ՀԱՅԱՍՏԱՆ/ԱՐՑԱԽԸ ՊԷՏՔ Է ՓՐԿԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՊ-Ի ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱԿԱԼՈՒԹԵՆԷՆ

Posted on September. 4. 2022

ԱՊՊՈ ՋԱԲԱՐՅԱՆԻ ԿՈՂՄԷՆ

2020 -ի Աշնան Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ (Իսլամական պետութիւն) ահաբեկչական վարձկաններու կողմէ Արցախի հայերու դէմ իրականացուած 44-օրեայ ահաբեկչական ագրեսիայի հետեւանքով Հայաստանն ու Արցախը կը շարունակեն գոյութենական սպառնալիքներ ապրիլ Ատրպէյճանի /Թուրիքիայի պատճառով:

Ցեղասպան երկւորեակներ՝ Ատրպէյճանի Նախ. Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ նախ. Ռեճեփ Թայիփ Էրտօղան կը փորձեն օգտագործել միջազգային հանրութեան գերզբաղուածութիւնը Ռուսաստան-Ուկրաինա ճգնաժամով եւ Թայվան-Չինաստան խնդրով՝ իրագործելու մարդկութեան դէմ իրենց նողկալի հանցագործութիւնը՝ Արցախի եւ, ի վերջո, Հայաստանի բռնի հայաթափման միջոցով:

Հայրենիքի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ մտահոգ հայերու մօտ կասկած չի կայ, որ հայկական զոյգ հանրապետութիւններու պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կանգնած են ազգային անվտանգութեան անժխտելի սպառնալիքներու առջեւ:

ԱՆԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

1) Ըստ տեղեկութիւններու, ռուսական հաւանական մեղսակցութեամբ՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, կ՛ընեն ամեն ինչ իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններու մէջ՝ սաբոտաժի ենթարկելու հայկական բանակը եւ ՊՆ- Հայաստանի եւ հատկապէս Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները եւ քանդելու հայկական պետականութիւնը։ Ատիկա ազգային արտակարգ իրավիճակ է աշխարհի հայերու համար.

2) Առանց որեւէ ողջամիտ հիմնաւորումների, Ռուսաստանը, ըստ տեղեկութիւնների, անցակէտեր է տեղադրել Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ Մեղրիի եւ Հայաստանի Սիւնիքի այլ հատուածներու ամենաբանուկ մայրուղիներու վրայ՝ Հնդկաստանէն, Իրանէն, Աֆղանիստանէն, Պարսից ծոցի արաբական երկիրներէ եւ Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու մեծ մասի բեռներու եւ դեպի Հայաստան եւ Հայաստանով ուղեւորներու տարանցումը «վերահսկելու» համար: Արդէօ՞ք Ռուսաստանի գործողութիւնները միտուած են իսկապէս աջակցելու տարածաշրջանային անվտանգութեան, թէ՞ խաթարելու Հայաստանի կարողութիւնը՝ ծառայելու որպէս հիւսիս-հարավ առեւտրի հիմնական միջանցք: Արդյո՞ք Ռուսաստանը մտադիր է քայքայել Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ փակել Իրան-Հայաստան սահմանը, որը գործում է հազարաւոր տարիներ: Ամեն դեպքում, Հայաստանի ավտոճանապարհները կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասութեան ներքոյ եւ ոչ թէ որեւէ օտարերկրեայ դաշնակցի։ Եթէ Ռուսաստանը շարունակէ հալածել եւ սաբոտաժի ենթարկել Հայաստանի հարաւային սահմանով ուղեւորներու եւ ապրանքներու հոսքը, ապա ատիկա պէտք է համարուի համազգային արտակարգ իրավիճակ համայն հայութեան համար.

3) 44-օրեայ հակահայկական ագրեսիայի ընթացքին եւ՛ Ատրպէյճանը, եւ՛ Թուրքիան փորձած են բռնի ուժով բռնագրաւել Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզպետ Մեղրիի շրջանի ինքնիշխան հայկական տարածքները՝ ստեղծելու համաթուրքական արտատարածքային մայրուղի, որը կը կապէ «Մեղրիի ցամաքային միջանցքով»՝ Թուրքիային եւ Ատրպէյճանին, Կեդրոնական Ասիայի թուրքական հանրապետութիւններուն փաստացիօրէն արգելափակելով Իրան-Հայաստան սահմանը, որ կը գործէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր: Բարեբախտաբար, ատիկա կարմիր գիծ է Իրանի համար, ինչպէս հրապարակայնօրէն յայտարարած է Իրանի Գերագոյն Առաջնորդ պարոն Ալի Խեմենէին: Այնուամենայնիւ, ներկայ իրավիճակն անընդունելի է, եւ ատիկա ազգային արտակարգ իրավիճակ է համաշխարհային հայութեան համար: Ասիկա պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ:

4) Օգոստոսի 25-ի դրութեամբ, Ռուսաստանի հնարաւոր լուռ հաւանութեամբ, Ատրպէյճանը ապօրինի զաւթած է Լաչինի միջանցքը երեք հայկական գիւղերու/գիւղաքաղաքներու հետ միասին՝ Բերձոր (Լաչին), Աղավնօ եւ Շուշ, փաստացիօրէն դադրեցնելով ցամաքային հաղորդակցութիւնը Հայաստանի եւ ֆիզիկապէս մեկուսացուած եւ պաշարուած Արցախի միջեւ: Թէեւ այլընտրանքային ճանապարհը սկսած է գործել Օգոստոսի 30-էն, սակայն ոչ ոք յստակ չի գիտեր ատոր յետագայ կարգավիճակը: Արդէօ՞ք ան կը յայտնուի Ատրպէյճանի քմահաճ վերահսկողութեան տակ։ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական միջանցք է, որու համար համաձայնած են Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Ռուսաստանը՝ ըստ 2020 -ի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ համաձայնագրի, որ նպաստեց Ատրպէյճան-Թուրքիա-ԻՊ ահաբեկչական ագրեսիայի դադարեցման: Բայց Պաքուն եւ Անգարան մտադիր են անօրինական կերպով պաշարման մէջ դնել Արցախի խաղաղ բնակչութեան, որպէսզի վերջնականապէս հայաթափեն Արցախը: Ասիկա ազգային արտակարգ իրավիճակ է աշխարհի հայերու համար:

Ի պատասխան Հարաւային Կովկասի մէջ մարդասիրական խոշոր աղէտի ճգնաժամի ակնյայտ եւ ներկայ վտանգի, մտահոգուած ամերիկահայերու խումբ մը սկսած է հիմքը դնել անկուսակցական, անկախ եւ համազգային մարմնի մը՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷՆ (PANEC), որ կը միտի օգնել փրկելու Հայաստան/Արցախը հերթական ցեղասպանութեան ճանկերէն:  Երկարաժամկէտ հեռանկարով PANEC-ը կը կեդրոնանայ նաեւ Սփիւռքի ցտանգուած գաղթօճախներու վրա, որոնք ցնցումներ կ՛ապրին, ինչպիսիք են Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները:

Անոնք, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ կազմկոմիտէի յառաջիկայ հանդիպումներուն, կրնան կապ հաստատել 310.773.7870 հեռախօսահամարով կամ հաղորդագրութիւն ուղարկել «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷ» ֆեյսբուքեան էջով։

Որպէս առաջին քայլ, եւ մինչ իր տեսակին առաջինը հադիսացող կառոյցը կը շարունակէ ինքնակազմակերպման գործընթացը, խումբ մը սրտացաւ անհատներ, որոնք արդեն միացած են ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷին, Բժիշկ Վաղարշակ Փիլոսեան, Տօքթ. Սարգիս Մեսրոպեան, Ոսկան Մխիթարեան, Մարտիրոս Պուլտուքեան, Պետրոս Քհն. Բաղրամեան, Աբօ Չափարեան, Վիկ Ջերամին, Ազատ Մարտիկեան եւ Հովհաննես Ղասաբյան Սեպտեմբերի 18-ին կազմակերպած են Բողոքի ցոյցը Լոս Անճելոսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմացը։

PANEC-ի մէկ այլ նախաձեռնութիւն մը՝ Օգոս. 23-ի առաւօտեան ժամը 10-ին սկսած ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ն  ամբողջացաւ Չորեքշաբթի առավոտյան 10-ին: Օգոստոսի 23-ի Հացադուլը որոշուած էր կատարումէն 96 ժամ առաջ եւ ստեղծեց աջակցության մեծ հոսք տեղական եւ գլոբալ մակարդակներու վրայ:

Նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին։ Ձեր մասնակցութիւնն ու օգնութիւնը շատ գնահատելի է: Շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ որոշէք միանալ ջանքերուն։

Աշխարհի հայերը եւ Հայաստանի/Արցախի բարեկամները կրնան օգնել փրկելու հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն, եթէ անոնք իրենքզիրենք լրջօրէն Զօրաշարժի ենթարկեն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *