Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Նիքոլա Անելքա յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի ակադեմիա բանալու տրամադրութիւն ունի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Անելքա այդ մասին յայտարարած է Խո-րէն Յովհաննէսեանի անուան ֆութպոլի ակադեմիայի սաներուն հետ հան-դիպման ժամանակ:
«Նպատակ ունինք նոր ակադեմիա բանալ այստեղ: Գիտեմ, որ ֆութպոլի մեծ ներուժ կայ ձեր երկրին մէջ: Բացի ակադեմիայէն, նաեւ միտք ունինք տարազներու արտադրութեամբ զբաղիլ երեխաներու համար: Այստեղ ֆութպոլային մեծ կարելիութիւններ կը բացուին մեր դիմաց: Վստահ եմ, որ լաւ երեխաներ կան, սակայն պէտք է աշխատինք անոնց հետ: Ֆութպոլիստ դառնալը իրենց համար մեծ երազ է, եւ ինչու չէ իրենց այդ երազը իրականացնելու պատրաստ ենք», ըսաւ Անելքա:
Ան հետեւեցաւ Խորէն Յովհաննէսեանի ակադեմիայի փորձերուն, նկարուեցաւ երեխաներուն հետ եւ ստորագրեց անոնց գնդակներուն վրայ:
Նշենք, որ Անելքա 2000 թուականին Ֆրանսայի հետ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան եւ մաս կազմած Փարիզ Սեն Ժերմենի, Արսենալի, Ռէալ Մատրիտի եւ Չելսիի նման ակումբներու:
