Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի Facebook-ի էջին կը կարդանք.

«Մեր երկրի բոլոր մարմիններուն, միջազգային ատեաններու պատուիրակու-թիւններու մէջ ընդգրկուած պատգամաւոր-ներուն, հասարակական-քաղաքական իրաւասու կառոյցներուն ու մասնագէտներուն կ՝առաջարկեմ աջակցիլ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին` ներկայացնելու Ազրպէյճանի հետ սահմանային բոլոր հատուածներով Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի շուրջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հայեցակարգը:

Այս առաջարկով կը դիմեմ նաեւ մեր հզօր Սփիւռքի կառոյցներուն ու անհատներուն:

Այդ նպատակին համար մենք պիտի ներկայացնենք անհրաժեշտ փաստեր ու հիմնաւորումներ:

Անվտանգութեան գօտին անհրաժեշտ է ՀՀ սահմանային բնակիչներուն, մեր երկրի քաղաքացիներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար: Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի գիւղերու հարեւանութեամբ, Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճանապարհներուն ազրպէյճանական զինուորականներ, դրօշներ ու ցուցանակներ պէտք չէ ըլլան:

Մենք պէտք է միասնական ջանքերով ու յստակ քայլերով, միահամուռ ուժերով բոլորով միասին պայքարինք մեր առաջ կանգնած օրհասական մարտահրաւէրներուն դէմ, պայքարինք մեր իրաւունքներուն եւ մեր երկրի անվտանգութեան համար»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *