Ըստ թուրքական իշխանամետ Sabah կայքի՝ Անգարան գաղտնի դիւանագիտական աշխատանքներ կը վարէ ԱՄՆ-ի հետ Ապրիլ 24-ի նախօրէին, քանի որ կ՝անհանգստանայ Ուաշինկթընէն ստացուող ազդանշաններէն, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն այդ օրը կրնայ կիրառել Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը:
Թրքական իշխանամէտ Sabah կայքին տեղեկութիւններով՝ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը հանդիպած է ԱՄՆ նախագահի` անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվանի հետ, որուն ընթացքին ամերիկացի պաշտօնիային ներկայացուած է Թուրքիոյ՝ 4 կէտէ բաղկացած տեսակէտը.
- Միջադէպը ցեղասպանութիւն որակելու համար իրաւական հիմք չկայ։ Ըստ Քալընի՝ ատիկա կը պահանջէ դատարանի որոշում, ինչպէս
եղած է Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի մէջ: - «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ներդրուած է 1948-ին:
- Պայտընի կողմէ «ցեղասպանու-թիւն» բառին կիրառումը խնդիրներ պիտի ստեղծէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարա-բերութիւններու մէջ:
4.Կովկասի մէջ նոր գործընթացները խափանարարութեան պիտի ենթարկ-ուին. Քալըն նշած է, որ Կովկասի մէջ նոր կարգ կը հաստատուի:
Ըստ կայքին՝ Քալըն փոխանցած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Մենք կ՝ըսենք՝ «եկէք Հայաստանի հետ կարգաւորենք (յարաբերութիւնները)։ Կ՝ըսենք՝ «եթէ անոնք ճիշդ քայլ ընեն, նոյնիսկ դռները պիտի բանանք»։ Այսպիսի շրջանի մը, եթէ դուք «ցեղասպանութիւն» ըսէք` պիտի նշանակէ, որ Կովկասի մէջ այս ամբողջ գործընթացը խափանարարութեան կ՝ենթարկէք»։