«Վիրճին Կալաքթիք» ընկերութեան 71 տարե-կան հիմնադիրը՝ անգլիացի միլիարատէր Ռիչըրտ Պրէնսըն, դէպի անջրպետ առաջին անգամ փորձի նպատակով թռիչք կազմա-կերպող անձն է։ Ռիչըրտ Պրէնսըն Ամերիկայի իր ընկերութեան մէջ երկար տարիներէ ի վեր այս նպատակով աշխատանք կը տանէր։ Ան վերջապէս իր անձնակազմին հետ միասնաբար 11 Յունիս Կիրակի Նիւ Մէքսիքոյի անջրպե-տակայանէն դէպի անջրպետ ուղեւորուեցաւ իր ընկերութեան կողմէ պատրաստուած անջրպե-տանաւով եւ մօտաւորապէս 100 քմ. թռիչք կատարելէ ետք, մի քանի ժամ յետոյ ապահով ըլլալով երկիր մոլորակ վերադարձաւ։
Այս տիեզերանաւու արձակիչ ինքնաթիռներու շարժիչները (engine) Pratt and Whitney Canada ընկերութեան Թորոնթոյի մասնա-ճիւղին կողմէ PW300 շարքէն PW308 արտադրուած շարժիչներ են։ Այս ընկերութեան մէջ 27 տարիներէ ի վեր որպէս Design Engineer գործող եւ շարժիչներու բոցավառւթեան (Combustor ) բաժնի պատասխանատու Լորին Դերձակեան Մարգարեան եւ իր խումբը մեծ ներդրում ունեցած են այս անջրպետանաւու շարժիչներու պատրաստութեան մէջ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *