Posted on June. 16. 2022
Նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի քաջարի խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, յօդուածագիրներուն եւ շաբա-թական հեռուստային հաղորդումներու զրուցակիցներուն AMGA հեռուս-տակայանի միջոցով իրենց տարած յոյժ կարեւոր իսկական հայ ազատ մամուլի աշխատանքին համար: Իս-կապէս` բարձրօրէն գնահատելի է:
Որպէս Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան երկարամեայ հետեւորդ ես ինծի թոյլ պիտի չի տայի այս տողերը գրել, եթէ վերջին տարիներուն իրազեկուած չըլլայի հայ ազատ մամուլէն այն մասին թէ ինչպիսի հայավնաս ՙաշխատանք՚ կատարած է երբեմնի իմ շատ սիրելի կուսակցութիւնը:
Չափազանց անհանգստացած եմ որ 100 ամեայ ՌԱԿ-ը եւ 75 ամեայ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ԹՄՄ ընդհանրապէս սխալ մարդոց ձեռքը անցած են վերջին 30-40 տարիներուն:
Դեռ ի՞նչ երեսով այս մարդիկ 100-ամեակներ եւ 75-ամեակներ կը տօնեն երբ յետադարձ ակնարկ մը դէպի վերջին 30-40 տարիներու վրայ բաւ է իմանալու թէ ինչպիսի տզրուկներ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ՙղեկավարներ՚ դարձած են:
Ծուռ նստինք շիտակ խօսինք. Դեռ ի՞նչ երեսով իմաստազուրկ դարձած ՙՆոր Օր՚ Շաբաթաթերթի մէջ իրենք իրենց գովքը կը շեփորահարեն: Երբ տեսայ ՙփառաշուք՛ լուսանկարը այնտեղ նկատեցի վարկազրկուած մարդիկ որոնք խոշոր գողութեան մէջ մեղադրուած են: Օրինակ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի վատահամբաւ թեմական ՙառաջնորդ՚ Յովնան Տէրտէրեանը:
Ես կ՛առաջարկեմ իսկական ազատ մամուլ՝ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի յարգարժան խմբագրութեան որ վերստին հրատարակէ նախորդ տարիներուն՝ ՌԱԿ-ի Արեւելեան ԱՄՆ-ի անդամներէն՝ Յակոբ Վարդիվառեանի կողմէ գրուած ՙՀԱՇՈՒԷԱՐԴԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ՚ յօդուածը:
1997-ին գրուած այս յօդուածը կ’արտացոլայ այն նոյն «հիւանդութիւնը» որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ վարակել ՀԲԸՄ-ՌԱԿ շրջանակը եւ քանի որ այդ ապազգային գործելաձեւը չէ վերացուած, նոյն յօդուածը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը։
Կը փափաքէի աւելցնել, որ այդ նոյն նեխած շրջանակն է որ, 1997-էն ասդին եւ յատկապէս վերջին տարիներուն նորանոր վարժարաններ փակեց եւ որոնց կարգին՝ Լոս Անճելոսի այնքան յաջող եւ եռուն ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը:
Եւ նոյնիսկ առանց ամչնալու, ՆՈՐ ՕՐ-ը յայտարարեց որ ազգային/մշակութային առաքելութիւնը ամբողջացած է՚: Ի՞նչ կը նշանակէր այդ մէկը. Հայ հասարակութիւնը կողոպտեն եւ անօնց երեխաներն ալ առանց դպրոցի թողուն, եւ յետոյ ալ քէֆ ընեն որ իրենց առաքելութիւնը աւարտած է: Ամօթ… հազա՜ր ամօթ:
Այս մարդուկներուն կ՛ուզէի անգամ եւս հարցնել թէ Ինչու՞ փակեցին այդքան եռուն հայ դպրոցը ու Տիգրանեան Վարժարանի անշարժ կալուածներու ապօրինի վաճառքէն ստացուած աւելի քան 14,5 միլիոն տոլարով ուրիշ աւելի լաւ բան ի՞նչ պիտի ընէին: Յստակ է որ, ներքին տզրուկները իրենց անձնական շահերուն համար փակեցին հայ վարժարան մը եւ հարիւրաւոր հայ ուսանողներ պարտաւորուեցան յաճախել օտար վարժարաններ:
Այս ի՞նչ տեսակ մարդիկ են մեր օրեայ մակաբոյծները՚: 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն որբացած վերապրող սերունդը կրցաւ հայ դպրոցներու ցանցեր ստեղծել Սփիւռքի տարածքին եւ որոնց կարգին Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: Բայց մերօրեայ կազմակերպութիւններու այս անխելք ՙղեկավարները՛ միայն դպրոց եւ ակումբներ կը փակեն:
Միակ հայապահպանման միջոցը հայեցի դաստիարակութիւնն է հայ վարժարանէ ներս որպէսզի երախաները եւ համայնքը իրարու ճանչնան եւ հայօրէն մեծնան եւ հայրենիքի կապը ուժեղացնեն: Նաեւ՝ իմանան իրենց ինքութիւնը, իրենց պատմութիւնը եւ ճանչնան իրենց նախահայրերուն հարուստ ժառանգութիւնը: Որպէսզի ապագային օգտակար ըլլան ե՛ւ հայրենիքին ե՛ւ Սփիւռքի ինքնութեան գոյատեւման:
Եթէ կը կարծէք որ միայն եկեղեցի բանալով ազգը պիտի փրկէք կը սխալիք: Եթէ հայեցի դաստիարակութիւնը չուժեղացնենք ապա ուրեմն չենք կրնար նախապատրաստել հայոգի նոր սերունդներ: Եթէ հայաոգի նոր սերունդ չպատրաստենք ապա ուրեմն Ինչու՞ համար են այդ շքեզ եկեղեցիները:
Եթէ այսպէս մեր խելքը եւ գրպանը յանձնենք Յովնան Տէրտէրեաններու եւ անոնց մեծաքանակ եկեղեցիներու շինութեան անհատնում մարաթոնին ապա ուրեմն օր մը պիտի առթննանք եւ տեսնենք թէ բոլոր առումներով սնանկացած ենք: Եթէ երեխան հայեցի կրթութիւն չունի եւ չէ զարգացուցած իր Հայկական ոգին, ի՞նչ կրնայ հասկնալ հայ եկեղեցի երթալով:
Չմոռնամ ընդգծելու որ հայ դպրոցի դէմ է մեր Թեմի առաջնորդը: Վայ թէ իրեն ըսես թէ միայն նոր եկեղեցին շինէ եւ համայնքին ալ հետը ՛շինէ՛ գումարներու ապօրինի իւրացմամբ: Շրթունքները կը ջրոտին:
Անցեալ շաբաթ, USA Armenian Life TV-ով պր. Ոսկան Մխիթարեան շատ ճիշտ մատնանշեց թէ միլիոնաւոր տոլարներ անհետացած են Սբ. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճառի շինարարութեան ընթացքին: Ես ալ կ՛ուզէի աւելցնել որ կը շարունակեն անհետանալ նորանոր եկեղեցիներու շինարարութեան միջոցով: Նոյն Սինան Սինանեանը չէ՞ որու գիթին տակ այդ միլիոնաւոր տոլարներու գումարները անհետացան, եւ նոյնին մեղսակցութեամբ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ Մանուկեան Բարձրագոյն Վարժարանը ոչ-արդարացիօրէն փակուեցաւ: Ի դէպ, մամուլէն իմացայ որ գիտնալով որ մօտ ատենէն այդ վարժարանը պիտի փակուի, մօտ երկու միլիոն տոլարի նոր շինարարութիւն ըրած է: Ինչու՞ այս աւելորդ մսխումը…
Հիմա, լաւ հասկցէ՛ք: Այս ընթացքով, մեր սերունդները պիտի ձուլուին եւ հայ եկեղեցի յաճախող պիտի չի մնայ: Ես վստահ եմ Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ իր կցորդ Յովնան Տէրտէրեանի նմաններու համար ձեռնտու է եկեղեցիներու դատարկումը որպէսզի անոնք ալ, իրենց անձնական շահին համար, օր մը սկսին ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ ՄԸ, գրպանելով հարիւր միլիոնաւոր տոլարները որոնք խիստ կենսական են Հայկական սփիւռքը ուժեղ պահելու համար հայ դպրոցի միջոցով:
Այնպէս որ, պարապի փարաները մի ծախսէք տէրտէրներուն հարստացնելու համար որ իրականութեան մէջ կ՛աղքատացնէ մեր ազգին:
Հայ եկեղեցին կարեւոր է սակայն չափէն աւելի եկեղեցիներու կառուցումը ի վնաս հայ դպրոցին, մահացու հարուած է հայապահպանման:
Մ’ի թողէք որ մեր ներքին վաշխառուները կողոպտեն սփիւռքն ու հայրենիքը իրենց անձնական շահին համար:
Սփիւռքի ինքնապաշտպանութեան համար, մեր հաւաքական նպատակը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ համայնք օժտել հայ դպրոցով եւ ակումբով որպէս երրանկիւն միջնաբերդը հզօր սփիւռքին, որպէսզի ուժեղ սփիւռքով առաւել նեցուկ կանգնինք Հայաստան-Արցախին:
Թոյլ տուէք որ փոխ առնեմ պրն. Աբօ Չափարեանի կողմէ հնչեցուած կարգախօսը. ՙՀզօր Հայաստան եւ Սփիւռք: Ի երջանկութիւն հայրենասէրներու ի դժբախտութիւն՝ հակահայերուն՚:
Յարգանքներով՝
Յակոբ Սարգիսեան
Փասատինա, Քալֆոռնիա, ԱՄՆ
Յ.Գ. Կը մաղթեմ անկաշկանդ յարատեւութիւն եւ յաղթական երթ հայ ազատ մամուլի անդամներուն եւ յատկապէս ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին եւ Գանատային ԳԵՂԱՐԴ-ին:
ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
(Ռ.Ա.Կ.-ի Ուոթըրթաունի Ակումբին Ծախու Հանման Առիթով)
Ծանօթ. Խմբ. – 1997-ին գրուած այս յօդուածը կ’արտացոլայ այն նոյն «հիւանդութիւնը» որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ վարակել ՀԲԸՄ-ՌԱԿ շրջանակը եւ քանի որ այդ ապազգային գործելաձեւը չէ վերացուած, նոյն յօդուածը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը։
Կարդալ նաեւ՝ Յակոբ Սարգիսեանի ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ-ը
ԳՐԵՑ` ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, Ամերիկայի Արեւելեան Ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան գլուխ եկած եռեակըԵրուանդ Ազատեան – Արշաւիր Կէօնճեան – Յարութիւն Արզումանեան, հաշուեյարդարի կ’ենթարկէ Ռ.Ա.Կ.-ի ունեցած եւ տարիներու զոհողութեամբ գոյացած նիւթական թէ բարոյական ամբողջ ունեցուածքը: Յստակ է թէ այս երեքը կանխամտածուած հաշիւներէ թելադրուած է որ լուծարքի կ’ենթարկեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Այսպէս …
Ա.- ԱՐԱՐԱՏ ԴԱՇՏԱՎԱՅՐ
Տասնամեակներ ամբողջ մեծագոյն Պոսթոնի համար կուսակցութեան Արարատ Դաշտավայրը (Մէյնար, Մեսեչուսէց) որպէս զբօսայգի ծառայած էր շրջանի հայութեան: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, հայրենակցական միութիւններու, զանազան ազգային կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութեան համար այս դաշտավայրը եղած էր, ամառնային շրջանի համար, ժամադրավայրը հայութեան: Դաշտավայրը ունէր կարեւոր նշանակութիւն համայնքին հայրենասէր ու Էջմիածնասէր ճակատին համար: Նոյն նահանգին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ունի Հայաստան Դաշտավայրը, որ մինչեւ այսօր կը ծառայէ համայնքային եւ կուսակ-ցական նպատակներու: Դաշնակցութիւնը իր դաշտավայրին մէջ ամէն ամառ ի մի կը հաւաքէ ամերիկահայ նորահաս սերունդը եւ կը դաստիարակէ դաշնակցական սկզբունքներով: Ռամկավարներս ծախեցինք մեր դաշտավայրը եւ անոր հասոյթը, հակառակ հիմնադրամի անուան տակ պահուելուն, մսխուեցաւ քանի մը տարուան ընթացքին: Այսօր, արդէն իսկ մոռցուած է ան. եւ սակայն հաշիւ կը պահանջուի գէթ յարգելու համար յիշատակը պոսթոնահայ այն ընկերներուն, որոնք դէմ եղած էին դաշտավայրի վաճառքին:
Բ.- Ռ. Ա. Կ. «ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
Մօտ տասը տարիներ առաջ փակուեցաւ կուսակցութեան «Վաստա-կաւորներու Հիմնադրամ»ը եւ այդ անունով գոյութիւն ունեցող դրամը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ կուսակցութեան այդ օրերու ղեկավարութեան. այսինքն՝ յիշեալ եռեակին: Գումարը ամբող-ջութեամբ մսխուեցաւ կարճ ժամանակի ընթացքին: Հիմնադրամին գլխաւոր նպաստակն էր նիւթապէս հասնիլ օգնութեան կարօտ մեր այն վաստակաւոր ընկերներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան ծառայած էին կուսակցութեան եւ իր մամուլին: Եռեակը յաջողեցաւ Հիմնադրամի այդ օրերու ատենապետ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանէն առնել իր տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջ գումարը:
Այսօր այլեւս խօսող չկայ այդ ընկերասիրական հիմնադրամին մասին, որ սէնթ առ սէնթ հաւաքուած էր եւ մասնաւորաբար մէջտեղ եկած էր մեր ընկերուհիներուն զոհողութիւններով օգնելու ծանօթ խմբագիրներու եւ գործիչներու:
Գ.- “ՊԱՅՔԱՐ” ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ
Բովանդակ ամերիկահայութեան (Նիւ Եորքէն մինչեւ ֆրեզնօ) մտաւորական շրջանակին համար ծանօթ էր Պայքար Հրատարակչութիւնը իր հրատարակութիւններով: Ամերիկահայ գրողը, կուսակցական թէ ոչ, աւելի քան կէս դար իր գիրքերը տպել տուած էր Պայքար Հրատարակ-չութեան մօտ: Քաջածանօթ մտաւորական Դոկտ. Գրիգոր Մագսուտեան ատենին կատարած իր ուսումասիրութեամբ պարզած էր թէ հրատարակ-չատունը լոյս ընծայած էր մօտ երկու հարիւր անուն գիրք: Հրատարակ-չութիւնը մէկ կողմէ օգտակար կ’ըլլար հայ գրողին՝ դիւրացնելով անոր գործը եւ յագեցնելով ընթերցողին ծարաւը, իսկ միւս կողմէ նիւթական կարեւոր եկամուտ մը կ’ըլլար Պայքար Հաստատութեան:
Անցնող քսանամեակին, նկատի ունենալով սփիւռքահայ տեղա-շարժերը, մեծ թիւով հայ գրողներ Միջին Արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն եկան հաստատուիլ Ամերիկայի այս ափերը եւ շարունակել իրենց գրական աշխատանքները: Դժբախտաբար, երբ աւելիով կարելի պիտի ըլլար օգտուիլ նման գործառնութիւններէ, անշքացուցինք հրատա-րակչութիւնը: Պայքար Հաստատութեան շատ լաւ վարձատրուած տնօրէնը, որ իբր թէ հրատարակչական գործին ալ պատասխանատուն էր, յետագային «բարոյապէս» տասնապատիկ վերադարձուց եռեակին … անկէ առած հնչուն գնահատանքը:
Դ.- ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ամերիկայի կուսակցական մեր տարեգրութեան մէջ ուրիշ տխուր էջ մը կարելի է նկատել Եուսուֆեան կեդրոնին ծախուիլը: Նիւեորքաբնակ հաւատաւոր ընկերուհի Նուարդ Եուսուֆեան իր ողջութեան Մենհըթենի իր շէնքը եւ ունեցուածքը կտակած ու յանձնած էր Թէքէեան Մշակու-թային Միութեան: Ողբացեալ ընկերուհին գիտէր թէ որքան անհրաժեշտ էր այս մեծ ոստանին թէքէ-եանականներուն եւ ռամ-կավարներուն համար սեփական հաւաքավայր մը ունենալը:
Մօտ տասը տարիներ Նիւ Եորքի ռամկավարները ունեցան զարթօնքի շրջան մը՝ շնորհիւ Եու-սուֆեան կեդրոնին: Ծրագիրներ կը մշակ- ւէին արդիականացնելու շէնքը եւ հասնելու նորօրեայ կարիքներուն:
Բոլորին յստակ է թէ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Ռամկավար Ազատականները տեսնելով այս եռեակին կուսակցակործան արարքները, դարձած էին զիրենք խստիւ քննադատողներ: Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին քանիցս ցասում, վերապահութիւն, յուսախա-բութիւն եւ ընդվզում յայտնած էին անոնք այդ եռեակին նկատմամբ:
Վերջապէս, հաշուեյարդարի ենթարկելու համար Նիւ Եորքի առողջ շրջանակը, եռեակը օր ցերեկով ծախու հանեց Եուսուֆեան կեդրոնը երեք տարի առաջ: Այսպիսով եռեակը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամի գլխարկ դրած իր գլխուն, զրկած եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի ամէնէն աշխոյժ եւ գործունեայ շրջանակը իր սեփական կեդրոնէն:
Ե.- «ՊԱՅՔԱՐ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Երեք տարիներ առաջ փակուեցաւ 90-ամեայ «Պայքար» պաշտօնաթերթը: 1899-էն ի վեր ամերիկահայ լրագրութեան նահապետը լռեց Ազատեան – Կէօնճեան – Արզումանեան եռեակին իշխանութեան օրով: «Պայքար», հակառակ կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալուն, կը ծառայէր ամբողջ ճակատի մը: Ռ.Ա.Կ.-ի գոյութիւնն անգամ խնդրական կը դառնար այս ափերուն՝ «Պայքար»ի փակումով: Ամերիկահայ ամենայարգուած թերթը, սակայն, փակուեցաւ: Անոր շուրջ հաւաքուած մտաւորականները ցրուեցան. տասնամեակներ ամբողջ «Պայքար»ով հոգեկան եւ մտաւորական սնունդ ստացած ընթերցողները դարձան յուսախաբ: «Պայքար»ի հաշուեյարդարով Հ.Յ.Դ.-ի հայատառ պաշտօնաթերթը հրապարակի վրայ մնաց առանձին:
Զ.- ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Առաւել եւս թափ տալու համար Հայ Դատի հետապնդման աշխա-տանքներուն, մանաւանդ երբ հնարաւորութիւնները լայն չափով ձեռնտու էին ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ, Տիգրան Սմսարեանի գլխաւորած Հայոց Հողային Դատ ի Յանձնախումբը փոխելով իր անունը Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA), Պոսթոնէն փոխադրուեցաւ Նիւ Ճըրզի եւ անոր ատենապետութիւնը յանձնուեցաւ Նուպար Տօրեանի, որ այդ օրերուն միացած էր Ռ.Ա.Կ.-ին:
Խորհուրդը ունեցաւ ուշագրաւ գործունէութիւն, բայց եռեակին համար անոր գոյութիւնը Նիւ Ճըրզիի մէջ աւելորդ էր: Ա՛յդ ալ հաշուեյարդարի ենթար-կուեցաւ եռեակին խարդաւանքներով:
Է.- ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ
Մէկ առ մէկ փակուեցան 50-60 տարուան աւանդութիւն ունեցող Ռ.Ա.Կ.-ի ակումբները (մասնաճիւղերը): Այսպէս՝ Լորընսի, Լովըլի, Ուայթընսվըլի, Փրաւիտընսի, Ուստրի ակումբները փակուելէ յետոյ, անոնց յաջորդեցին Պոսթոնի շրջանի Չըլսիի Սվազլեան, Ուոթըրթաունի կանանց Շուշան Վարդենի, կանանց Հրաչ Երուանդ, արանց Ա. Ն. Նազար ակումբները: Փակուելու վտանգի ենթակայ են Նիւ Պրիթընի, Գլիվլընտի եւ Ֆիլատելֆիոյ ակումբները, որոնք տարիներէ ի վեր կուսակցական գործունէութիւն համարեայ չունին:
Պոսթոնի մէջ քսանամեակ մը առաջ սկսած երիտասարդական Դարբինեան ակումբը եւս կարճ ժամանակ մը ետք փակեցին՝ ձերբազատուելու համար ապագայ հաւանական գլխացաւերէ …: Կարելի էր որոշապէս փրկել այս ակումբներուն մեծ մասը, մանաւանդ անոնց իբրեւ շիճուկ ներարկելով Մերձա-ւոր Արեւելքէն անցնող տարիներուն ժամանած շարքայիններ: Սակայն ո’չ մէկ աշխատանք կատար-ւեցաւ այդ ուղղութեամբ` եռեակին հիմնական մտահոգութիւնը աթոռ պահելն ըլլալով …:
Եւ, այսպէս, հաշուեյարդարը կը շարունակուի՜ ու հասած է՝
Ը.- ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ Ռ.Ա.Կ. ԱԿՈՒՄԲ – ՀԱՒԱՔԱՎԱՅՐԻՆ
Պոսթոնի մեր ընկերներէն ու բարեկամներէն կ’իմանանք թէ ծախու հանուած է Մաունթ Օպըրնի վրայ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը գտնուող ակումբը: Տարիներով ան եղած էր կուսակցական ժողովներու հաւաքավայր: Վերջին երկու տասնամեակներուն անոր սրահը ծառայած էր որպէս համայնքային հաւաքավայր եւս, իբրեւ այդպիսին որոշ եկամուտ ալ ապահովելով Պայքար Հաստատութեան:
Ու ահա՛ ծախու հանուած է այս ակումբն ալ եռեակին նախաձեռնութեամբ: