«Հակառակ երբեմն ահաբեկչութեան ուղիղ կոչերուն, մեր ընդդիմութիւնը նոյնպէս գիծեր չէ անցած, եւ ես կ՛ուզեմ բարձր գնահատել մեր ընդդիմութեան այդ բարձր կեցուածքը», երէկ Արմաւիրի մարզին մէջ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Յառաջիկային20 յունիսին նախատեսուած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, յիշեցուց Նիկոլ Փաշինեան
աւելցնելով, որ ժողովուրդը պէտք է որոշում կայացնէ եւ գնահատական տայ անցեալին ու ապագային:
«Այո՛, յառաջիկային ես հրաժարական պիտի տամ, ապրիլին, հրաժարական պիտի տամ ոչ թէ երթալու, այլ հրաժարական պիտի տամ, որպէսզի տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ` այդ ընթացքին շարունակելով ըլլալ վարչապետի պարտականութիւնները կատարող», ըսաւ վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ հանդիպումներէն ետք յայտարարած էր 20 յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասին:
