Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էր-տողան մեկնաբանած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Մենք մեծ ներդրում ունեցած ենք Ղարաբաղի մէջ երեսուն տարի տե-ւած անարդարութեան ջնջման գործին մէջ», Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է այն քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին Ղարաբաղի մէջ հիմնախնդիրի լուծման համար:
«Թուրքիան, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը պիտի դառնան շրջանին մէջ խաղաղութեան երաշխաւորներ», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ թուրք զինուորները մէկ տարի պիտի աշխատին Ռուսիոյ հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միացեալ հսկողութեան կեդրոնին մէջ:
«Կարելի՞ է ընդլայնել այս հոլովոյթը (Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութիւնը): Կարելի է, եւ մենք երէկ այդ մասին խօսած ենք Փութինի հետ: Այլ երկիրներու մասնակցութեամբ մենք կրնանք այս հոլովոյթը տեղափոխել այլ հարթութիւն», ըսած է Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:
Էրտողան երկրի իշխող կուսակցութեան անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին ժամանակ յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միանան շրջանի չորրորդ եւ հինգերորդ երկիրները, կարելի է բոլորովին այլ իրավիճակ ստեղծել: Թէ ո՛ր երկիրներուն մասին էր խօսքը, Էրտողան չէ մանրամասնած:
Ի դէպ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չէ ուզած մեկնաբանել Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ քննարկած են շրջանի միւս երկիրներուն մասնակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութիւնը պահպանելու ջանքերու ընդլայնման կարելիութիւնը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *