Խմբագրական
ԳՐԵՑ՝ Յովսէփ Արթինեան

«Իմ դրամս աւելի արժէքաւոր չէ, քան այդ քսանամեայ երիտասարդին կեանքը»

Այս բառերը կը պատկանին բարեկամի մը, որ ներկայացաւ Սեպտեմբեր 30ին եւ դրամով լեցուած պահարան մը յանձնեց յօգուտ Արցախի: Պատերազմները ծախսալից են, այդպէս եղած են միշտ: Պատերազմները երկիրներ սնանկութեան կրնան տանիլ, ժողովուրդներ կրնան խսիրի վրայ նստեցնել, հիւանդութիւններու պատճառ կրնան դառնալ, անբարոյութիւն կրնան սերմանել, ընտանիքներ կը քանդուին պատերազմի պատճառով: Երբ պատերազմ է, մահուան ստուերը մարդոց հետ կը քալէ եւ ոչ մէկ քայլափոխ ապահով կարելի է նկատել: Պատերազմը աղէտ է, պատերազմը մա՛հ է:
Արցախի պատերազմը պարտադրուած է Հայուն, ուր որ գտնուի ան, Սիպերիա կամ Քալահարիի անապատ, Սանթիակօ կամ Երեւան, Շուշի կամ Քեսապ, Սիտնի, Մելպուրն, Փըրթ կամ Քանպերա: Արցախի պատերազմը մէն մի Հայուն պատերազմն է: Անգամ մը եւս, ի տես աշխարհին, Թուրք ու Ազերի պետութիւնները Հայն ու Հայաստանը բնաջնջելու ծրագիրը կը փորձեն գործադրել: Երկու երկիրներու բռնապետ, ծաւալապաշտ նախագահները ԻՐԵՆՑ պատերազմը դարձուցած են զայն:
Տեղեկատուական աղբիւրներէ ժամ առ ժամ կ՚իմանանք հայկական բանակին տարբեր սխրագործութիւնները, որոնց որպէս արդիւնք՝ բազմահազար ազերիներ ու վարձկաններ զոհ գացած (թշնամին զոհ չերթար, պէտք է ըլլայ սպաննուած,-Սմբատ Ղազէլեան-Յ.Ա.) են, չհաշուած զինուորական սարքերու փճացումը՝ հրասայլ, օդանաւ, ուղղաթիռ եւայլն:
Թշնամին անողոք է: Անոր համար Հայ մը աւելի սպաննելը ցնծութիւն է, վկայ՝ Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Հատրութի անխնայ ռմբակոծումը:
Սիրելի հայրենակից, սիրելի արիւնակից,
Մէջբերենք 15րդ դարու իտալացի նշանաւոր զօրավարներէն Ճիանճիաքոմօ Թրիվուլզիոյի խօսքը. «Պատերազմին դիմանալու համար երեք բաներ անհրաժեշտ են. Դրամ, յետոյ նորէ՛ն դրամ եւ յետոյ դարձեալ՝ դրամ»:
Մենք որոշած ենք դիմանալ եւ այս պատերազմէն յաղթական դուրս գալ: Այնպիսի հարուած պիտի տանք որ թուրք պետութիւնը անգամ մը եւս չհամարձակի մտածել նոյնիսկ Հայու մը քիթը արիւնցնելու մասին: Պատերազմը կրնայ երկարիլ կամ դադրիլ: Իսկ ի՞նչ պիտի ընենք մենք ազգովին: Մենք պիտի պահենք մեր նահատակ զոհերու ընտանիքները, որբերը, հաշմանդամները, պիտի պահենք մեր զինուորները նոյն բարձր տրամադրութեան մէջ՝ մի՛շտ, պիտի նորոգենք քանդուած մեր շինութիւնները, ճամբաները, պիտի աւելի զօրացնենք մեր արդէն իսկ արհեստավարժ բանակը: Պիտի զօրացնենք հաւատքը մեր ժողովուրդին իր Աստուծոյն, իր Հայրենիքին եւ իր զինուորին: Քիչ ըսենք շատ հասկնանք:
Արցախին մեր աւելորդէն պիտի չտանք, Արցախի գոյութիւնը իւրաքանչիւր հայու գոյութիւնն է: Մեր աւելորդո՞վ պիտի պահէինք մենք զմեզ եթէ գոյութենական պայքարի մէջ ըլլայինք հիւանդութեան մը դէմ: Ո՛չ: Մեր անկարելին կարելիի պիտի վերածէինք յաղթահարելու այդ հիւանդութիւնը յօգուտ մեր կեանքի փրկութեան: Այսօրուան «հիւանդութիւնը» Թուրք եւ Ազերի պետութիւններն են իրենց բռնապետերով առաջնորդուած: Իւրաքանչիւրս պիտի պայքարինք այս «հիւանդութեան» դէմ, որպէսզի ազատ կարենանք շնչել մեր Հայրենիքին մէջ, ազատ կարենանք աղօթել մեր վանքերուն ու եկեղեցիներուն մէջ, ազատ կառուցել մեր ապագան:
Մեծ իմաստութիւն կայ 30 Սեպտեմբերին դրամի ծրարը յանձնող ազգայինին խօսքերուն մէջ՝ «Իմ դրամս աւելի արժէքաւոր չէ քան այդ քսանամեայ երիտասարդին կեանքը»: Այդ հաւատացեալ ազգայինը պատերազմին դիմանալը քա՛ջ հասկցած էր:
Սորվի՛նք:

“ՓԱՐՈՍ՚՚, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի
Առաջնորդարանի Լրատու,
Թիւ 38, Սեպտեմբեր 2020

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *