Անցեալ կիրակի մայրաքաղաքէն ընթացք առած Ս. Ծննդեան Պէյրութի փառատօնը շարունակուեցաւ այս անգամ Քեսրուանի մէջԱյնթուրայի Ս. Ծննդեան փառատօնին, «Ֆիլոքալիա» մշակութային կազմակերպութեան մէջ, ուր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին, կատարեց հայկական երեկոն: Համաշխարհային երգչախումբերու տօնին օրը կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնթուրայի Այցելութեան վանքի «Ֆիլո-քալիա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած երեսուն համերգներէն հայկականըվերնագրուած «Advent Nativity- Գալուստն է Ս. Ծննդեան», պատիւ էր հայ ազգին, յատկապէս Քեսրուանի հայութեան, որ իր իւրայատուկ ներդրումը ունի տեղւոյն հոգեւոր, կրթական, արհեստներու վերելքին մէջ:
Փառատօնը, որ կը վայելէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը, հանապազորդ դրութեամբ ներառեց տօնական համերգներՄիջին Արեւելքի ու Եւրոպայի զանազան երգչախումբերու կողմէ: Զուգահեռաբար կատարուեցաւ տօնական զարդերու եւ ուտեստներու վաճառք: Համերգին ներկայ էին Լիբանանի մշակութասէր անձնաւորութիւններ, Քեսրուանի, Լեռնալիբանանի եւ Ճիպէյլի շրջաններէն կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Այնթուրայի քաղաքապետը, եկեղեցականներ, դպրոցներու տնօրէններ, Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի ընկերներ ու բարեկամներ:
Համերգէն առաջ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Կարէն Եօսուլքանեան, որ մտորումներով ներկայացուց օրուան թեման, եւ յանուն «Գուսան»-ի ու Համազգայինիշնորհակալութիւն յայտնեց եւ հաստատեց տասնհինգ տարիներու մնայուն ու հետեւողական գործակցութիւնը «Ֆիլոքալիա»-ի եւ Համազգայինի «Գուսան»-ին միջեւ զայն նկատելով առողջ եւ արդիւնաբեր:
Համերգը սկիզբ առաւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիրիԿոմիտասի չորս պարեղանակներով, որոնք կատարուեցան դոկտորայի թեկնածու Մորիս Ղանըմի թրիփոլիցի լիբանանեան երաժշտագէտին կողմէ, որ կ՛ուսում-նասիրէ հայ երաժշտութիւնն ու Կոմիտասի աշխատանքները եւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադրութիւնը1910-էն մինչեւ օրս, Ռումանիոյ Քլուժ Փոնիքայի համալսարանին մէջ: Անոր յաջորդեցին հարազատ աւանդութեամբ տաղեր մեներգութեամբ Մարալ Շաննաքեանին եւ շարականներ հայոց տաղարանէն ու շարակնոցէնընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի ու Ալեքս Սուսանիի: Անկէ ետք երգչախումբը կատարեց Եկմալեանի ու Շուպըրթի պատարագներէն բաժին-ներ, որուն կցեց Կոմիտասի, Մուրզայի գործերէն բաժիններ. մեներգեցին Հելէն Եաղլճեան, Պօղոս Տօնիկեան ու Սիրան Արծրունի:
Ս. Ծննդեան գալուստը չէր ամբողջանար Այնթուրայի լերան վրայառանց յիշելու հայ ազգի վերապրող մանուկները, որոնք զարդարեցին հայ ազգը, եւ անոնց եռանդով երգչախումբը թնդացուց Այցելութեան վանքը, երբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց Պրամզի «Օրօրոցային»-ը, ապա «Լայլաթ ալ Միլատ», «Գիշերն իջաւ», «Լուռ գիշեր» երգերը, որով հանդիսատեսները հրճուեցանմեներգութեամբ Նայիրի Լօշխաճեանի, Ֆատի Պաշխնճիի, Լարա ու Ճեսի Աւետիսեաններու, Շողիկ Թորոսեանի, Աւետիս Ագրապեանի, Համեստ Պոյաճեանի, Կարէն Գազանճեանի, Սանահին Նալպանտեանի, Տեսիլ Լօշխաճեանի եւ կիթառով Ալեքս Լեւոնեանի:
Շնորհակալութեան խօսքին յաջորդեց «Փառք քեզ Աստուած»-ըմեներգութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի. այս երգը դարձաւ «Գուսան» երգչախումբին գոհութեան երգը նախորդ եռամեայ դժուարութիւնները շրջանցելէ ետք:
Աւարտին քոյր Մարանա Սաատ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, երգողներուն եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ իր սրտի խօսքը արտասանեցգնահատելով գուսանականներուն առաքելութիւնը Կոմիտասի աւանդը վառ պահելու եւ այս իւրայատուկ աշխատանքը շարունակելու: Մեծապէս գովեց ազգային հարազատութիւնը, զոր «Գուսան»-ն ու Համազգայինը կը շարունակեն: Խօսքը աւարտեց տօնական բարեմաղթութիւններով եւ Համազգային-«Ֆիլոքալիա» գործակցութեան միջեւ շարունակական նոր ծրագիրներով հանդէս գալու պատրաստակամութեամբ:
«Գուսան» երգչախումբը հմայեց ժողովուրդըգրաւելով նաեւ օտար ներկաներուն ուշադրութիւնը հայկական երգեցողութեան եւ երգչախմբային կատարումին:
Երեկոն կնքուեցաւ «Պահպանիչ»-ովօրհնութեամբ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանի: «Գուսան» երգչախումբի @Kousan-Chamber-Choir, Դիմատետրի, փառատօնի «Ինսթակրամ»-ի @Philokaliainstitute էջերէն ուղիղ սփռումով ներկա-յացուեցաւ ամբողջ հանդէսը առիթ ընծայելու նաեւ Համազգայինի բոլոր բարեկամներուն հետեւելու համար այս իւրայատուկ ներկայացումին:
Վարձքը կատա՛ր մայեսթրոյին եւ դաշնակահարներուն, ձայնը անսպառ «Գուսան» երգչախումբի բոլոր անդամներուն:
Նաեւ կը տեղեկացնենք, որ 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Ճիպէյլ-Պիպլոսի Խաչակրաց ԺԲ. դարու Ս. Յովհաննու Մարկոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան համերգ` Ճիպէյլ, Ամշիթի, Պաթրունի եւ շրջակայից հայոց համար, որուն հրաւիրուած են նաեւ Լիբանանի մարոնի միաբանութիւնը եւ Ճիպէյլ վանական համալիրի մեծաւոր հայրը:
24-25 դեկտեմբերին, 5-6 յունուարին երգչախումբը տարբեր ծրագիրներու իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, եւ այս բոլորը պիտի սփռուին «Գուսան»-ի Դիմատետրի, «Ինսթակրամ»-ի եւ «Եութիուպ»-ի Kousan Chamber Choir էջերէն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *