջ եւ կամքը շարունակել կարենալու համար համազգային գոյապայքարը հայ ցեղի յաղթական գոյերթի ճամբուն վրայ: Սոյն համոզումով, դեռ ի տղայի տիոց, Պօղոս Մութաֆեան եղաւ նուիրեալ եւ ճշմարիտ հնչակեան մը, կուսակցութեան միջոցով հայ հասարակութեան, հայապահպանութեան եւ ազգային պահանջատիրութեան բարձրագոյն նպատակներուն ծառայելու համար: Այսպէս ալ շարունակեց ան, երբ, ինչպէս շատեր, ստիպուած եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական խօլ եւ եղբայրասպան պատերազմին պատճառով 1980 թուականին իր ընտանիքով արտագաղթելու Պաթոն Ռուժ, ուր կենցաղային նոր դժուարութիւն-ներ դիմագրաւելով հանդերձ չզլացաւ ձեռնարկելու համայն-քային կազմակերպչական աշխատանքներ՝ հիմնելով տեղւոյն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Ժիրայր-Մուրատ» մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ Պաթոն Ռուժի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնը:
Ֆիզիքական գոյութեան առաջնահերթ պահանջներուն զուգահեռ՝ անհրաժեշտ էր ապահովել նաեւ համայնքին հոգեւոր կարիքը, որպէսզի Ամերիկայի հիւրընկալ, բայց օտարաշունչ հողին վրայ ազգային ինքնութիւնը եւ հայեցի աւանդոյթները հաստատուին ամուր հիմքերու վրայ: Արդարեւ, այս նպատակային աշխատանքը իր բարեբեր պտուղը տուաւ Պաթոն Ռուժի եւ ամբողջ Լուիզիանա նահանգի հայու-թեան համար, երբ օրհնաբեր իրականութիւն դարձաւ Ս. Կարապետ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կառուցումը՝ սրբազան արարողութիւններով, այցելու հոգեւոր հովիւներով, եկեղեցական վարչութեամբ, խորանի սպասաւորներով, երգչախումբով եւ հայկական միօրեայ դպրոցով:
Ողբ. Պօղոս Մութաֆեան քաջ գիտէր, թէ ազգ մը կը գոյատեւէ իր աւանդութիւններով: Հետեւաբար, իր գործակիցներուն հետ ան ամէն առիթ կ’օգտագործէր հեռուէն եւ մօտէն հրաւիրելով մասնաւոր դասախօսներ, կազմակերպելով մշակութային ձեռնարկներ, համայնքային տարբեր հաւաքներ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ խրախճանքներ, ճաշկերոյթներ եւ ուրախառիթ պահեր: Ան հաւատացած էր, որ ձուլուելու դէմ պայքարելու կարեւոր միջոցներէն մէկը համայնքը միասնականութեան, իրարու հետ հաղորդակցական ջերմ կապերու եւ ազգային գիտակցութիւն կերտող հանդիպումներ կազմակերպելու մէջ կը կայանար: Մենք Սփիւռք ենք սփռուած աշխարհի չորս ծագերուն եւ մեր ճակատագրին բերումով օտար երկինքներու տակ դարձած ենք աստանդական: Գոյութեամբ երկփեղկուած ենք՝ մէկ կողմէն կրելով մեր հոգւոյն մէջ մեր ծննդավայրին, իսկ միւս կողմէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ պահելով մեր ազգի դարաւոր պատմութեան կնիքը: Բայց Սփիւռքի մէջ մենք կրնանք ըլլալ հաւաքական ու միատեղ, ըլլալ համայնք եւ ապրիլ հայօրէն, պահելով մեր լեզուն, մշակոյթը, ազգային աւանդութիւններն ու հայեցի ինքնութիւնը:
Հանգուցեալը լաւ ճանչնալով, բնաւ չափազանցութիւն եւ մեծխօսիկութիւն մը ըրած պիտի չըլլամ, եթէ այստեղ արդարացի հարց տամ, թէ առանց Պօղոս Մութաֆեանի արդեօ՞ք Պաթոն Ռուժի եւ շրջակայից հայութիւնը պիտի կարենար մնալ այսքան հայ, պիտի կարենար ըլլալ այսպիսի ծաղկուն եւ օրինակելի համայնք մը, որուն նկարագիրն ու միւռոնաբոյր կնիքը ամբողջապէս հայկական է եւ, բառին բուն իմաստով, ամէնուս համար սիրելի՛ է ու պատուական:
Անձամբ ես համեստօրէն պիտի խոստովանիմ, որ հաճընցի ըլլալուս գիտակցական մկրտութիւնս Պաթոն Ռուժի մէջ ստացայ, սրտիս վրայ հայրենակցական այս ընտանիքին պատկանելու հպարտութեանս սուրբ դրոշմը շնորհիւ ողբ. Պօղոս Մութաֆեանի կնքուեցաւ՝ Հաճնոյ հերոսամարտին նուիրուած տօնակատարութիւններուն եւ աւանդական ճիտապուրին տարուէ-տարի այնտեղ կազմակերպուած պատրաստութիւններուն բովին մէջ: Հաճնոյ 1920 թուականի ութնամսեայ հերոսամարտը, որուն զոհ գացին աւելի քան ութ հազար հաճընցիներ, Տաւրոսի բարձունքներուն արծուաբոյն Հաճընի մէջ սկսաւ, բայց չաւարտեցաւ երբեք, այլ դարձաւ պահանջատիրութիւն եւ այս ուղղութեամբ՝ իւրաքանչիւր հաճընցիի համար առաքելութիւն: Սոյնը կը ներկայացնէ մեր ազգային գոյապայքարի ոսկեձոյլ էջերէն մին. հերոսական գոյապայքար մը եւ ազգային արժանապատիւ գոյերթ մը՝ մեր հայրերու թափած արիւնով օծուն եւ արդար կանչովը մեր բռնագրաւուած հողերուն: Այս աւանդն է, որ մեզի փոխանցեցին մեր մեծերը, այս ժառանգութիւնն է, որ մեր էութեան քուրային մէջ կոփեց Խալօն՝ որպէս մեր ընտանեաց նահապետը, իր ազդու ներկայութեամբ, հայրական խրատով, օրինակելի վարքով ու բարքով, աննահանջ հայրենասիրութեամբ եւ հայութեան ծառայելու ամբողջանուէր ոգիով:
Հանգուցեալին մեծագոյն արժանիքներէն մէկը իր խօսակիցը ճիշդ գնահատելուն մէջ կը կայանար: Ան որեւէ մէկը չէր գերագնահատեր եւ ոչ ալ զայն կը թերագնահատէր, այլ իւրաքանչիւր անձին կու տար ճիշդ արժէքը, նաեւ անոր հետ կը յարաբերէր ուղիղ այդ չափորոշիչով, այսինքն՝ մարդկային յարաբերութիւններու ոչ առաւել եւ ոչ պակաս մօտեցումի մը սկզբունքով: Ճիշդ ասոր համար ալ ան սիրուած եւ յարգուած էր ոչ միայն հայ համայնքի անդամներուն, այլ նաեւ ամերիկացի իր բարեկամներուն կողմէ անխտիր:
Հանգուցեալը կեանքին մարդն էր: Հայր Աբրահամու հիւրամեծար եւ ճոխ սեղանով գիտէր պատուել իր սեղանակիցները եւ յարգել բաժակը: Մթնոլորտ կը ստեղծէր իր խանդավառութեամբ, շէնշող խօսքերով, կենացներով ու ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական իրարայաջորդ երգերով: Երգը իրեն համար ուրիշ նպատակ չունէր, բացի բառին իմաստը երկարաձգելէ հոգւոյն մէջ, հոգին ողողել անով, իբրեւ աւիւնով մը զգալու համար հեղ մը աւելի հայ, հեղ մը աւելի մա՛րդ, Մարդ՝ մեծատառով, իր հոգեւոր-բարոյական մեծութեամբ, ճշմարիտ արժէքով ու բարեմասնութիւններով:
Վա՛յ այն մարդուն, որ հոգեպէս կը մեռնի: Պօղոս Մութաֆեան իր կեանքին ճշմարիտ օրինակով մեզի սորվեցուց, որ մարդ հոգեպէս կ’ապրի: Թէպէտ մարդը կը մեռնի, բայց ան կը մնայ իր հոգեւոր եւ անկորնչելի ներկայութեամբ կենդանի, իր խօսքով ու գործով, ապրողներուս ձգած իր բարի յիշատակով:
Հոգեկան ծանր տառապանք մըն էր ինծի եւ ընտանիքիս համար մեր տոհմի ու գերդաստանի «նահապետ»-ին, ամէնուս շատ սիրելի Խալոյին յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուիլ չկարենալը, անկարող ըլլալ իրեն մեր անկեղծ սիրոյ եւ անմնացորդ յարգանքի տուրքը փոխանցել պսակաձեւ համաճարակին ստեղծած հանրային սահմանափակումներուն պատճառով: Բայց անբարենպաստ պայմաններու բերումով մարմնապէս բացակայիլը, հոգիով ու սրտով հեռու մնալ չի նշանակեր: Սա պահուս, սիրելի՛ սգակիր հարազատներ, մենք ձեզի հետ միացած ենք մեր զգացումներով, մեր կրած անփոխարինելի կորուստին ցաւով եւ խորազգած սուգով: Այսուամենայնիւ, մենք փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Պօղոս քեռին կրցաւ իրագործել կեանքի մէջ ունեցած իր առաջնահերթ նպատակները: Ան Ազատուհի քեռկինին հետ մեծ զոհողութիւններու գնով եւ արդար աշխատանքով ստեղծեց իր սիրասուն ընտանիքը, եղաւ շրջապատուած իր զաւակներով ու անուշիկ թոռնիկներով, վայելեց իրեն նկատմամբ անոնց սէրն ու յարգանքը, ոչ միայն իր հայաշունչ ընտանիքին, այլ նաեւ, Պէյրութէն մինչեւ Պաթոն Ռուժ, հայ եւ օտար բարեկամներու լայն միջավայրին մէջ: Թեւակոխելով նահապետական տարիք մը, մեր ընտանեաց երկնակամարին վրայ ան երբեմն իր շուրջբոլորը լոյս եւ ջերմութիւն սփռող փայլուն աստղի մը պէս առաւօտեան աղջամուղջին հետզհետէ խաղաղութեամբ հանգեցաւ, երկնից արքայութեան մէջ յաւիտենապէս միանալու համար իր հաճընցի հերոսածին հայրերուն, այլ նաեւ հայոց ազատագրութեան բանակի գաղափարի նուիրեալ մարտիկներուն՝ Նազարբէկի, Մարոյի, Խան-Ազատի, Կաֆեանցի, Ժիրայրի եւ Մուրատի, ինչպէս նաեւ միւս բազում հերոսներու հոգիներուն. անոնք, որոնք հայ յեղափոխութեան արիւնաներկ դրօշն ի ձեռին ինկան Հայաստանի ազատագրութեան փողփողուն տեսիլքով:
Այսու մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք մեր շատ սիրելի քեռկինին՝ տիկին Ազատուհի Մութաֆեանին, որուն Խալօն միշտ «անուշիկս» կը սիրէր ըսել, իր զաւակներուն՝ Խաչիկին եւ տիկնոջ՝ Նորային, զաւակներուն՝ Փօլին եւ Կաբրիէլլային, Սագոյին եւ տիկնոջ՝ Հուրիկին, զաւակներուն՝ Նարինէին, Կարէնին եւ Նարեկին, Մարալին եւ ամուսնոյն՝ Չէտին, դուստրերուն՝ Օլիվիային եւ Սառային: Այս տխուր առիթով մասնաւորապէս կը ցաւակցինք նաեւ մեր շատ սիրելի մօրաքոյրերուն՝ տիկին Մարի Գալթագճեանին եւ տիկին Զապէլ Սարաֆեանին, իրենց ընտանեաց բոլոր անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Սիրելի՛ Խալօ, թող Աստուած լուսաւորէ հոգիդ եւ արժանի ընէ երկնից արքայութեան: Թող Պաթոն Ռուժի հիւրընկալ հողը թեթեւ գայ աճիւնիդ վրայ եւ Ս. Կարապետ եղեղեցւոյ խնկաբոյր հովանին հայոց շարականի հոգեզմայլ աղօթքներ հնչեցնէ անոր վրայ:
Սա պահուս միտքս ու հոգիս կը սաւառնին Ժընեւէն մինչեւ հեռաւոր Պաթոն Ռուժ, եւ ես հոգեւին մօտենալով վսեմ շիրիմիդ առջեւ, ո՜վ սիրելի՛ Խալօ, ափ մը հող կը դնեմ յաւիտենական խաղաղութեան մէջ հանգչող աճիւնիդ վրայ, ու սրտիս խորքէն կ’ըսեմ քու ամէնէն սիրած խօսքդ, որ կեանք եւ միշտ ուրախութիւն տուաւ մեզի՛ «Ապօ սիրե՛մ եւ ինչպէ՛ս չսիրեմ»: Խալօ՛, մենք քեզ մի՛շտ պիտի սիրենք:
Օրհնութիւն եւ յարգա՜նք քու յիշատակիդ:
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ, 1 Օգոստոս 2020
ԽԱՉԱԳՈՂՆԵՐԸ
Այս էջին վերը՝ հոգեզմայլանքով կարելի կարդալ եւ խորունկ գոհունակութիւն ապրիլ տիպար Հայուն ծանօթանալով։ Իսկապէս՝ Անծանօթ հարազատ եւ խոնարհ ու հերոս Հայ Մարդը։ Կարդացէ՛ք։
Իսկ վարը՝
Մեր ազգին ներկան եւ ապագան վտանգողներն են։
Շատ բաներ գրուած եւ ըսուած են այս անձնաւորութիւններու մասին։ Հայկական միջազգային «քլան» մը որուն անդամներուն խոշոր մասը ներքաշուած է բազում չարաշահումներու մէջ։ Հայ դպրոցներու հաշույարդար, բազմամիլիոն գումարներու մսխում…

Պատկերացուցէք որ Այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի» պարագլուխները՝ Վիգէն Յովսէփեան Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ի մէնատէրը եւ Յովնան Տէրտէրեան Արեւմտեան Թեմը բռնագրաւողը փորձեցին Լիբանանի հայութեան համար 5, 10, 15, 25 միլիոն տոլար հաւաքել կրցան միայն 1 միլիոն 375 հազար տոլար կրցան գոյացնել որովհետեւ ժողովուրդը իրենց չվստահեցաւ։