Մոսկուան եւ Թեհրանը նշած են երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը շրջանային շարք մը հարցերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ երկխօսութեան աշխուժացման մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ ԼաւրովԻրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան: «Հաշուի առնելով մեր երկիրներուն շրջանին մէջ ունեցած դերը մենք հետաքրքրուած ենք խորացնելու երկխօսութիւնը այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են անվտանգութիւնը Արաբական ծոցին մէջ, աֆղանական լուծման խնդիրները, եւ ի հարկէ, կարելի է քննարկել իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն ետք», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Լաւրով հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մենք յատուկ ուշադրութեամբ քննած ենք Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնըհաշուի առնելով այն ջանքերը, որոնք ձեռնարկուած են Ռուսիոյ կողմէ, որոնց շնորհիւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին կարելի եղած է հասնիլ կրակոցը ամբողջութեամբ դադրեցնելուն: Մենք նաեւ պատմեցինք այն համաձայնութիւններուն մասին, որոնք Մոսկուայի մէջ 11 յունուարին ընդունեցին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահները եւ Հայաստանի վարչապետը: Այդ համաձայնութիւններուն մէջ խօսքը կը վերաբերէր Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական, փոխադրամիջոցային եւ այլ կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ համագործակցութեան շրջանի երկիրներուն եւ անոնց բոլոր դրացիներուն մասնակցութեամբ, ներառեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը: Եւ մենք համոզուած ենք, որ այդ աշխատանքը կ՛արտօնէ վերջնականապէս կարգաւորել կացութեան մնացած քաղաքական երեւոյթները Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ արդար հիմերովի շահ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն եւ, ի հարկէ, ի շահ անոնց բոլոր դրացիներուն», ըսաւ Լաւրով: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի եռեակէն, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, եթէ առարկայականօրէն նայինք, մենք առաւելագոյն հետեւողականութեամբ առաջ քշած ենք տարատեսական գաղափարներ: Մենք քանի մը տարի առաջ կարելիութիւն ունեցած ենք համաձայնութիւններու հասնելու ռուսական առաջարկներու հիման վրայ, որոնք հաւանութեան արժանացած են միւս համանախագահներուն կողմէ, ինչ որ պիտի օգնէր փրկել հարիւրաւոր եւ հազարաւոր կեանքեր թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի կողմէ: Ցաւօք սրտի ատիկա այն ժամանակ տեղի չունե-ցաւ», նշեց ռուսական դիւանագի-տութեան պետը աւելցնելով, որ ներկայ պահուն ստեղծուած իրավիճակը, որուն կարելի եղած է հասնիլ Ռուսիոյ նախագահիԱզրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած բազմաթիւ բանակցութիւն-ներուն հիմամբ, ձեռք բերուած է հազարաւոր կեանքերու գնով: Զարիֆ իր կարգին հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարակար-ծութիւնները կը վերածուին փոխադարձ գործակցութեան եւ համագործակ-ցութեան: «Կ՛ուզեմ շնորհաւորել նախա-գահ Վլատիմիր Փութինը, ինչպէս նաեւ Ռուսիան վերջ տալու համար մեր շրջանին մէջ տիրած այդ ճգնաժամին, որ յանգեցուցած է զինուորներու, ինչպէս նաեւ քաղաքային բնակչութեան մահուան: Եւ մենք այսօր մուտք կը գործենք նոր շրջան մը, ուր մենք յոյս ունինք, որ տարակարծութիւնները կը վերածուին համագործակցութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան: Եւ մենք կրնանք, հիմնուելով շրջանային համագործակցութեան վրայ, շարժիլ դէպի համագործութեան ստեղծում եւ գտնել այն ուղիները, որոնք փակուեցան տասնամեակներ առաջ, բանալ այդ ուղիները, որպէսզի անոնք յանգեցնեն այս ամբողջ շրջանի տնտեսական յառաջընթացին», ըսաւ Զարիֆ:
Անոր համաձայն, տնտեսական համագործութիւնը կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքը: «Դուք գիտէք, որ ես կ՛իրականացնեմ շրջանային շրջագայութիւններ, կ՛այցելեմ մեր բոլոր դրացի երկիրները` Ազրպէյճան, Վրաստան, Հայաստան, եւ ես այդ նիւթով խօսած եմ իմ գործընկերներուս հետ: Շատ լաւ բանակցութիւններ եղած են», եզրափակեց Զարիֆ:
Նշենք, որ Զարիֆ այսօր պիտի այցելէ Հայաստան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *