Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ս. Զատկուայ Պատգամը Մի› Վախնաք

Posted on March. 31. 2024

Գրեց՝ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ 

«Մի› վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ ան, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք այն տեղը ուր Տէրը դրուած էր» (Մատթ. 28. 5-6): 

Իր խաչելութենէն երեք օրեր ետք, Կիրակի առաւօտուն, Յիսուսի հետեւորդ բարեպաշտ կիներ եկած էին իրենց վարդապետին գերեզմանը՝ հրէական սովորութեան համաձայն, անոր անշունչ մարմինը օծելու ակնկալութեամբ: Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը: Գերեզմանի պահապանները երբ ասիկա տեսան՝ սարսափեցան: Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. «Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ ան, որովհետեւ յարութիւն առաւ»: 

Զգայացունց լուր մըն էր հրեշտակին պատգամը, որ տիեզերական տարողութիւն ունի: Հրաշալի դէպքեր կու գան ու կ’անցնին, սակայն Քրիստոսի յարութեան լուրը կը մնայ, որովհետեւ այդ դէպքը բախտորոշ եւ ճակատագրական դէպք մըն է Յիսուս Քրիստոսի փրկագործչական առաքելութեան նկատմամբ: Առանց Քրիստոսի յարութեան՝ իր մահը սոսկ մարտիրոսութիւն մը պիտի ըլլար: Սակայն անոր յարութեամբ ան դարձաւ Քրիստոսի քաւչարար զօրութիւնը: Եթէ Յիսուսի կեանքն ու քարոզութիւնը՝ Գողգոթայի բլրան վրայ իր խաչելութեամբ վերջ գտնէր, այն ատեն Յիսուս սոսկ պատմական դէմք մը պիտի դառնար եւ խաչելութիւնն ալ անցեալ կատարեալ պատմական տխուր դէպք մը: 

Պօղոս Առաքեալի համար Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին եւ քարոզութեան: Առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ընդունայն է ձեր հաւատքը, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք…։ Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամենէն խղճալիներն ենք» (Ա. Կորն. 15. 17-19): Պօղոս Առաքեալի հայեցակէտով՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը որեւէ մահկանացուի նման երկրաւոր սահմաններու մէջ կ’ամփոփուի: Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, քրիստոնեաներու հաւատքը ցնորական խօսք է, ինքնախաբէութիւն է միայն: Առաքեալը կը հաստատէ թէ Քրիստոսի յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հիմն է: 

Հրեշտակին պատգամը գերեզման եկող կանանց՝ նոյնն է ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն. «Մի՛ վախնաք, ան յարութիւն առած է»: Մի՛ վախնաք, վերջին եւ վճռական յաղթանակը ձե՛րն է՝ եթէ ձեր կեանքը կապուած է Քրիստոսի: Կեանքի պայքարին մէջ պիտի յոգնիք: Փոյթ չէ թէ թուլնան ձեր բազուկները, կթոտին ձեր ծունկերը եւ խռովի ձեր ներաշխարհը, մի՛ վհատիք երբ հաւատարիմ էք ձեր ընթացքին մէջ. գիտցէ՛ք թէ ձե՛րն է վերջին յաղթանակը: 

Մի՛ վախնաք, ձեր կեանքի ձմեռը որքան սաստիկ ու ցրտաշունչ ըլլայ, գիտցէ՛ք թէ միշտ նոյնը պիտի չմնայ, շուտով պիտի գան գարնան պայծառ ու գեղեցիկ օրերը: Մի՛ վախնաք ձեր Ուրբաթ երեկոներէն. երբ Քրիստոս ձեզի հետ է՝ անոնց պիտի յաջորդեն հրաշալի յարութեան Կիրակիներ: Մի՛ վախնաք Քրիստոսի արի զինուորներ. անգութ եւ անիրաւ մարդիկ կրնան խաչել ու գերեզմանել ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց Քրիստոսի յաղթական Յարութեան զօրութեամբ՝ անոնք յարութիւն պիտի առնեն: 

Մի՛ վախնաք Քրիստոսի հաւատարիմ ծառաներ. երբ ձեր կեանքի գիշերներու խաւարը թանձրանայ՝ մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ արշա-լոյսը հեռու չէ, պահեցէ՛ք ձեր հաւատքն ու յոյսը: 

Բանաստեղծին նման, դո՛ւք ալ յայտարարեցէ›ք. 

Թուխպը թող պատէ երկինքը պայծառ, 

Թանձր մարախուղ թող տիրէ երկիր, 

Տարերքն աշխարհի խառնուին իրար, 

Յուսով եմ վաղ ուշ արեւ պիտ’ ծագի: 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեա՜լ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *