ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հանրային կապերու բաժինի պետ Նունէ Յովսէփ-եան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ կը պատրաստուի Հայաստանի մար-դու իրաւունքներու պաշտպանին յատուկ յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի մէջ բացուած, այսպէս կոչուած, «Պուրակ»ին մէջ արցախեան պատերազմին վերաբերող ցուցադրուածներուն վերաբերեալ:
«Այս պահին միայն արձանագրում ենք, որ տեղի ունեցածն ապացուցում է այն, ինչ մշտապէս յայտարարում է Մարդու իրաւունքների պաշտպանը. խաղաղասիրութիւնը մեզ համար բարձրագոյն արժէք է, բայց մենք չպէտք է թոյլ տանք, որ մեզ թմրեցնեն ադրբեջանական կեղծ խաղաղասիրութեամբ. դա պարզապէս շղարշ է` նախատեսուած միջազգային հանրութեան համար», յայտնեց ան:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 12 Ապրիլին Պաքուի մէջ այցելեց ղարաբաղեան վերջին պատերազմին իբրեւ աւար վերցուած հայկական զրահամեքենաներու նորաբաց այգին՝ 5 հեկտար տարածքի վրայ: Այգիին մէջ ցուցադրուած են հայկական զրահամեքենաները, հայ զինուորներուն պատկանած սաղաւարտներ եւ այլն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *