Posted on February. 18. 2024
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
ՌԻԱՏ, ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ (8 Փետրուար) – Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորության մայրաքաղաք՝ Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՀԱՆԴԷՍ 2024»-ի երկրորդ ցուցահանդէսը՝ Փետրուարի 4-էն 8-ը: «ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԴՀԱՆԴԷՍ 2024»-ը կայացաւ հետեւեալ կարգախoսի տակ. «Նուիրուած՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան համար ուժեղ բիզնես-բիզնես միջոցառման ստեղծման, որ նաեւ կ՛աջակցի իր համապատասխան նախարարութիւններուն եւ իշխանութիւններուն եւ կ՛ամրապնդէ ազգային նուիրուածութիւնը ցուցահանդէսի աճին եւ յաջողութեան»:
Պաշտպանութեան ոլորտի փորձագէտներէն շատերը համոզուած են, որ ասիկա իր տեսակի մէջ ամենամեծ ռազմական համաժողովն ու ցուցահանդէսն է: Ան կազմակերպwuած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան կողմէ՝ իր Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջոցով։ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան գլխաւոր մարմնի կողմէ հիմնադրուած World Defense Show 2024-ը ցուցադրեց պաշտպանութեան ապագան՝ ամբողջ աշխարհէն մէկ երթիքի տակ բերուած տեխնոլոգիական զարգացումներու միջոցով:
Իւրաքանչիւր ոք, որ ներկայ էր այս եզակի իրադարձութեան, ամենայն հաւանականութեամբ, ականատես եղաւ համաշխարհային մակարդակի ցուցագանդէսին բազմաթիւ առանձնայատկութիւններուն եւ դինամիկ ցուցադրութիւններուն: Համաշխարհային պաշտպանութեան ցուցագանդէսը տեղի ունեցաւ Թագաժառանգ Արքայազն Մոհամմատ Պըն Սալմանի, Վարչապետի եւ Ռազմական Արդիւնաբերութեան Գլխաւոր Մարմնի (GAMI) Տնօրէններու Խորհուրդի յարգարժան ղեկավարութեամբ:
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Ռիատի Ցուցահանդէսային Եւ Համաժողովներու Համալիրի մէջ որ աշխարհի ամենամեծ այդպիսի կեդրոններէն մէկն է, որ կը գտնուի Ռիատ մայրաքաղաքի հիւսիս- արեւելեան շրջանի մէջ: 800,000 քմ տարածքը որ առանձին քաղաք կարելի որակել կը ներառէ երեք մեծ ցուցասրահներ, բացօթեայ ցուցադրային տարածքներ որոնք օժտուած են ցամաքային ցուցադրական ուղիներով, թռիչքուղիներով եւ օդանաւերու երկնասլաց ցուցադրութիւններու համար նախատեսուած խոշոր տարածքով:
ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր (Հ.Կ.) Մարք ՄաքՔարլին, MacCarley & Rosen միջազգային պաշտպանական խորհրդատուական ընկերութեան գլխաւոր ղեկավարը, որուն հրաւէրով էր, որ այս յօդուածին հեղինակը որպէս աւագ խորհրդատու՝ մասնակցեցաւ այս հարուստ տեղեկատուական, կրթական եւ հեղինակաւոր երկամեայ պաշտպանական ցուցահանդէսին եւ համաժողովին:
Ցուցահանդէսի մասնակիցներու շարքին էին համաշխարհային այնպիսի հսկաներ, ինչպիսիք են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Ռուսաստանը, Գերմանիան, Բրիտականան Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան եւ Սպանիան: Նաեւ մասնակից էին շարք մը զարգացող ռազմաարդիւնաբերական ուժեր, ինչպիսիք են Թուրքիան, Հնդկաստանը եւ Հարաւային Քորիան:
Իհարկէ, Սէուտական Արաբիոյ ռազմաարդիւնաբերական ուժի գլխաւոր կազմակերպիչը՝ Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանության Նախարարութեան եւ շարք մը սէուտական ռազմական ընկերութիւններու գլխաւորութեամբ:
Կարելի չէր չնկատել Թուրքիոյ լայնամաշտապ մասնակցութիւնը բազմաթիւ ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններով եւ թրքական օդուժով։ Նոյնպէս՝ մասնակից էին Եւրամիութեան այլ առագընթաց ռազմարդիւնաբերութիւն զարգացնող երկիրներ ինչպիսիք են Յունաստանը, Ուքրանիան, Էստոնիան, եւ Չեխ Հանրապետութիւնը:
Նկատելի էին նաեւ միջին եւ փոքր, բայց կարեւոր պետութիւններ, ինչպիսիք են Հորդանանի Թագաւորութիւնն ու Սինկափուրը, որոնք ապահոված էին պատկարելի կրպակներ։
Սակայն հայկական տեսանկիւնէն, ամենամեծ ցնցումը տեղի ունեցաւ, երբ մենք յայտնաբերեցինք շատ տպաւորիչ տաղաւար մը, զոր կը ղեկավարուէր Հայաստանի ոխերիմ թշնամի՝ Ատրպէյճանի կողմէ։ Եւ առաւել ցնցող բացայայտումն այն էր, որ Հայաստանն ընդհանրապէս ներկայացուած չէր։ Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնները ներկայացնող տաղաւար մ՛իսկ չի կար. Ինչո՞ւ։
Պարոն Մաքքարլին եւ այս հեղինակը այն կարծիքէն են, որ Հայաստանը խոշոր նուաճում կատարած կ՛ըլլայ եթէ արագընթացօրէն ուղղէ այս լուրջ թերութիւնը։ Կարելի է հարց տալ՝ իսկապէ՞ս Հայաստանն ունի կենսունակ եւ մրցունակ ռազմարդիւնաբերական ոլորտ։ Արդեո՞ք Ատրպէյճան-Թուրքիա- ԴԱԻՇ-ի կողմէ 2020 թուականի աշնան 44-օրեայ հակահայ լայնածաւալ յարձակումէն անմիջապէս յետոյ՝ վերջին տարիներուն, Հայաստանը կրցած է զարգացնել լուրջ ռազմական արդիւնաբերութիւն։ Նաեւ կարելի հարց տալ՝ ինչո՞ւ է, որ 1991-էն երկարող ժամանակահատուածի խոշոր հատուածի ընթացքին խափանուած է Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական արտադրանքը:
Ակնյայտ է, որ առաջին նախագահներու գողապետական վարչակարգերու օրոք եւ յատկապէս նախագահ. Ռոբերտ Քոչարեանի (1998-2008թթ.) եւ Նախագահ Սերժ Սարգսիանի (2008-2018 թթ.) վարչաշրջանին, Հայաստանի արդիւնաբերական կարողութիւնները սիստեմատիկօրէն խարխլուեցան: Բազմաթիւ դէպքերուն սփիւռքահայ ներդրողներուն ուղղակի թալանեցին եւ սաբոտաժի ենթարկեցին:
Բայց հիմա Հայաստանն ու բարեկամները պէտք է առաջ շարժուին: Անցեալին անդրադառնալու փոխարեն՝ հայերը պէտք է Հայաստանին ուժ տան՝ շտկելու իրավիճակը ժամացոյցի դէմ աննախադէպ մրցավազքով:
Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ լաւատեղյակ հայեր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ գիտակից են, որ հետանկախութեան ժամանակաշրջանին՝ Հայաստանի ռազմական պատրաստուածութիւնն ու կարողութիւնները մշտապէս սաբոտաժի ենթարկուած են ենթադրեալ մերձաւոր դաշնակիցներու կողմէ եւ արգելափակուած Արեւմուտքի կողմէ: Այսպիսով՝ 2020 թուականի աշնանային 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքը։
2020 թուականի աշնանային Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմը ի յայտ բերաւ այն թաքնուած փաստը, որ Ռուսաստանը արգելք կեցած է Հայաստանի կարողութիւնը ռազմականապէս հզoրանալու սպառազինութեան առումով, թէեւ հայերը յայտնի են նորարար մտքով եւ առաջադէմ՝ ռազմական սպառազինութիւն ստեղծելու կամքով աշխատասիրութեամբ։
Լաւ լուրն այն է, որ ներկայ քաղաքական հետգողապետատական ժամանակաշրջանին (2020-ներկայս) Հայաստանը եւ Հայ Ազգը (Հայրենիք + Սփիւռք) կարծես թէ վճռական դարձած են արագընթաց կերպով ուժեղացնեու Հայաստանի 1) Ռազմական Պատրաստուածութիւնը. 2) Արդիւնաբերութեան Բազմազանացումը, 3) Տնտեսութեան Ռազմավարական ոլորտին մէջ՝ ներքին եւ օտարերկրեայ հաիատարիմ եւ վստահելի ներդրումներու արագացում, 4) Ազգային Ժողովրդագրութեան Աճի Աշխուժացում, 5) Օրէնքի Գերակայութիւնը՝ ա) Ուժեղացուած Օրինապահութեան Կիրառում, բ) Դատական Անկախութեան Ամրապնդում, գ) Նոր Օրէնքներու Մշակում, որոնք կը նպաստեն ազգային անվտանգության հիմնական սպառնալիք հանդիսացող գործօններու վերացմանը:
Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, յատկապէս ԱՄՆ-ին եւ Եւրամիութեանը, կարելի է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ հաւաքական Արեւմուտքը ձեռնպահ մնաց հայկական ռազմարդիւնաբերական զարգացումներուն աջակցելէն: Արեւմուտքը մտավախութիւն ունէր Հայաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւն զարգացնելու հարցին մէջ, քանի որ Հայաստանը լայնօրէն կը դիտուէր որպէս ռուսական վասալ պետութիւն։ Բայց հիմա Հայ Ազգը կը պնդէ իր ծնեալ իրաւունքին վրայ՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ դարձնելու իր արտաքին ռազմավարական դաշինքները: Եւ այդ նպատակով, Հայաստանի ոխերիմ թշնամիներ՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց մերձաւոր դաշնակիցներու հետ միասին ապատեղեկատուական արշաւ սկսած են Արեւմուտքի մէջ՝ չափազանցելով Հայաստանի՝ ռուսական ազդեցութեան տակ ըլլալը: Ամերիկահայերը պարտաւոր են անթուլօրէն եւ գործնականապէս հակազդել թրքական հակահայ պրոպականդային:
Այժմ, երբ ամերիկահայ սփիւռքը իրազեկուած է Հայաստանին սխալ բնութագրելու թուրքա-ատրպէյճանական համատեղ ջանքերուն, ամերիկահայ համայնքը ակտիւացած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ աւելի ամուր ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական դաշինք ստեղծելու համար:
Ոգեւորիչ է, որ այդ ուղղութեամբ՝ ստեղծուած է լուրջ առաջընթաց: Նման ջանքերն առաւել ակտիւացման նախանշաններ ցոյց կուտան։
Նոյնքան ոգեւորիչ է, որ Հայաստանը արդեն մասնակցած է շարք մը այլ ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսներու այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ), Հնդկաստանը եւ Եգիպտոսը։ Այժմ հրամայական է Հայաստանի եռագոյն դրօշը ունենալ նաեւ աշխարհի այլ խոշոր ցուցահանդեսներու մէջ։ Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Հայաստանի ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս զգալի առաջընթաց գրանցուած է։ Կը հաղորդուի, որ բազմամիլիոն տոլարի պետական պատւէրներ/պայմանագրեր տրուած են բարգաւաճ մասնավոր ընկերություններուն, որոնք կ՛արտադրեն ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող պաշտպանական իրեր:
Այժմ, կը թուի, թէ Հայաստանը առաւել լաւ դիրքաւորուած է օգտագործելու իր ծնեալ իրաւունքը՝ լիովին կայազօրային պետութիւն դառնալու համար, որպէսզի զսպէ իր աւանդական թշնամիներուն ՝ ցեղասպանական թրքական երկւորեակ հանրապետութիւններուն՝ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիային:
Հայաստանը եւ աշխարհի հայերը, օտարազգի ընկերներու հետ, ինչպիսիք են ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր (Հ.Կ.) Մարք ՄաքՔարլին, կրնան օգնել Հայաստանին՝ իր մասնաբաժինը բերելու համաշխարհային պաշտպանական միջոցառումներուն՝ աւելի մեծ աջակցութիւն ստանալու համար, ինչպէս նաեւ ուժեղ ուղերձ յղելու ընկերներուն, ոխերիմ ընկերներուն եւ թշնամիներուն, Հայաստանի յանձնառութեանը մասին` առաւել զարգացնելու ռազմական հնարաւորութիւնները` համարժեք ռազմական զսպման միջոցով՝ նոր ցեղասպանութենէ խուսափելու համար: