ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Անցեալ շաբաթ աշխարհի բազմաթիւ հայկական լրատուամիջոցներ գրեցուն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ղեկավարութեան կողմէ հայ հասարակութեան վստահութեան հնարաւոր չարա-շահման շուրջ ծագած խայտառակութեան մասինպատրիարքարանուն վստահուած հողերու վարձակալութեան հաւանական ստուերայուն գործարքով:

Աշխարհի բազմաթիւ հայեր մտավախութիւն ունին, որ Պատրիարքարանին վստահուած պատմական հայկական հողերը կրնան ենթարկուիլ նոյնիսկ գաղտնի եւ չարտօնուած անուղղակի հողի վաճառքի պայմանագրերու: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի եւ Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասի համայնքի լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, պատրիարք արք. Նուրհան Մանուկեան եւ Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի կառավարման գրասենեակի տնօրէն Պարետ քահանայ Երեցեան լիազօրուած չեն վարձակալութեան պայմանագրեր կնքել աւելի քան 25 տարի ժամկէտով՝ առանց «Սուրբ Սինոդի» -- Տնօրէն Ժողովի հաստատման: Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու մէջ USA Armenian Life հեռուստայայտագրի ընթացքին, երկու հետաքննող լրագրողներ այս յօդուածագիրը եւ պարոն Ոսկան Մխիթարեան, ընդգծեցին հայ ժողովուրդի համար հասարակական, քաղաքական եւ հայկական կրօնական կազմակերպութիւններուն առնչւող բոլոր գործերու մէջ թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան կարեւորութիւնը: Անոնց հերթին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, Հայ Կաթողիկէ Հայրերու Զմմառի Միաբանութիւնը, Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութիւնը եւ Հայ Աւետարանական Հաստատութիւնները, ի շարս այլոց:


Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բոլոր հայկական հաստատութիւններն ու կազ-մակերպութիւնները ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանան բոլոր հայերէ, որոնք կը ներկայացնեն Սփիւռքի քաղաքական եւ հասարակական ամբողջութիւնը իրենց բոլոր հատուածներով եւ յարանուանութիւններով:

Որպէս այդպիսին, ազատ մամուլի պարտականութիւնն է օգնել պարզութիւն մտցնելու իւրաքանչիւր հայ հասարակական կազմակերպութեան բոլոր ֆինանսական գործարքներու վերաբերեալ, ինչպիսին է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը:

Վերջին մի քանի տարիներուն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներգրաւուած եղած է ֆինանսական անյստակ գործարքներու մէջ:
Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի «Կովերուն Պարտէզ» հողատարածքիԵրուսաղէմի քաղաքապետարանին վերջերս տրուած ոչ արդարացուած վարձակալութեան վրայ լոյս սփռելու համար USA Armenian Life-ի խմբագրակազմը լրատուական հարցում ուղարկեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ անշարժ գոյքի տնօրէն Երեցեան քահանային: Ստորեւ կը ներկայացնենք USA Armenian Life-ի էլեկտրոնային փոստի պատճէնը: Պահանջ որ կը վերաբերի «Կովերուն Պարտէզ» հողի վարձակալութեան պայմանագրի պատճէնի. Յարգելի՜ պարոն/տիկին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Մամուլի հետ կապերու բաժնի, Keghart.org-ի մէջ եւ անոր յաջորդող լուսաբանումներու առթիւ որոնք ներկայացուեցան Փրօֆ. Էնտրիւ Տէմիրճեանի եւ Աբօ Չափարեանի յօդուածներով եւ որոնց USA Armenian Life-ի եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի մէջ հրատարակումէն յետոյ, հանրային մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացաւ ամերիկահայ համայնքի անդամներու լայն շրջանակներէ ներս, եւ այդ առումով՝ նաեւ ամբողջ սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն դարձաւ անյապաղ կիսել մեր ընթերցողներու հետ «Կովերուն Պարտէզի» հողերու վարձակալութեան պայմանագրի պատճէնը, որ, ըստ տեղեկութիւններու, կնքուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի եւ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ (կամ) աւստրալացի գործարարի միջեւ: Կրնա՞ք շուտափոյթ կերպով էլեկտրոնային փոստով ուղարկել «Կովերուն Պարտէզ»ի հողի վարձակալութեան պայմանագրի պատճէնը»: Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14-ին, Երեցեան քահանան գրեց այս հեղինակին մերժելով տրամադրել վարձակալութեան պայմանագրի պատճէնը.

«Ողջոյն Պարոն Չափարեան, Մտիկ ըրի ձեր եւ Ոսկանին հաղորդումը ցաւոք կþըսեմ թէ ոգին եւ ներկայացումը ձեր հաղորդումին ես անձամբ անճիշդ կը գտնեմ: Այո մենք 99 տարուսյ տուած ենք։ Եւ չէի գիտեր որ ձեզմէ արտօնութիւն պիտի առնէինք»:

Երեցեան քահանան կը հակասէ արք. Մանուկեանի այն պնդման, որ հողերու վարձակալութիւնը նախատեսուած է ընդամենը 25 տարի ժամկէտով:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ ժողովրդէ «արտօնութիւն ստանալու անհրաժեշտութեան», Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը համահայկական ազգային հարստութիւն է, քանի որ ան եղած եւ կը մնայ համահայկական աջակցութեան քուքուրանքի արարկայ: Հայ ազգը արժանի է եւ իրավացիօրէն կը պահանջէ հաշուետւողականութիւն:

Երեցեան քահանան շարունակեց. « Պատրիարքութիւնը այս հարցով զբաղած Է մօտ տասը տարիներ եւ ապա իր որոշումը առած է մէկ պատճառով պատրիարքութեանս տնտեսական բարգաւաճման եւ ապահովութեան համար: Հիւրանոցը նոյնիսկ 99 տարի ետք պիտի յանձուի պատրիարքութեան: 99 տարիով վարձակալութիւնը առեւտրական գործարք է աշխարհիս բոլոր կողմերը ներառեալ Ամերիկայ: Ես չեմ ուզեր խօսիլ այս յարձակումներուն մասին որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը մեր սրբազան Աթոռին պայծառութեան մասին է: Նաեւ ձեր ուշադրութեան յանձնեմ որ պատրիարքութիւնս ոչ հող կը ծախէ եւ ոչ ալ մտադիր է այդ տեսակ գործարքի: Այս է իրականութիւնը: Ձեզ կը թողում մնացեալը: Այս հարցը մեզի համար փակուած է»:

Մինչ Երեցեան քահանան սխալ կերպով կը պնդէ, որ «այս հարցը փակուած է իր համար», տագնապը դեռ շատ հեռու է փակուած ըլլալէ:

Սեպտեմբեր 10-ի «Հաղորդագրութիւն, որը չի հաղորդակցիր» վերնագրով մեկնաբանութեան մը մէջ, Keghart.org-ի խմբագրութիւնը կը գրէ. «Տարեկան վարձակալութեամբ, որ կը նախատեսուի հիւրանոց կառուցել Կովերուն Պարտէզի մէջ՝ Հայկական Թաղամասի ռազմավարական հարաւարեւմտեան անկիւնը՝ աւստրալացի գործարար Դանիէլ Ռուբինշտայնի կողմէ: Ցաւոք, յայտարարութիւնը ոչինչ չաւելացներ սկանդալի մասին մեր գիտելիքներուն եւ փոխարէնը կը տարածէ մշուշապատման եւ ապակողմնորոշման հաստ շերտ մը: Ան կը թաքցնէ ճշմարտութիւնը՝ միաժամանակ ձեւացնելով, թէ կը լուծէ խնդիրը»:

Keghart.org- ը շարունակեց. «Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ կþըսուի, որ գործարքը «ոչ աւելի գաղտնի է, քան որեւէ այլ զուսպ գործ եւ պատրիարքարանի արտօնեալ տեղեկատւութիւնը որեւէ այլ անձի կամ կազմակերպութեան»: Այն, բանին որ կ’առարկէ Գեղարդը, ա) գործարքի կնքումն է առանց Սուրբ Սինոդի-Տնօրէն Ժողովէն կենսական կանաչ լոյս ստանալու։ բ) Գեղարդը նաեւ դէմ է հայկական հողերը 99 տարուայ համար օտար կազմակերպութեան վարձակալելուն, երբ փաստ է, որ նման երկարաժամկէտ վարձակալութիւնները սովորութիւն ունին Երուսաղէմի մէջ, սեփականութեան մշտական փոփոխութեան վերածուելու»:

Աշխարհի հայերը խորապէս կը զգան, որ բոլոր հայկական հաստատութիւնները, ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները, լռելեանօրէն համահայկական ազգային հարստութիւն են եւ ճիշտ այդ պատճառով, անոնք համահայկական աջակցութիւն ստացողներ են: Հետեւաբար՝ բոլորը ենթակայ են հաշուետւողականութեան եւ թափանցիկութեան։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *