Արցախեան երկրորդ մեծ պատերազմէն ետք Հայութիւնը մեծ ցնցում մը ապրեցաւ։ Արցախի դատին նկատմամբ, մեծամասնութեան սրտերուն մէջ արմատ նետած յոյսը եւ յաղթանակի երազը յօդս ցնդեցաւ։ Ցեղա-սպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ճանաչում չստացած՝ թուրք եւ ազէրական բանակին ջախջախիչ յաղթանակը դիւրին չէր կլլելը։ Շատերու մօտ բնազդաբար հարցադրումներ յառաջացան, Հայաստանի մէջ անոնք ստացան հանրային բնոյթ, ինչպէս նաեւ երբեմն՝ Սփիւռքի մէջ։ Հայաս-տանի պարագային, դժբախտաբար առանց լուրջ կառավարման ծրագրի՝ ցոյցեր, յարձակումներ պետական շէնքերու վրայ, մամուլի մէջ քաղա-քական վրէժխնդրական դրսեւորումները շատ յաճախ քօղարկեցին համազգային մակարդակի իսկական լուրջ քննարկումները եւ հարցա-դրումները։
Թերեւս ալ տակաւին կանուխ է խորքային խորհրդակցութիւններ կատարելու համար, նկատի առնելով չլուծուած ընկերատնտեսական եւ վարչական խնդիրները՝ զոհերու, վիրաւորներու, ռազմագերիներու, տեղահանուածներու, եւ համաճարակի պատճառով տնտեսապէս թշուառ խաւերու վիճակին առնչուող։ Ամէն պարագայի, պէտք է արձանագրել, որ ներհայաստանեան մակարդակի քաղաքական մակերե-սային պայքարի երեւոյթը, առանց դատի, դատավարութեան՝ դաւաճանութեան ամբաստանութիւնները չեն դիւրացներ մտածումի աշխատանքը։
Հակառակ հայաստանեան քաղաքական անբաղձալի իրավիճակին, Ֆրանսա յի մէջ գոնէ, անսպասելիօրէն, երկու խումբեր արդէն կոչով եւ հանգանակով ասպա րէզիջան։ Առաջինը՝ Դանիէլ Քիւրքճեանի առաջնորդութեամբ Ֆրանսացի֊Հայեր խումբը, որ Յունուար 6֊ի կոչը հրապարակեց։ Երկրորդը՝ խմբակ մը Միշէլ Պետրո սեանի նախաձեռնութեամբ՝ Արմարասի հանգանակ անուան տակ։
Յու նուար 6֊ի խմբակը կը կեդրոնանայ Ֆրանսահայութեան առջեւ ցցուած նոր մարտահրաւէրներու վրայ, անցեալի բացթողումները կը նշէ, Ֆրանսահայութեան ներկայացուցչական կառոյցը բարելաւելու տրամադրութիւն կը յայտնէ, եզրակաց-նելով արդիւնաւէտ նոր կառոյց ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։
Երկրորդ խումբը, աւելի Հայաստան֊Սփիւռք սերտ փոխայարաբերութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ։ Սփիւռքը իբրեւ անդրազգային երեւոյթ կ՚ըն կալէ։ Ազգային, ինքնութենական նեղ սահմանումներէն կ՚ուզէ դուրս գալ։ Կ՚ընդգծէ Հայաստանի պետական համակարգէն ներս՝ Սփիւռքահայութեան զգալի ու պաշտօնական ներկայացուցչութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։
Հայաստանի մէջ քաղաքական անցուդարձերը բնականաբար Սփիւռքի մէջ ալ իրենց անդրադարձը ունեցան եւ պիտի ունենան։ Յատկապէս ՀՅԴ֊ի պարագային, որուն սփիւռքեան կարգ մը մասնաճիւղերը, կուսակցականներն ու համակիրները կը զօրակցին 16 կուսակցութիւններու կազմած «Հայրենիքի փրկութեան շար-ժում»֊ին։
Հայաստանի մէջ, կուսակցութիւններու ընդդիմութեան կողքին, կազմաւորուած կարգ մը ընկերային, կրթական, մշակութային ու հոգեւոր կառոյցներուներգրաւումը քաղաքական պայքարին մէջ, հասարակութեան բեւեռացումին կ՚առաջնորդէ, որ յղի է քաղաքացիական պատերազ մի սպառնալիքով։
ՀՅԴ֊էն զատ, Ֆրանսայի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցին եւս, որ ընդհանրապէս չէզոք դիրք կը բռնէր, իր հունէն դուրս ելած է՝ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանի բերնով, որ Նիսի մէջ, Ջրօրհնէքի քարոզի ժամանակ, Փաշինեանի՝ Արցախը 5 միլիառ տոլարի վաճառած ըլլալու «աւետիսը» հաղորդած է Նիսի հաւատացեալներուն, փոխանակ Յիսուս Քրիստոսի Ս. ծննդեան լուրը աւետելով բաւարարուելու։
Եթէ ընդունինք որ քաղաքական կուսակցութիւններու դերն է ընդդիմանալն ու քաղաքական պայքար տանիլը, անընդունելի է Եկեղեցւոյ պարագային, ան ալ Սփիւռքի մէջ, յերիւրանքներ տեղացնելով եկեղեցւոյ խորանէն՝ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ»։
Զարմանալին այն է որ Թեմակալ առաջնորդ, Թեմական խորհուրդ, Պատգամաւորական ժողով, ծխական խորհուրդներ, անտարբեր կը դիտեն նման երեւոյթներ, փոխանակ պատմական ճակատագրական ճգնաժամը օգտա գործելու՝ հոգեւոր վերանորոգու մի, հաւաքական խորհրդածու թեան առաջ նորդելու, աղօթքի զօրութեան ապաւինելու համար։
Ժ.Չ.
