ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տարածքին վրայ գտնուող Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պուրակին մէջ, 22 Մայիսին տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը:

Կիսանդրիին բացման պատիւը տրուած էր քանդակագործ եւ կիսանդրիի հեղինակ Եուրի Յովհաննիսեանին եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանին:

Յովսէփեան, ներկայացնելով Ազնաւուրի կենսագրութիւնը՝ բարձր գնահատեց մեծանուն երգիչին դերը եւ վաստակը համաշխարհային մշակոյթին ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *