Posted on June. 16. 2022
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Ըստ Hetq.am-ի՝ Հայաստանի կառավարութիւնը 280,000 ԱՄՆ տոլար կը վճարէ Steptoe & Johnson միջազգային իրաւաբանական ընկերութեան՝ 2012 թուականին ներդրումային իրաւարարային (արբիտրաժային) հայցի առնչութեամբ իր շահերը ներկայացնելու համար: Էդմոնդ Խուդեան անշարժ գոյքի ներդրողը գործ հարուցած էր Հայաստանի դէմ Ներդրումային Վէճերու Կարգաւորման Միջազգային Կեդրոնի մէջ՝ պնդելով, որ իրեն խաբած են Քոչարեան-Սարգսեան գողապետական ռեժիմի տարիներուն իր տեղական բիզնես գործընկերը, Երեւանի մէջ անշարժ գոյքի գործարքի մէջ, եւ որ Հայաստանի կոռումպացուած պաշտօնեաներն ու դատարանները ոչինչ չեն ձեռնարկած ենթադրեալ խարդախութիւնը հետաքննելու եւ ուղղելու համար։
2021 թուականի Նոյեմբերին, Գերագոյն Դատարանը մերժեց Խուդեանի 10,7 միլիոն տոլարի հայցն ընդդէմ Հայաստանի։
Խուդեան, որու կը պատկանի «Արին Կապիտալ Ինվեստմենթ» ՍՊԸ-ն, այժմ կը փորձէ մասնակիօրէն չեղարկել Գերագոյն Դատարանի որոշումը։ 2012 թուականի Հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Խուդեան գրած է այն ժամանակուայ ԱՄՆ-ի Հայաստանի մէջ դեսպան Ճօն Հեֆերնին խնդրելով դեսպանատան աջակցութիւնը։ Խուդեան կը պնդէ, որ իրմէ 8,5 միլիոն տոլար թալանած են տեղի գործարար գործընկերները։ Խուդեանն այն ժամանակ մեղադրած էր Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութեան եւ Պետական Եկամտային Կոմիտէին արարքին մէջ մեղսակցութեան համար։
Այս գրողը կը միանայ բազմաթիւ սփիւռքի եւ հայրենի հայերու, որոնք կոչ կ՛ընեն ներկայ՝ Փաշինեանի կառավարութեան ուղղել իրավիճակը, որ, ըստ տեղեկութիւններու, գրեթէ հասցուցած է պրն. Խուդեանին՝ սնանկութեան:
Արդէօ՞ք ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆը կամաց-կամաց թափ պիտի հաւաքէ։
Արդէօ՞ք Փաշինեանի կառավարութիւնը ի միտի է «Ապօրինի Կերպով Ձեռք Բերուած Գոյքի Բռնագանձման Մասին» նոր օրէնքը արագօրէն կատարելու՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական խոստումը։
Մայիսի սկզբին, ԱՄՆ Դաշնային իշխանութիւնները դիմած են Լոս Անջելեսի 63 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատունը բռնագրաւելու կոռուպցիոն խայտառակութեան մէջ, որու մէջ ներգրաւուած են նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի մերձաւորներէն՝ Գագիկ Խաչատրեան։ ԱՄՆ Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ առանձնատունը գնուած է Խաչատրեանին տրուած կաշառքով։
ԱՄՆ իշխանութիւնները կը պնդէին, որ Հոլմբի Հիլզի մէջ գտնուող 33,652 քառակուսի ոտնաչափ (3,126 քառակուսի մետր) անշարժ կալուածը ձէռք բերուած է «հայ գործարարի կողմէ տրուած կաշառքով» Հայաստանի ֆինանսներու նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանին, 2011 թուականին: Նախկին Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի նախագահն էր 2008-էն՝ 2018։
Բազմաթիւ հայեր երախտապարտ են ԱՄՆ-ի կառավարութեան՝ Հայաստանին օգնելու համար՝ պատշաճ կերպով բացայայտելու եւ աջակցելու ոչ միայն Խաչատրեանի անօրինական ճանապարհով ձեռք բերուած ունեցուածքը, այլեւ բազմաթիւ այլ գողապետականներու ապօրինի ունեցուածքի առգրաւման եւ վերականգնման գործի մէջ։
Այժմ հաւաստի տեղեկութիւններ կան այն յստակ հնարաւորութեան մասին, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը խորացնէ իր հետաքննութիւնը եւ հետագային ԱՄՆ-ի իրաւասութեան տակ գտնուող նախկին գողապետականներու անօրինական ձեռք բերուած ունեցուածքներու առգրաւումը։
Բազմաթիւ հայեր Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ այժմ կոչ կ՛ընեն այլ օտարերկրեայ պետութիւններուն, ինչպիսիք են Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, Ֆրանսան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Գանատան, Գերմանիան, Իտալիան, Աւստրիան եւ այլք՝ աջակցելու Հայաստանին՝ պատշաճ կերպով բացայայտելու եւ բռնագրաւելու հայ նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներէն ապօրինի կերպով ձեռք բերուած ունեցուածքներու եւ վերադարձնելու իրաւատէր՝ Հայ ժողովուրդին, որոնք, ըստ տեղեկութիւններու, այժմ կը գտնուին իրենց իրաւասութեան ներքոյ:
Նախկին գողապետական վարչակարգերը՝ Նախ. Լեւոն Տէր-Պետրոսեան (1991-1998), Նախ. Ռոբերտ Քոչարեան (1998-2008) եւ նախ. Սերժ Սարգսեան (2008-2018) իրենց հարազատներու եւ մերձաւորներու հետ կասկածի տակ են Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական պիւտճէները թալանելու մէջ եւ ըստ տեղեկութիւններու խաբած են հայրենիքի ու սփիւռքի անթիւ ներդրողներու, տասնեակ միլիարդաւոր տոլարներ թալանելով:
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ միջազգային ներդրումներու թափն աւելցնելու համար պաշտօնական Երեւանը պէտք է ստեղծէ յատուկ հիմնադրամ՝ խարդախութեան, բռնութեան, ապօրինի իւրացման, ռեկետի, իրաւախախտման եւ շորթման բոլոր զոհերուն փոխհատուցելու համար։ Անկախութենէն ի վեր Հայաստան կորսնցուցած է աւելի քան 1,5 միլիոն իր արտադրող քաղաքացիներուն՝ սիստեմատիկ աղքատացման եւ սոցիալական անարդարութեան պատճառով, որ հետեւանք է ներքաղաքական խորացուած բոլշեւիկեան-սովետական կոռուպցիայի եւ նեպոտիզմի-ԽԾԲ-ութեան:
Անօրինական ճանապարհով ձէռք բերուած գոյքի բռնագրաւման վերջին ջանքերը կրնան նոր դարաշրջանի սկիզբ դառնալ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու համար։ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ նման պատժիչ եւ ուղղիչ գործողութիւնները կրնան խթանել օտարերկրեայ ներդրումներու աննախադէպ աճ` բնակչութեան փաստացի աղքատութենէ դուրս բերելով, հարստացնելով պետական գանձարանը՝ ուժեղ պաշտպանական եւ առողջ հարկապիւտճէական ծախսեր իրականացնելու համար։ Հայաստան խիստ կարիք ունի սոցիալական արդարութիւն ապահովելու:
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանէն ներս եւ դուրս որոշ ուժեր մշտապէս կը թիրախաւորեն Հայաստան-Արցախի տնտեսութիւնը՝ հավերժացնելու համար զանգուածային աղքատութիւնը, բռնագաղթը, տնտեսական ստրկութիւնը, ժամանակակից ճոռտատիրութիւնը –ֆեոդալիզմն ու արտագաղթը, թուլացնելով Հայաստանի քաղաքացիներու ինքնորոշման եւ ինքնապաշտպանական կարողութիւնները, վերջնականապէս խարխլելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։
Ազգային անվտանգութեան շատ փորձագէտներ համաձայն են, որ տնտեսական անկումը ազգային անվտանգութեան թիւ մէկ սպառնալիքն է որեւէ ազգի համար: Հայաստանի պարագային, այդ սպառնալիքն աւելի ընդգծուած է, քանի որ Հայաստանն առայժմ կը գտնուի անբարենպաստ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մէջ։ Ներկայիս գերպետութիւններու փախում կայ Հարաւային Կովկասի մէջ որու կորիզն է Հայաստան-Արցախը: Հայկական զոյգ հանրապետութիւններու տնտեսական եւ ռազմական հզօրացումը կրնայ կայունացման կարեւոր գործօն դառնալ:
Հայ ազգը (Սփիւռք, Հայաստան եւ Արցախ) պէտք է հաւաքականօրէն մաքրէ հայ ազգի մակաբոյծները թէ՛ երկրի ներսը եւ թէ՛ դուրսը, որպէսզի հայրենասիրական ուժերու համար ճանապարհ յարթէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ուժեղացուած ղեկավարութիւնը հզօրացնելու եւ աջակցելու համար Հայոց պետականութեան հետեւողական վերակառուցման:
Ժամանակն է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխող կուսակցութեան եւ նախկին գողապետական ճամբարի բոլոր հայրենասէր ուժերը միանան միւս հայրենասիրական ուժերուն։ Սա հրամայական է՝ նոյնիսկ եթէ գլոբալիստ (սորոսականները) եւ նախկին գողապետականները ընդդիմանան: Հայ ազգի առաջնագծի վրայ պէտք է յայտնուի երրորդ ուժը — ազգասէր-հայրենասէր-պետականսէր, եւ այդ ուժը պէտք է բաղկացած ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ողջ առողջ հայութենէ։
Այս գրողի կարծիքով, հայ ազգի գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ բոլոր հայրենասէր ուժերու մերձեցումը, որպէսզի հայ ազգը կարողանայ արդիւնաւետօրէն հզօրացնել հայկական զոյգ հանրապետութիւնները՝ իրականացնելու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան իրենց իրաւունքները։ Այդ իրաւունքները հայ ազգի ծնեալ իրաւունքներն են։ Անոնք սակարկելի չեն ու անօտարելի են։
Այս գրողը կը միանայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ ակտիւիստներուն՝ կոչ ընելով ներկայ իշխող կուսակցութեան նպաստելու հայրենասիրական ուժերու մուտքին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս՝ անարդիւնաւետ, կամ հակառակ արդիւնք տուող պատգամաւորներուն զրկելով անարժան մանդատներէն: Նաեւ՝ օրէնսդրել նոր օրէնք՝ պաշտօնազրկելու հետս կոչելով մանդատները եւ զանոնք փոխանցելու անցեալ տարուայ արտահերթ ընտրութիւններուն Ազգային Ժողովէն դուրս մանացած առողջ ուժերու։
Հայրենասէր կուսակցութիւններէն շատերը 2021 թուականի Յունիսին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ, Հայաստանի խորհրդարանէն դուրս մնացին, քանի որ չկրցան յաղթահարել նուազագոյն 5 տոկոսի շեմը։ Ատիկա արեւանգած էին հին ռեժիմի գողապետները: Նախկին գողապետ նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեան ծախսեցին հայ ժողովուրդէն թալանած փողերը՝ հայ ժողովուրդին դէմ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք ընտրակաշառքներ շռայլած են աղքատ բնակչութեան խոցելի հատուածի վրայ: Յստակ օրինախախտում:
Պէտք է համատարած ընտրակաշառքի պատճառով չեղեալ համարել կամ չեղարկել անցեալի տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է գործադրեն օրէնքը եւ եթէ նման օրէնք գոյութիւն չունի, հարկաւոր է մշակել նոր օրէնք:
Հայ ակտիւիստներ խորապէս կը հաւատան, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգի համապարփակ ապանեխացումը՝ աշխատանքէ հեռացնելով բոլոր կոռումպացուած դատաւորներուն եւ դատախազներուն, որոնք նշանակուած են Տէր-Պետրոսեանի, Քոչարեանի եւ Սարգսեանի նախկին կոռումպացուած ռեժիմներու կողմէ։ Արդարադատութեան համակարգը մաքրելով, Հայաստանի տնտեսական, սոցիալական, քաղաքական եւ ռազմական աճը կրնայ աննախընթաց արագանալ։
Հայ դիտորդներ եւ իրաւական փորձագէտներ կը կարծեն, որ երբ Հայաստանի մէջ ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ամրապնդումը իրականանայ, այն ժամանակ իրատեսական կ՛ըլլայ ակնկալել, որ Երեւանը եւ Ստեփանակերտը սկսին աւելի առողջ պետականութեան նոր դարաշրջան, որ կը զուգորդուի բարձր մակարդակի կրթական համակարգով, ուժեղացնելով զոյգ հանրապետութիւններու ճարտարագիտութեան եւ արդիւնաբերութեան վերաշխուժացումը։