Տեղեկատուական -«ինֆորմազիոն» Պատերազմ եւ Տեղեկատուական Անվտանգութիւն

Posted on September. 29. 2023

Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ և Գլխավոր Խմբագիր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» – ի և USA «ARMENIAN LIFE» – ի

USA Armenian Life Magazine (English-language print edition)
Hye Kiank Armenian Weekly (Armenian-language print edition)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
USA Armenian Life FACEBOOK | www.armenianlife.com
TV Host, USA Armenian Life TV on AMGA

Այս շաբաթավերջին, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու թիւը կրնայ անցնիլ 40,000-ը: Թուտքիա-Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերշուած հակահայ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի:
Սաստկացող մարտահրաւէրներու պատմաշրջան թեւակոխած են Հայաստանն Արցախը ու Սփիւռքը:
Այս նոր պատմաշրջանը լի է պետական ինքինշխանութեան սպառնացող բազում վտանգներով եւ արհաւիրքով: Հայոց Նոր Ցեղասպանութիւն կը գործադրուի Արցախի մէջ:
Հայ Ազգը գոյութենական պայքարի այս փուլին կարիք ունի տեղեկատուական անվտանգութեան:
Ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ Հայ Ազգի կրօնական եւ հասարակական կարոյցներու կարեւոր մասը վտանգուած է ներքին տզրուկներու արկայութեամբ եւ անպատժելիութեամբ:
Աշխարհով մէկ՝ Հայ Ազգի զաւակները թիրախաւորուած են ներքին եւ արտաքին թշնամիներու ապատեղեկատւական անթուլ եւ անյատնում արշաւներով որոնք կը միտին ջլատել հայ ժողովուրդի ներոյժը:
Գոյութենական պայքարի այս խիստ մտահոգիչ պայմաններու մէջ, չափէն աւելի կը կարեւորենք հայ ժողուրդի մասնիկներուն հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական ավնտանգութեան ապահովումն ու առողջութեան պահպանումը:
Հետեւաբար, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ եւ USA ARMENIAN LIFE լրատուական կազմակերպութիւնը Տեղեկատուական -«ինֆորմազիոն» Ռազմական Դրութիւն կը յայատարարէ։
— Ինչ կը նշանակէ Տեղեկատուական -«ինֆորմազիոն» Ռազմական Դրութիւն։
Տեղեկատվութեան տարածում անբարենպաստ ազգային արտակարգ իրավիճակներում:
Ի՞նչ տեսակի նախազգուշական միջոցներ են անհրաժեշտ:
ա) Բաձառիկ բծախնդրութիւն կիրառել լուրերու եւ յօդուածներու զտման գործընթացի մէջ.
բ) Իւրաքանչիւր բառ, նախադասութիւն, յօդուած, լուսանկար եւ տեսանիւթ որակել որպէս տեղեկատուական պատերազմի «զէնք»։ Այդ զէնքերէն որեւէ մէկը կամ ամբողջութիւնը ներքին եւ արտաքին թշնամիները կրնան օգտագործել նաեւ մեր ժողովուրդի եւ պետականութեան դէմ: Հարկաւոր է որ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի խմբագրական կազմի իւրաքանչիւր անդամ պատասխանատւութեան բարձ գիտակցութեամբ կատարէ իր առաքելութիւնը:
Նոյնպէս եւ՝ իւրաքանչիւր հայ ընթերցող-հեռուստադիտող պատասխանատւութեան բարձր գիտակցութեամբ կիրառէ տեղեկութեանց օգտագործումը եւ տարածումը: Զգո՛յշ: Ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն ստահոտ եւ հոգեքանդ տեղեկութիւնները մի տարածէք: Եթէ չափէն աւելի անհանգստացնող կամ ուրախացնող տեղեկութիւն կը ստանաք, կուրօրէն մի հաւատաք: Նախեւառաջ ստուգեցէ՛ք այդ լուրին աղբիւրը եւ հեղինակին ինքնութիւնը եւ ապա նոր որոշեցէք տարածելու մասին:
Հարկաւոր է վերընդգծել. ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի առաջադրանքն է որ մեր աշխատակիցները, ընթերցողները եւ հեռուստադիտողները զերծ մնան եւ իրենց շրջապատին պաշտպանեն մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիներու պրոպականդէն, ապատեղեկատուական կամ հակատեղեկատուական արշաւներէն եւ բոլոր նոյնանման արարքներէ։
21րդ դարու պատերազմական զինանոցին մաս կը կազմեն ամեն տեսակ տեղեկատուական «զէնք» որոնք օգտագործման կը դրուին ամեն րոպէ եւ ամեն օր մեր ոխերիմ թշնամիներու» եւ ոխերիմ «բարեկամներու» եւ յատկապէս ներքին՝ 5րդ շարասիւնի դաւաճաններու կողմէ։
Հայկական ինքնապաշտպանութեան զէնք մը եւս. Հայ Ազատ Մամուլը։
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած կեղծ ընդդիմութեան:
Ոխերիմ «ընկերներ՝» դուրսէն եւ հակահայ դաւաճաններ՝ ներսէն։
Ատրպէյճանական ցեղասպանութիւնը արցախահայութեան դէմ՝ Ռուսաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ հովանաւորուած 5-րդ շարասիւնի հայ դաւաճաններու լուռ մեղսակցութեամբ։
Պետք է ազատուիլ այս կեղծ «ընդդիմութենէն՝» արտահերթ ընտրություններու միջոցով՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական դաշտը ապանեխելու համար.
Վասն ինչի՞ այս ցեղասպանդը։
Վասն պետական հարուածի տեսքով Փաշինեանի վարչակարգի տապալման եւ ռուսամետ հին գողապետականներու կողմէ՝ իշխանութեան բռնազաւթման։ Եւս մէկ «Հոկտեմբերի 27»։
Կեղծ ընդդիմութիւնը իսկական ընդդիմութեամբ փոխարինելու համար, կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւններ: Ապահովեցնել որ նոր ընտրուելիք ընդդիմութիւնը ըլլայ հայկական պետականութեան հանդեպ՝ հաւատարիմ:
Պէտք է ազատուիլ այս կեղծ, հակապետակամ եւ հայատեաց «ընդդիմութենէն»։ Հարկաւոր է ՝ հետս կոչել կամ չեղարկել խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը դաւաճան եւ 5րդ շարասիւնի՝ այսպէս կոչուած «Հայաստան» դաշինքի եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի անդամներուն: Խորհրդարանական յատուկ քուէարկութեան միջոցով զանոնք պաշտօնազրկել եւ նոր ընտրութիւններ իրականացնել միայն 5րդ շարասիւնի անդամներու կողմէ թափուր մնացած նամդատներուն-աթոռներու համար եւ այսպէս՝ քաղաքական դաշտը առողջացնել մէկընդմիշտ։
ի՞նչ կը վերաբերի արմատախիլ եղած արցախցիներուն:
Արցախի մէջ նորագոյն Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածները որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի Սիւնիքի մարզը, պէտք է խրախուսանք ստանան ապաստանելու ռազմավարական առումով տեղակայուած հարաւային Սիւնիքի մարզէն ներս, որ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհին՝ Իրանի միջոցով: Աշխարհի հայութիւնն ու Հայաստանի բարեկամները պէտք է տնտեսական օգնութիւն ցուցաբերեն փրկուածներուն Սիւնիքի մէջ մնալու համար: Պատճառաբանութիւնն այն է, որ երբ գայ յարմար պահը, անոնք հեշտութեամբ կրնան վերաբնակեցուիլ դարձեալ ազատագրուելիք Արցախի մէջ։
Սիւնիքի մէջ բնակչութեան թուաքանակի աւելացումը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւն: Սիւնիքը կրնայ ըլլալ յաջորդ եւ վճռորոշ մարտադաշտը ատրպէյճանա-թուրքական նոր համատեղ ներխուժման դէմ՝ հայկական նոր հողերու բռնազաւթման համար։
Պայքարը կը շարունակուի։ Պայքարը կը սաստկանայ։
Մի վհատիք: Ընդառաջ՝ դէպի նոր յաղթանակներ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *