Posted on September. 29. 2023
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան (ողիմպիականի համար վարկանշային) 65 քկ դասակարգի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Հայաստանի ներկա-յացուցիչ Վազգէն Թեւանեան ջախջախիչ յաղթանակով մը 12-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցըՀաճի Ալիեւը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Եւրոպայի գործող ախոյեան Թեւանեան իր մրցումներուն սկսած էր 1-16-րդ հանգրուանէն, երբ 9-0 արդիւնքով յաղթած էր չէզոք դրօշի տակ հանդէս եկող Նուրկիւն Սքրիապինին (Պիելոռուսիա): Կիսաւարտականին սակայն, Թեւանեան դժբախտաբար 10-9 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց փորթօռիքոցի իր մրցակիցէն
Սեպասթիան Ռիվե-րայէն:
Սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, Թեւանեան իրաւունք ստացաւ պայքարելու պրոնզէ մետալին հա-
մար:
Ան յաղթելով իր մոլտովացի մրցակիցին, ոչ միայն տիրացաւ պրոնզ մետա-
լին, այլեւ այսպիսով ապահովեց «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչըԱրսէն Յարութիւնեան (57 քկ), իր կարգին ապահովեց «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը: Եւրոպայի եռակի ախոյեան 23 տարեկան Յարութիւնեան, որ պրոնզ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Մեյիրամպէկ Քարպաուի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Այսպիսով, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տիրացաւ իր երրորդ պրոնզ մետալին
աշխարհի ախոյեանութեան գծով, առաջինը` ողիմպիականի քաշային կարգին մէջ: