Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան


Փարիզ, 2 Փետրուար 2021


Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, 2020 Նոյեմբեր 9‐էն ի վեր, լրատուական համակարգը ողողուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի ստորագրած փաստաթուղթի բերած անսպասելի մտահոգութիւններով։


Աւա՜ղ թաւշեայ յեղափոխութեան հերոս՝ Նիկոլ Փաշինեանի անունին կցուեցաւ «դաւաճան» պիտակը։ Ծանր է կրել այդ մակդիրը, մանաւանդ ենթական երբ համոզուած է որ հազարաւոր քաղաքացիներու եւ զինուորներու կեանքը խնայելու սիրոյն դիմած է այդ քայլին։ Անշուշտ նախընտրելի պիտի ըլլար եթէ այդ քայլին քիչ մը աւելի կանուխ դիմած ըլլար։


Պէտք է ընդունիլ որ ով որ ալ ըլլար յանդգնողը ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, ուր նշուած ըլլար վերադարձնել Ատրպէյճանին հինգ առաւել երկու ղարաբաղեան ազատագրեալ հողերը, թեկուզ Մինսքի խաղաղ բանակցային ճամբով, նոյնն է, ենթակայ պիտի ըլլար « դաւաճան»-ի անբաղձալի կոչումին։ Այլ ճանապարհ կա՞ր արդեօք վերոնշեալ հողերը վերադարձնողի մը համար խուսափիլ այդ սեւ ճակատագրէն կամ կոչումէն։ Թերեւս։


Մեկնելով Աւետարանի պատգամներու թելադրութենէն, հեռու ինձմէ վարչապետը դատելէ իբրեւ «դաւաճան», «յանցաւոր» կամ «մեղաւոր»… Բայց Նոյեմբեր 9‐ի փաստաթուղթը, փափաքելի է դիտարկել բարոյական տեսանկիւնէն։ Ըստ ինքեան այդ փաստաթուղթը կը պարունակէ ստորնութիւն։ Քանի որ ամենադոյզն իրաւունքն անգամ զլացուած է պատերազմը կորսնցնող կողմին։ Արցախին։ Ոտնակոխուած է արդարամտութիւնը։ Մինչդեռ նոյնը չըրին 30 տարի առաջ Ատրպէյճանին երբ կորսնցուց պատերազմը, ոչ մէկ կերպով չիրաւազրկեցին իբրեւ պատերազմը կորսնցնող կողմ, ընդհակառակը շեփորեցին անիրաւ իրաւունքները պաշտպանելով…Ասոր կ՛ըսեն երկու չափ, երկու կշիռ։ Հիմա այն ինչը որ բացայայտ է, Փաշինեանին պարտադրեցին ստորագրել Նոյեմբեր 9‐ի տխրահռչակ յայտարարութիւնը։ Սա կը նշանակէ թէ ստորագրողին ստիպեցին ստորին արարք գործելու։


Այսօր աշխարհի դատաստանին առջեւ, Փաշինեանը կրողն է այդ արարքին ճակատագիրը։ Այսպէս է աշխարհի կարգը։ Արարքի մը պատիւը կամ անպատւութիւնը, դերակատարին կը վիճակուի։ 2018‐ի թաւշեայ յեղափոխութեան լուսաւոր պատիւը վիճակուեցաւ իրեն, դերակատարն էր։ Ներկայիս ալ Նոյեմբեր 9‐ի տխուր համբաւը իրեն կը վիճակուի, քանի որ, ասոր ալ դերակատարն է։Հետեւաբար իրեն կը մնայ այս կացութեան մէջ բարոյական վերաբերմունք դրսեւորել, մեկնիլ ինքնակամ եւ յօժար կերպով վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացնելով։ Այս կերպով ցոյց տուած պիտի ըլլայ իր յարգանքն ու ընկալումը բարոյական արժէքներու հանդէպ։ Վստահաբար գիտակցելու է որ եթէ շարունակէ մնալ պաշտօնին վրայ, այլեւս պիտի չկարենայ վայելել այն բարձր հեղինակութիւնը որ կը վայելէր թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ։


Վիլի Պրանտ գերմանացի վարչապետը, երբ իմացաւ թէ Կիւնթէր Կիյոմ իր անմիջական բարձր պաշտօնատարը, որ նաեւ իր մտերիմ թղթածրարներուն տեղեակ անձն էր, լրտես մըն էր, անմիջապէս նոյն օրն իսկ հրաժարեցաւ վարչապետի իր պաշտօնէն, հակառակ իր կուսակցութեան գլխաւոր պատասխանատուներու թախանձագին խնդրանքին որ շարունակէ իր պաշտօնը, քանի որ Կիւնթէրի լրտես ըլլալուն իր անգիտացումը, իր մեղքը չէր, ատիկա իմանալը անվտանգութեան ծառայութիւններու պարտականութիւնն էր։ Հակառակ այս իրողութեան Վիլի Պրանտ մերժեց ըսելով.‐ «Երկրի մը Վարչապետը սպառնալիքի վտանգին հետ պէտք չէ
երբեք դէմ յանդիման գտնուի։ Այդ պատճառով ալ կը հրաժարիմ»։


Այսպէս կ՛ըլլայ հայրենիքի շահերուն եւ բարոյական արժէքներու պաշտպան պատասխանատու ղեկավարը։


Այսօր, Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական վիճակը նոր ձեւաւորումներու կ՛ենթարկուի։ Ռուսիա, Թուրքիա, Ատրպէյճան, իւրաքանչիւրը կ՛ապահովէ իր շահերը, հեղինակազրկուած եւ զոհ փոքրիկ Հայաստանի կռնակէն։ Բողոքի, հայկական ձայնը լռած է։ Կարծէք Հայաստանի մէջ պետութիւն չկայ։


Այս վերոնշեալ պետութիւնները մեզմէ աւելի լաւ հասկցան որ հայերը անցնող 30 տարիներու ընթացքին չկրցան հեռատեսութիւնը ունենալ պետական համակարգի վերաշինութեամբ զբաղելու։ Մեր իրերայաջորդ իշխանութիւններէն ոչ մէկը փորձեց մտածել երկիրը բարոյական արժէքներու վրայ հիմնել, իրարու զօրակից դարձնել, դաստիարակել Հայաստանի հասարակութիւնը ընկերատնտեսական արդար
իրաւունքներու ոգիով, զարգացնել երկիրը կաշառակերութենէ զուրկ տնտեսութեամբ, եւ տէմոքրաթիք շինարար դրութիւններու վրայ հաստատել պետական կարգն ու կանոնը, որպէսզի հզօրանար Հայաստանը տնտեսապէս, ռազմականօրէն եւ գիտականօրէն։ Անկախութիւնը մենք ըմբռնեցինք հողը լքել, ամերիկեան վիզա առնել եւ Գալիֆորնիա հաստատուիլ։


Քիչ մը յոյս ունեցանք թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ։ Չէ՞ որ անոնց տեսլականն էր բարոյական արժէքներու վրայ դարբնել հասարակութիւն մը որ կոչուած պիտի ըլլար, վերը ըսուած այդ բոլոր բարեկարգութիւնները
իրագործելու, սատարելով պետական ուժեղ համակարգի մը գոյառութեան։ Պիտի զարգացնէր ժողովուրդին մէջ պետական մտածողութիւնը։ Բայց պատերազմը եկաւ ցոյց տալու թէ դեռ շա՜տ հեռու ենք անկաշառ հոգեբանութեան տէր ժողովուրդ մը ըլլալէ եւ պետական մտածողութիւն ունենալէ։


Փարիզի մէջ, հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի ողբերգութեան ցաւակից եւ սգակից, որպէս համեստ մի ոմն եկեղեցական, խնդրանքս էր այսօրուան իշխանական խումբէն որ իրավիճակը վերանայէր։ «Իմ քայլական»‐ներու պարտքն է, որպէս Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւն, խորհուրդ տալ վարչապետին ազնուօրէն հեռանալու եւ իրենք ալ մտածեն զիջելու իրենց դիրքերը որովհետեւ ի վիճակի չեղան արգելք հանդիսանալու աղիտալի որոշումներու դէմ, հետեւաբար նոր սկիզբի մը կերտման սիրոյն, չխանգարեն ստեղծուելիք անցումի կարելիութիւնները, որպէսզի այդ անցումը ըլլայ խաղաղ եղբայրական եւ միասնական մթնոլորտի տակ։ Մի՛ վարանիք այս «զիջում»-էն։ Պարկեշտութեան եւ պատասխանատւութեան վեհանձնութիւնը կը պահանջէ ասիկա յանուն վիրաւոր եւ վտանգուած ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ։


Օգուտ չունի անդրադարձը աւերակումէն ետք։ Չէ՞ք տեսներ ի վնաս Հայաստանի առնուած որոշումները ին՜չ արագութեամբ կ՛ընթանան։


Հոգեւոր դարձ հայոց ազգին։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *