Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն (Երեք խորան) հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտած է։ Կառոյցը այսուհետեւ պիտի ծառայէ իբրեւ եկեղեցի եւ մշակութային կեդրոն։ Առաջին պատարագը կը նախատեսուի Օգոստոս 29-ին։ Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս»-ը։
Ըստ աղբիւրին՝ Մալաթիոյ HAY-DER կազմակերպութենէն Գէորգ Օզքարագիոզ յայտնած է, թէ եկեղեցին 100 տարի շարունակ եղած է աւերակ վիճակի մէջ, շինութեան՝ եկեղեցւոյ առնչուող հատուածներու վերանորոգումը ստանձնած է Մալաթիոյ HAY-DER կազմակերպութիւնը, որ վերականգնած է սրբավայրին խորանները եւ մկրտարանը։
Եկեղեցին այսուհետեւ պիտի ունենայ երկու գործառոյթգ այնտեղ պիտի կազմա-կերպուին հայկական համայնքի պատա-րագի, մկրտութեան եւ պսակադրութեան արարողութիւնները, սակայն հայկական սրբատեղին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակութային կեդրոն։ Եկեղեցւոյ մուտքին մօտ 3 լեզուով (թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն) գրուած է «Մալաթիոյ Երեք խորան եկեղեցի-Թաշհորան մշակութային կեդրոն»։
Կառոյցը երկար ժամանակ Մալաթիոյ քաղաքապետարանի գրանցամատեանին մէջ արձանագրուած եղած է իբրեւ եկեղեցի։
Սոյն թուականի Օգոստոս 26-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ վերաբացման պաշտօնական արարողութիւնը, Օգոստոս 28-ին եկեղեցին պիտի օծուի
ԿգՊոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանի ձեռամբ, իսկ յաջորդ օրը՝ Օգոստոս 29-ին, պատրիարքը անձամբ պիտի վարէ առաջին պատարագին արարողութիւնը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *