Posted on September. 10. 2023
ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, ութ կէտի տարբերութեամբ81-73 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրանը (20-13, 28-23, 14-13 եւ 19-24): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, մարզիչ Ժատ Հաժի գլխաւորած խումբը
Լիբանան, այսպիսով ապահովեց «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 17-էն 32-րդ դիրքերը ճշդելու ծիրին մէջ:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (21), ապա` Ալի Հայտար (20), իսկ Իրանէն Մոհամետ Ամինի նշանակեց 22 կէտ:
Նշենք, որ նախքան այս մրցումը, Լիբանան 94-84 արդիւնքով յաղթած էր
Փղոսկրեայ Ափունքին, մինչ ատկէ առաջ յաջորդաբար պարտուած էր Լաթվիայէն, Քանատայէն եւ Ֆրանսայէն: