Ֆրանսան իր ափսոսանքը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին յամառ փակման վերաբերեալ, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն ու կը վնասէ բանակցային հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի26 յուլիսի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ: Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար
կիրարկելու Միջազգային դատարանի 22 փետրուարի որոշումին մէջ նշուած միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր են: Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով եւ բնակչութեան կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը: «Եւրոպական Միութեան հետ համատեղ, Ֆրանսան լիովին հաւատարիմ կը մնայ շրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման», նշած է նախարարութիւնը
վկայակոչելով Ֆրանսայի նախարարի ուղերձը, որ յղած էր ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ժամանակ:
