Posted on August. 4. 2022
Կով մը հաստավիզ ու ծանրամարմին,
Երբ կը պտտէր լիճի մը ափին,
Պատահմամբ ոտքը դէմ եկաւ քարի
Ու ամբողջ մարմնով ինկաւ մէջ ջուրի։
Լողալ չէր գիտեր դուրս գալու համար,
Անվերջ կը շարժէր ոտքերը վեր-վար…
Կատու մը սիրուն ու նիհարաւուն,
Հեռուէն տեսնելով վիճակը կովուն,
Կայծակնաթռիչ սլացաւ լճափ,
Փրկելու համար զոհը ուժաթափ,_
—«Մ՛ի վախնար ,եկայ ազատելու քեզ»,
Ըսաւ կատուն ու թաթը երկարեց…
Շրթներուն դպած մահաբաժակը,
Երթալէ առաջ ջուրի յատակը,
Բերանը բացաւ մահամերձ կովը
եւ արտաբերեց իր վերջին խօսքը՝
—«Ներ՛է որ մերժեմ ,ո՜վ ազնիւ հոգի,
Կառչիլ թաթիկէդ ազատարարի,
Որպէսզի դուն ալ իյնալով ջուրը,
Չկորսնցնես աչքերուդ հուրը»…
••••••••
Գթասիրտ մարդը կը խորհի բարի,
Նոյնիսկ երբ կեանքը մէջ է վտանգի։