Posted on March. 9. 2024
Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով եւ ռուս թենիսմեն Անտրէ Ռուպլեւ պի- տի կատարեն բարեգործական մրցում մը, որուն հասոյթը պիտի տրա- մադրուի արցախահայութեան:
Նախաձեռնութեան հեղինակը ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղն է, եւ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, 16 մարտին:
Կարէն Խաչանով «Էյ. Թի. Փի.»-ի թիւ 15 դասուած թենիսմենն է եւ 4 անգամ միջազգային մրցաշարքեր շահած է: Ան Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի մրցումներու արծաթէ մետալ շահած էր: