1 – Երկիրի մը մէջ ծնիլ, ուրիշ երկիր մը ապրիլ, տարբեր Երկիրի մը մէջ մեռնիլ եւ չորրորդ տեղ մը թաղուիլ։
2 – Բազմաթիւ լեզուներ խօսիլ, սակայն որեւէ մէկը կատարեալ չգիտնալ, մանաւանդ Հայերէնը։
 3 – Անաստուած ըլլալու իսկ պարագային, եկեղեցի յաճախել, կրօ-նական արարողութիւն-ներու հետեւիլբան մը չհասկնալով։ 4 – Եկեղեցիի մը թաղական ըլլալ առանց անոր օրէնքները գիտնալու։
 5 – Խոնարհ ըլլալ օտարներու հանդէպ եւ գոռոզ՝ իր ազգակիցներու 
 նկատմամբ։ 
 6 —  Ապրիլ օտար երկիրի մէջ Հայրենիքի կարօտով եւ Հայրենիքի մէջ՝ օտար երկիրներ երազելով։
 7 — Ողբալ հայերէն լեզուի նահանջին վրայ, բայց տան մէջ օտար լեզու գործածել։ 
 8 —Ընկերային դիրքը բարձրանալուն զուգահեռ հայութիւնը մոռնալ, զայն յիշել միայն, երբ ծերութեան դուռը հասնի։  
 9 — Ունենալ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն երկու ուղղագրութիւն,  բայց մէկն ալ  լաւ չգիտնալ։
 10 — Հայերէն աղօթել, օտար լեզուով խօսիլ, թուրքերէն երգել, պարել եւ հայհոյել։
  Այս անստորագիր ասացուածքները քաղած եմ տարիներու ընթացքին։ Ուզեցի զանոնք թերթին յանձնել՝ նկատելով անոնց այժմէականութիւնը, միշտ յարգելով բացառութիւնները (անշուշտ` եթէ կան);
       Վայ ինձ, վայ ինձ, վայ ինձ։
                                                                               Ատրինէ Գաբրիէլեան
                    