Յարգելիներ, առաւօտս մթանգնեց ոչ թէ արեւի բացակայութեան, այլ՝ Գարեգին Բի «հայրաբար»ի պատճառաւ, որուն յաջորդեց Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչը, ինչ կը վերաբերի ՀՀ ընտրեալ վարչապետի հրաժարականի զոյգ պահանջքներուն։
Որոշեցի գրել, սակայն աւելի ուշ, կարդալով ՀՀ Խորհրդարանի անդամ՝ Արման Բաբաջանեանի արտասանած խօսքը ՀՀ Խորհրդարանի մէջ ու այլ հանգամանքներ նկատի ունենալով, որոշեցի առ այժմ չհակադարձելսպասելով նոր զարգացումներուն։ Վստահ եմ, առիթը ունեցաք ընթերցելու վերեւը նշուած պատգամաւորի արձագանքը, ուղղուած զոյգ կաթողիկոսներուն։ Իսկ եթէ տակաւին առիթը չէք ունեցած կարդալու Արման Բաբաջանյանի խօսքը, պիտի խնդրէի, որ անպայման կարդայիք։ Ի միջի այլոց, Արման Բաբաջանեան աշակերտած է Սեւանայ լիճի «Վազգէնեան» ճեմարանին։ Կարդալով ու բաժնելով Գարեգին Բի «հայրաբար»ի առիթով եղած բազմաթիւ բացասական մեկնաբանութիւնները կարժէ «որդիաբար» դիմել անփառունակին, ու հազարերորդ անգամ ըլլալով` պահանջել իր հրաժարականը։
Յարգանօք՝
ԶՔՍ


Սիրելի հայրենակիցներ, որ ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի։
Դիմատետրէն իմացանք, որ այսօր` Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020-ին, Գարեգին Բ չկաթողիկոսը «հայրաբար» յորդորած է Վսեմաշուք Վարչապետ՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին, որ ներկայացնէ իր հրաժարականը, «կանխելու համար հասարակական կյանքում ցնցումները …», եւ այլն եւ այլն։
Արդեօ՞ք սա չկաթողիկոս կոչեցեալը իրաւասութիւնը ունի նոյնիսկ իր իսկ դուստրին «հայրաբար» յորդորելու։ Կը կասկածինք։
Իսկ եթէ իրապէս յորդորելու իր ցանկութիւնը կը բխի Հայաստանի ու Արցախի անդորութիւն հաստատելէ, խնդրեմ, ըսէք ինծի, ինչո՞ւ չյորդորեց, – «Այո, նա իմ վարչապետը չէ, որ ես նրա առաջ հոգեհանգստի կարգ մատուցեի», ըսող Միքայել Աջապահեան չարքեպիսկոպոսին, որ հրաժարի իր առած որոշումէն ու հանդիսապետէ Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակի՝ յուշակոթողի մօտ տեղի ունեցող հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Ինչո՞ւ չյորդորեց Դադիվանքի վանահայր Տէր Հովհաննէս քահանային, որ հեռու մնայ հրապարակէն։
Այստեղ հարկ չենք տեսներ արտատպելու ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի այս առիթով արտասանած խօսքերը։ Այն կը գտնէք դիմատետրի վրայ։
Եթէ Գարեգին Բգ չկաթողիկոսը իրաւունք կու տայ իր անձին «հայրաբար» յորդորելու եւ հրաժարականը պահանջելու երկրի վարչապետին, մենք ալ իրաւունքը ունինք «որդիաբար» յիշեցնելու իրեն, թէ ինչո՞ւ չանսաց, երբ անցնող աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին պահանջեցինք իր հրաժարականը ըսելովգ- Գարեգին հեռացիր, Մայր Աթոռը մոռացիր։
Իսկապէս կը զարմանանք, որ ժողովուրդի կողմէ մերժուած մէկը, իրաւունք կու տայ իր անձին, քաղաքական գործիչի մը հրաժարականը պահանջելու։ Ամէն պարագայի, ասոր մէջ մեղաւորը մեր վարչապետն է, որ ատենին օձիկէն բռնելով դուրս չշպրտեց զինք Մայր Աթոռէն, երբ ժողովուրդը միահամուռ պահանջեց։
Նաեւ պարտք կը սեպենք յիշեցնել իրեն, որ ՀՀ Վսեմաշուք Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինյան երեսուն արծաթով չզաւթեց վարչապետի աթոռը, ինչպէս ինք՝ Գարեգին Կտրիչ Ներսիսեանը՝ Հոկտեմբեր 27, 1999-ին։
«Եւ զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմք …»։
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *