Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ տեղադրուեցաւ ողիմպիական խաղերու եռեակի, աշխարհի, ասիական խաղերու, Եւրոպայի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի կիսանդրիին բացումը: Կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ, Նկարիչներու միութեան անդամ Գերասիմ Շահվերտեանն է:
Ալպերթ Ազարեան 1952-ին դարձաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան: 1955-ին ան մասնակցեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան մցումներուն եւ նուաճեց երկու մետալօղակներ եւ զուգափայտ: 1956-ին, Մելպուռնի ողիմպիական խաղերուն, Աւստրալիա, օղակներու վրայ մրցումներուն դարձաւ ողիմպիական ախոյեան: Այդ օրերէն «Ազարեանական խաչ» իւրայատուկ ոճը դարձաւ անոր անուան հոմանիշը: 1958-ին Մոսկուայի մէջ կայացող աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը
օղակներու վրայ: 1960-ին, Իտալիոյ մէջ դարձաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 1963-ին մասնակցելով Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն նուաճեց երկու ոսկիէ մետալ եւ նուաճեց բացարձակ ախոյեանի տիտղոսը:
«Օղակներու թագաւոր» Ալպերթ Ազարեան աշխարհի 49 երկիրներու մէջ մասնակցած մրցումներուն ընթացքին նուաճած է 45 ոսկի, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալ: 11 անգամ շահած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան տիտղոսը, մեծամասնութիւնը` օղակներու վրայ:
Ալպերթ Ազարեան 2000 թուականին արժանաւորապէս ճանչցուեցաւ 20-րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը: Ալպերթ Ազարեան մինչեւ օրս կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնամարզութեան Ֆետերասիոնի պատուաւոր նախագահը:
