Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 22 Մայիսին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններուն մասին՝ դիտել տալով, որ որոշ յառաջընթաց ձեռք բերուեցաւ այն առումով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի երկու յօդուած եւս կարելի եղաւ համաձայնեցնել, բայց եւ այնպէս քանի մը այլ յօդուածներու շուրջ կարելի եղած է ուղիղ, երկար, անկեղծ խօսակցութիւն ծաւալել:
«Կարող եմ ասել, որ այդ խօսակցութիւնների ընթացքում կողմերը շատ լաւ են
հասկանում մէկը միւսի մտահոգութիւնները, մտադրութիւնները եւ պատկերացումները: Բացի նշածս երկու յօդուածից, կարծում եմ, միւս յօդուածների մասով եւս հաւանականութիւն կայ համաձայնութեան: Սա միայն իմ գնահատականը չէ, ինձ հաւաստիացրել են միւս կողմերը եւս:
«Անշուշտ, կան յօդուածներ եւ թեմաներ, որտեղ կողմերի դիրքորոշումները բաւական հեռու են իրարից: Սրանք այն յօդուածներն են, որոնք առնչւում են ամենադժուար խնդիրներին: Բայց այս ուղղութեամբ եւս բաւականին արդիւնաւէտ քննարկում է եղել», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան նաեւ վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը` հաստատելու երկարատեւ, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Հայաստանը միայնակ չի կարող կառուցողական քայլեր գործադրել», նշեց Միրզոյեան:
