ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄ՝ ուղղուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներուն

Posted on December. 9. 2023

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի

Ծանօթ. Խմբ. – Ստորեւ՝ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄը ուղարկուած է Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերի, 2023 թ.: Թերթիս տպագրութեան յանձնումի պահի դրութեամբ, խմբագրութիւնը տակաւին պատասխան չէ ստացած ոչ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարութենէն  եւ ոչ ալ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն:

ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄ

Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերի, 2023 թ.

The Armenian Mirror-Spectator, An ADL Publication

Baikar Association, Inc.

755 Mt. Auburn St.

Ուոթերթաուն, MA 02472-1509

The Armenian Mirror-Spectator Խմբագիր.

Ալին Կ. Գրիգորեան

Armenian Mirror-Spectator-ի Պատասխանտու Խմբագիր.

Արամ Արքուն

«Նոր Օր» շաբաթաթերթ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) պաշտօնական օրգանը եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն (ԹՄՄ)

Ալթատինա, Քալիֆոռնիա

Նոր Օր շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Անահիտ Կոշկարեան

Նոր Օր Շաբաթաթերթի Երեց Աշխատակիցներ՝ 

Խաչիկ Ճանօյեան, Եակոբ Մարտիրոսեան, Սարգիս Ե. Մինասեան

Նոր Օր Շաբաթաթերթի վարչական անձնակազմ.

Գէորգ Գրիգորեան, Արա Քասապեան, Կարօ Գիւփէլեան

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ՝ ուղղուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներուն

Յարգելի ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող լրատուամիջոցներու խմբագիրներ,

Կարելի՞ է ազնուաբար ներկայացնել լրատուամիջոցներու այս հարցապնդման մեջ թուարկուած հարցումներու պատասխանները:

Արդեն մի քանի տարի է, ինչ Ձեր լրատուամիջոցը վերահսկող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը (ԹՄՄ) միակողմանիօրէն փակած են  Հոլիուտի մէջ (Քալիֆոռնիա) ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամենօրեայ դպրոցը եւ լուծարել՝ անոր անշարժ կալուածը որ գոյացուցած է 14,5 մլն տոլար: Կարելի՞ է ազնուաբար լոյս սփռել այս հարցի վրայ: 

Այժմ կը պարզուի, որ որպէս կանխամտածուած քայլ եւ Հոլիուտի մէջ գործող հայկական կրթական կենտրոնի` Հոլիուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամենօրեայ դպրոցի անհիմն եւ անարդարացի փակումը արդարացնելու նպատակով, համայնքի բազմաթիւ անդամներ կը պնդեն, որ «հիմնական մեղաւորները. դիտաւորեալ սխալ կառավարած են դպրոցը, որպէսզի կրճատեն աշակերտութեան թիւը եւ ի վերջոյ փակեն դպրոցը «բաւարար աշակերտներ չունենալու» կեղծ պատրուակով եւ իւրացնելու անոր ֆինանսական միջոցները»: Ո՞րն է Ձեր արձագանքը:

«Վատ կառավարման» քողի տակ սիստեմատիկ կերպով սաբոտաժ ընելէ եւ խարխլելէ յետոյ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը, ներառեալ դուք եւ Ձեր գործընկերները, «փակեցիք աշխոյժ դպրոցը՝ մէկ այլ ամերիկահայ բարգաւաճ համայնքի մէջ եւս մէկ ամենօրեայ դպրոց բանալու» պատրուակով։ Բազմաթիւ ամերիկահայեր շփոթուած եւ զայրացած են այն փաստով, որ դուք փակած էք հայկական աշխոյժ ամենօրեայ դպրոցը կեղծ պատրուակով եւ ի տարբերութիւն մէկ այլ բարգաւաճ ցերեկային դպրոցի՝ Հոլիուտի Ռօզ եւ Ալեքս Փիլիպոսի հայկական ցերեկային դպրոցի, որ կը յարատեւ աճ ունի բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին, եւ այժմ անոնք ունին սպասման ցուցակ: Ի՞նչ է Ձեր արձագանքը: 

Հարց. Հոլիուտի մէջ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամենօրեայ դպրոցի անհիմն եւ չարդարացուած փակման ժամանակ այլ կազմակերպութիւններ առաջարկեցին գնել ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամենօրեայ դպրոցը՝ այն շարունակելու համար: Ինչո՞ւ չէք վաճառած անոնց, այլ որոշած էք փակել եւ միակողմանիօրէն լուծարել անշարժ կալուածը։

Հարց. Ինչպէս լաւ գիտէք, այն վարժարանը, ուր Սփիւռքի ամերիկահայ բարերարները եւ Հայ Կրթուութեան աջակիցները միլիոնաւոր տոլարներ տուին, յստակ ըմբռնումով, որ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամէնօրեայ վարժարանը պիտի ծառայէ որպէս ամրոց։ Սփիւռքի հայ համայնքում, ներառեալ Հոլիուտի/Լոս Անճելոսի համայնքը, որ կը շարունակէ ծաղկել որպէս համայնք մինչեւ այսօր՝ ի տարբերութիւն Ձեր ղեկավարութեան կեղծ պնդումներուն, թէ «համայնքը չարդարացներ նման հայկական ամենօրեայ դպրոցը»: Համաձա՞յն էք, որ Ձեր ղեկավարութեան պնդումները բացարձակապէս անհիմն եւ կեղծ են:

Սխալ եւ/կամ ինքնասպասարկման որոշում: Գրեթէ մէկ տասնամեակ է, ինչ փակած էք Հոլիուտի մէջ գտնուող ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան հայկական ամենօրեայ դպրոցը, բայց դեռեւս չի կայ նոր դպրոց: Ինչո՞ւ Ձեր կազմակերպութիւնը չէ կատարած իր խոստումը Լոս Անճելոսի մէկ այլ ամերիկահայ համայնքի մէջ եւս մէկ հայկական ամենօրեայ դպրոց բանալու մասին: Արդէօ՞ք TCA-ADL-ի ղեկավարութիւնը մտայղացած է «նոր դպրոց բանալ»՝ նոր նուիրատւութիւններ ձեռք ձգելու եւ ի վերջոյ զանոնք չարաշահելու նպատակով:

ՌԱԿ-ն ունի հայկական լրատուամիջոցներու ցանց, որ ենթադրաբար կը ծառայէ Հայ Դատին եւ համայնքին: Ինչո՞ւ ՌԱԿ-ին պատկանող եւ անոր կողմէ վերահսկուող բոլոր լրատուամիջոցները խլացուցիչ լռութիւն կը պահպանեն Սփիւռքի մէջ հայկական ամենօրեայ դպրոցներու եւ համայնքային կեդրոններու աղմկահարոյց փակման վերաբերեալ: Արդէօ՞ք անոնք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարյանի եւ Սերժ Սարգսյանի օրոք բոլշեւիկներու գլխաւորած ղարաբաղեան մաֆիայի հետ միասին հայ ազգին խաբելու սխեմայի մաս կը կազմեն: (Տե՛ս ՌԱԿ-ի երկարամեայ անդամ Յակոբ Վարդիվառեանի յօդուածը՝ «Հաշուեյարդարը կը շարունակուի» վերնագրով): Ինչպէս նկատեցիք, յօդուածը գրուած է 1997 թուականին եւ ակնյայտօրէն պարոն Վարդիվառեանի ներկայացուցած ցանկը չի ներառեր Հոլիուտի հայկական դպրոցը եւ Սփիւռքի մէջ գործող այլ հայկական կեդրոնները եւ դպրոցները: Կա՞ն նաեւ այլ անշարժ կալուածներ, որոնք կտակուած եւ/կամ կը պատկանին Ձեր կազմակերպութեան որոնք նոյնպէս հաշուեյարդարի ենթարկուած են  հանրութեան ուշադրութենէն՝ հեռու։ Աւելին, հնարաւո՞ր է թարմացնել ցանկը եւ ուղարկել զայն տարբեր լրատուամիջոցներու ՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հայ հանրութեան իրազեկման համար:

Հարց. Քանի՞ այլ հայկական կեդրոններ եւ ցերեկային դպրոցներ Ձեր կազմակերպութիւնը փակած է 1997 թուականէն ի վեր եւ հաշուեյարդարի ենթարկած անոնց անշարժ կալուածը, եւ ի՞նչ կատարուած է այդ գումարներու հետ:

Հարց. Ինչպէս գիտէք, ADL-ը եւ TCA-ն հայկական շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններ են, որոնք գումարներ կը ստանան հայ ազգէն: Ուստի անոնք որպէս այդպիսին հաշուետու են հայ ազգին։ Համաձա՞յն էք:

Յարգանքներով՝

Աբօ Չափարեան

Պատասխանատու Խմբագիր

Նամակի կրկնօրինակը ստացողներ. Աշխարհի շուրջ հայկական լրատուամիջոցներ, ակտիվիստներ, համայնքի կազմակերպիչներ, կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *