Սփիւռքահայ շարք մը յայտնիներ միացած են ԱՄՆ նախագահին ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին: Անիկա շաբաթներ առաջ սկսած է Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը։

Նախաձեռնութեան միացած են «System of a down» ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանը, խումբի երաժիշտներ Ճոն Տոլմայեանը եւ Տարօն Մալաքեանը։ Թանկեանը ընկերային ցանցերու վրայ կիսուած է հետեւեալ գրառումով եւ նշած է.
«Մարդի՛կ, եթէ դուք չէք մասնակցած այս ստորագրահաւաքին, հիմա ժամանակն է: Իւրաքանչիւր ստորագրութիւն հաշուի կ’առնուի: Եկէք այնպէս ընենք, որ Պայտընը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»։

Այս արշաւին միացած է նաեւ ամերիկեան իրապատումի աստղ, գործարար Քիմ Քարտաշեանը, անոր մայրը՝ Քրիս Ճենըրը ու քոյրը՝ Քորթնի Քարտաշեանը։ Անոնք ընդունած են Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի մարտահրաւէրը եւ իրենց ինսթակրամեան էջին վրայ հրապարակած են «Ես կը ճանչնամ Հայոց ցեղասպանութիւնը» գրութեամբ լուսանկար մը՝ նշելով 5 անձանց, որոնք նոյնպէս նման հրապարակում մը պէտք է ընեն իրենց էջերուն վրայ:

Ստեղծուած է «YesItsGenocide.org» կոչուող հարթակ, ուր մարդիկ կրնան ելեկտրոնային ստորագրութեամբ միանալ արշաւին։ Մինչեւ այսօր հաւաքուած է մօտ 13 հազար 200 ստորագրութիւն։ Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի հաւաքել 1.5 միլիոն ստորագրութիւն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *