Ե՞րբ Պիտի Սորվին Տարրական Քաղաքավարութիւն

Posted on December. 3. 2023

Գրեց՝ –Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Հանրային-հասարակական կեանքի մէջ պարագաներ կան որ ոչ միայն հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն, այլ նաեւ վրդովանք կը պատճառեն: Այդ պարագաներէն մէկը քաղաքավարութեան պակասն է: Օրինակներով խօսինք մտքերը պայծառացնելու համար. Յաճախ պատահած է, որ մէկէ մը խնդրանք մը ստացած ենք եւ այդ խնդրանքը անմիջապէս կատարած ենք:
Սակայն խնդրողը երբեք տարրական քաղաքավարութիւնը չէ ունեցած իր շնորհակալութիւնը յայտնելու: Երբեմն խնդրանքներ կատարելու համար մեր ժամանակէն, հանգիստէն եւ նիւթականէն բան մը տուած ենք եւ այսամէնուն փոխարէն դոյզն իսկ խօսք մը չենք լսած նպաստ ընկալէն: Մենք մեզի հարց տուած ենք, «Արդեօք ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը»:
Պատահած է որ հրաւէր մը ղրկած ենք հաստատութեան մը ղեկավարին կամ մշակութային կամ քաղաքական կազմակերպութեան մը նախագահին կամ եկեղեցական առաջնորդի մը ներկայ գտնուելու կարեւոր հանդիսութեան մը: Հրաւէրի հետ նաեւ տուած ենք ժամկէտ մը, որպէս զի մեզի յայտնէր թէ՝ հրաւիրեալը պիտի կրնայ պատուե՞լ մեզ իր ներկայութեամբ, թէ ոչ: Ժամկէտը եկած ու անցած է, բայց ոչ մէկ պատասխան ստացած ենք:
Փորձած ենք քաղաքավար յիշեցում մը ընելու, բայց դարձեալ լռութիւն…: Կրկին հարց տուած ենք մենք մեզի, «Ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը: Ե՞րբ պիտի սորվին քաղաքավարութիւն»:
Մեր հեղինակած գիրքերէն օրինակ մը նուիրած ենք պաշտօնակիցի մը, կամ հաստատութեան մը, կամ ականաւոր անձնաւորութեան մը, օրեր, շաբաթներ անցած են նուիրատուութեան թուականէն, բայց ոչ մէկ լուր նուէր ստացողէն: Մտահոգուած ենք թէ արդեօք մեր ղրկածը կորսուա՞ծ է: Եւ երբեմն ստիպուած ենք ստուգելու թէ նուէրը իր տեղը հասա՞ծ է թէ ոչ: Եւ վերջապէս իմացած ենք, որ նուէրը ատենին շիտակ հասցէին հասած է:
Դարձեալ հարց տուած ենք մենք մեզի «Ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը: Ե՞րբ պիտի սորվին քաղաքավարութիւն»:
Կը հաւատանք որ հանրային կեանքի նուիրուած ոեւէ անհատ, վճարովի կամ անվճար, աշխարհական թէ եկեղեցական, երբ անձէ մը կամ հաստատութենէ մը հրաւէր մը կը ստանայ, կամ նուէր մը կամ ծառայութիւն մը կ›ընդունի, կամ իրմէ խնդրանք մը հայցուի, գէթ տարրական քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ որ պատասխան մը տայ անյապաղ կամ շնորհակալական ժեստ մը ցոյց տայ:
Հաւանաբար մեզմէ շատեր մեր մանկութեան մատղաշ տարիքին իսկ սորված ենք քաղաքավար ըլլալ երբ ուրիշէ մը նուէր կը ստանանք, երբ մեզի հարցում մը հարցուի, քաղաքավարօրէն պատասխանենք, կամ երբ մեզմէ խնդրանք մը հարցուի, կարենանք քաղաքավարօրէն ըսել մեր այոն կամ ոչը:
Եթէ անհատ մը, մանաւանդ հանրային կեանքի մէջ ղեկավար դիրքի տէր մէկը, չէ սորված կեանքի դպրոցին մէջ այդ տարրական եւ անհրաժեշտ դասը, արդեօք ե՞րբ պիտի սորվի զայն:
Անքաղաքավարութիւնը մարդկային բնութեան ախ-տաւոր յատկանիշներէն մէկն է, եւ այս արգահատելի վարք ու բարքով մարդիկ կը վխտան ամէն ասպարէզի մէջ եւ ամէն տարազի ներքեւ: Մտածենք պահ մը եւ մեր անձին վրայ կրենք ցաւը, թէ որչափ յուսախաբութիւն կը զգանք երբ մարդիկ անփոյթ եւ անքաղաքավար վարմունք ցոյց կուտան: Մարդկային ազնուութիւնը կը պահանջէ, որ քաղաքավար ըլլանք եւ ցոյց տանք այդ առաքինութիւնը մեր անձին օրինակովը մեր նմաններուն, ինչ դասակարգի մարդիկ ալ ըլլան անոնք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *