Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Արցախին եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, ընդգծեց, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաշտութեան պայմանագիրի կնքման ու Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրի շուրջ քննար-կումներուն:
«Ցաւօք, կողմերուն միջեւ կը պահ-պանուին քաղաքական հարցերուն շուրջ սկզբունքային տարակարծու-թիւնները, ուստի տուեալ փուլին մէջ առաջնակարգ կը նկատենք 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր կէտերուն աներկբայ կատարումը եւ, ի հարկէ, նախ եւ առաջ ատիկա կը վերաբերի զինադադարի դրութեան պահպանման, մարդասիրական հարցերու լուծման, շրջանին մէջ տնտեսական, փոխադրամիջոցային կապերու ապաարգելափակման, եւ յոյս ունինք, որ տուեալ քայլերը պիտի օգնեն պայմաններ ստեղծելու հայ-ազրպէյճանական կապերու եւ վերջնական քաղաքական լուծման համար», ըսաւ Զախարովա:
