«Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան ղեկավարութեան հետ համատեղ որոշում կայացուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել հանքավայրի շահագործումը մինչեւ միջազգային բնապահպանական փորձաքննութեան աւարտը,  յայտնած է Արցախի կառավարութիւնը:
 Կը նշուի, որ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի բնապահպանները ներկայացող անձերու ստեղծած անառողջ միջավայրն ու միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու փորձերըորոշած են դիմել միջազգային կազմակերպութիւններուն գործունէութեան հետ կապուած միջազգային բնապահպանական փորձաքննութիւն իրականացնելու համար:
 «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Գաշենի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործողն է:
 «Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մշտա-պէս կողմնակից է եղել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում միջազգային լաւագոյն չափանիշերի պահպանմանը եւ համոզուած է, որ միջազգային բնապահպանական չափանիշերը պէտք է կիրառելի լինեն ողջ տարածաշրջանի հան-քարդիւնաբերող ընկերութիւնների համար», ըսուած է յայ-տարարութեան մէջ:
 
                    