Քիչեր լսած են Աննա Տէր Աւետիքեանին անունը: Աննան Հայաստանի առաջին կին ճարտարապետն է: Այս կնոջ շնորհիւ կառուցուեր են պատմամշակութային արժէք ներկայացնող աւելի քան 40 կառոյցներբնակելի շէնքեր, հասարակական շէնքեր եւ դպրոցներ: Երբ Աննան որոշեց ճարտարապետ դառնալ, ոլորտը բացառապէս տղամարդիկ կը տնօրինէին: Պէտք էր լեզու գտնել շինարարներուն եւ քարտաշներուն հետ, օրեր անցընէր շինութեան վայրերուն վրայ ու պահանջէր, որ շէնքը կառուցուի այնպէս, ինչպէս որ ի՛նք կը պատկերացնէ առանց կողմնակի միջամտութիւններու: Նպատակասլաց ճարտարապետուհին յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները եւ հայրենիքին կտակեց պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներ:
Նկարին վրայ կը տեսնենք Աննա Տէր Աւետիքեանի առաջին աշխատանքը` Մաշտոց Կորիւն խաչմերուկին գտնուող «Պոնչիկանոց»-ի շէնքը: Թէեւ շէնքը երեւանցիներուն ծանօթ է որպէս պոնչիկանոցի շէնք, սակայն քիչեր գիտեն, որ ժամանակին այս շէնքին մէջ բնակարաններ ստացեր են հայ շարժապատկերի գործիչներ: Այնուհետեւ, մինչեւ պոնչիկանոց դառնալը եղած է հացի փուռ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *