Վերջ՝ Հակապետական, կեղծ ընդդիմութեանը: Վերջ՝ 5րդ շարասեանը։ Պաշտօնազրկման հանրաքվէ է հարկաւոր։

Posted on April. 3. 2024

USA ARMENIAN LIFE TV 03 29 24 հեռուստահաղորդումը. 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, այսօրուայ իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս Պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Աշխարհի հայութեան, հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուշադրութիւնը սեւեռած է Ապրիլի 5-ին։ Եւ Ապրիլի 5ը կը թուայ կարեւոր անկիւնադարձային թուական մը ըլլալ ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը հանդիպում կ՛իրականացնեն Հայաստանի ղեկավարութեան հետ։ Եւ այդ հանդիպումէն կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ պետական անվտանգութիւնը ապահովող կարեւոր եւ գործնական երաշխիքներ ստանալու բարձր հաւանականութիւն կայ։ 

Իսկ անորմէ զատ ալ դրական եւս մէկ զարգացում մը, որ վերջերս սկսաւ շրջանառութեան մէջ դրուիլ այն փաստն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Իրանը եւ Ֆրանսան, յատկապէս այս երեքը, նաեւ հաւաքական Արեւմուտքը կարծես թէ համախոհ են այն մտքի շուրջ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային դարպաս Սիւնիքը անձեռնմխելի է, քանի որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բազմիցս յստակեցուցած է, որ սահմանի փոփոխութիւն չ՛ընդունիր։ Եւ պիտի չ՛ընդունի եւ ասկեց առաջ ալ վերջին տարիներուն, երբ որ այդպիսի վտանգ մը աւելի յստակ դարձած է, Իրանի պաշտպանութեան բանակը ահագին զրահատեխնիկա զօրաշարժի ենթարկեց եւ մօտեցուց Հայաստանի սահմանին՝ յստակ պատգամ ուղղելով Թուրքիային եւ Ատրպէյճանին։ 

Բայց այդ ժամանակները յստակ չէին, թէ Ատրպէյճանին թիկունքին կանգնած է Պուտինեան Ռուսաստանը եւ փաստը այն է, որ հիմա արդէն 2024 թիւի գարնան մօտն ենք, աւելի յստակ դարձած է, որ Իրանի պետական շահերը ըստ երեւոյթին բախման մէջ են Պուտինեան Ռուսաստանի շահերու հետ եւ քաղաքական հասունութիւն ունեցող որեւէ հայրենակից կրնայ շատ լաւ եզրակացնել վերջին տարիներու այն, ասենք ոչ բարի քայլերու առթիւ, որ Մոսկուան նախաձեռնեց։ Եւ բանից դուրս եկաւ, որ 2020-ի 44-օրեան, ըստ երեւոյթին՝ Պուտինեան Ռուսաստանի ոչ թէ մեղսացութեամբ, այլ նախաձեռնութեամբ գործադրուած միջազգային դաւադրութիւն մըն էր, եւ այդ միջազգային դաւադրութեան Պուտինեան Ռուսաստանի մասնակցութեան ամենայստակ փաստերէն մէկը այն է, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Շոյգուն, պատկերացուցէք, որ 2020-ի 44-օրեայէն անմիջապէս ետքը միացաւ Թուրքիոյ վարչապետին, Իսրայելի վարչապետին շնորհաւորելու Ատրպէյճանի յաղթանակը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։ 

Ոչ միայն այդ, ըստ երեւոյթին 2022-ի Սեպտեմբեր ամսին, երբ Ատրպէյճանական զօրքերը յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ արեւելեան սահմանով, այդ ժամանակ նաեւ տեղեկութիւններ ջրին երես ելան, որ ինչպէ՛ս ռուսական սահմանապահ զօրքերը գիշեր անց՝ ետ քաշուած են եւ իրենց տեղը «նուիրած» են Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն, իսկ անորմէ ետքը նայեցէ՛ք նաեւ ինչ պատահեցաւ։ 

Որպէսզի Պուտինեան Ռուսաստանը ներքին 5-րդ շարասիւնի միջոցով հասնի իր վերջնանպատակին, որ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած Փաշինեանի կառավարութիւնը իշխանութենէ դուրս քշէ, կուտայ պետական հարուածի ազդանշան։ Պատկերացուցէք, որ Դեկտեմբեր 2022-ին Ռուսաստանի քաջալերանքով, հիմա արդէն ջուրին երես ելած է, Ռուսաստանի քաջալերանքով Ատրպէյճանը Լաչինի միջանցքը փակեց, եւ ամբողջական շրջափակման մէջ առաւ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Եւ կարծես թէ աադ ալ չէր բաւեր, 2023-ի Սեպտեմբեր 19-ին, լայնամասշտաբ յարձակում գործեց Ատրպէյճանը մինչ իբրեւ թէ ռուսական խաղաղարար ուժերը իրենց պարտականութեան վրայ էին; 

Այս բոլորը կարծես թէ չէր բաւեր։ Հիմա ռուսական այս տանդեմը՝ ռուսական 5-րդ շարասեան տանդեմը, ամէն կերպ պայքար կը տանի ապրիլի 5-ի եռակողմ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական միութիւն եւ Հայաստան հանդիպումը, ամէն կերպ չ՛կայանայ եւ նոյնիսկ հոկտեմբեր 27-ը 1999-ի ոճով յարձակումներ կարելի է, որ մենք ականատես ըլլանք, եթէ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը իր պարտականութիւնը լիովին չի կատարեր։ 

Վերջերս մենք նաեւ իրազեկուեցանք Մոսկուայի պայթիւնէն անմիջապէս ետքը այն ահաբեկչական գործողութեամբ, որ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ, 5-րդ շարասիւնի մերձաւոր մարդկանց կողմէ, ըստ երեւոյթին, ամէն կերպ ներքին դաւաճանական 5-րդ շարասիւնը մեղսակցական իր պահուածքէն, իր վարուելակերպէն ետ չի կանգնիր։ լաւ լուրը այն է, որ ե՛ւ Հայրենի ե՛ւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը սկսած է բաւականին լաւ իրազեկուիլ՝ սկսած՝ ձեր խոնարհ ծառայէն։ Բոլորս ալ աւելի լաւ իրազեկուելու աշխատանք կը տանինք եւ ինչպէս որ մեր պարսկահայ ընկեր-ընկերուհիները կ՛ըսեն «էշի ականջին քնած չենք»։ 

Հիմա արդէն շուրջօրեայ հսկողութիւն՝ լրահոսերու առթիւ, որ հանկարծ 5-րդ շարասիւնը եւ անոր ենթակայ լրատուամիջոցները չ՛ապակայունացնեն եւ ապատեղեկատւութեան ճանապարհով, չմոլորեցնեն մեր հայրենակիցներուն։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Պարոն Չափարեան, իմ խօսքը կ՛ուղղեմ մեր ունկնդիրներուն։ Շատ հետաքրքրական ներածական քաղաքան վերլուծումէն ետքը խօսքս ձեզի կ՛ուղղեմ, սիրելինե՛ր։ 

Մենք ինչ պիտի ընենք։ Կը տեսնէք ձեր քաղաքական թատերաբեմին վրայ որքան խաղացողներ կան։ Փոքրիկ հայրենիք մըն է, հսկայ իր Սփիւռքով։ Մենք ի՞նչ պիտի ընենք։ Պիտի լռե՞նք այս բոլորի դէմ, թէ՞ մեր բարոր կեանքով երբէք չպիտի սպառենք այդ փոքրիկ հայրենիքով, ուր տակաւին մեր երիտասարդներու արիւնը չէ չորացած։ Հետեւաբար, ամէն անգամ կը կրկնենք եւ պիտի կրկնենք աշխարհի թատերաբեմը կրակի մէջ է։ Մենք ալ զոհ չ՛երթանք այդ կրակին։ Խելացի գտնուինք եւ այս խելացիութեան հիմնաքարը ի՞նչ է, սիրելիներ՝ իրարու հանդեպ հանդուրժողութիւն։ Սէր ունենանք իրարու հանդեպ։ 

Կրնանք տարակարծիք ըլլալ, բայց չմոռնանք խնդրոյ առարկան՝ ես ու դուն չենք, խնդրոյ առարկան այդ պատառիկ սուրբ հողն է, որ այսօր կայ՝ վաղը կրնայ չըլլալ։ Հետեւաբար ի սէր մեր հայրենիքի, ի սէր մեր ժողովուրդի գոյութեան՝ մենք իրաւունք չունինք զիրար հոշոտելու։ Ըլլանք տարակարծիք, ըլլանք հանդուրժող, մտիկ ընենք իրար։ Թշնամին դուրսն է, թշնամին ներս չի կրնար ըլլալ, այո։ Մեր պատմութեան մէջ շատ դաւաճաններ են եղած։ Բայց փոխանակ մեր դաւաճաններու մասին խօսինք, եկէք իրարու ձէռք ձէռքի տանք եւ մտածենք, թէ մեր հայրենիքը ինչպէ՞ս կ՛րնանք սպարազինել մտքով, ուղեղով, կարգին զէնքով։ Այս բոլորը ընելու համար, մենք պէտք է քով քովի գանք։ Չծառայենք ուրիշներու հաշիւներուն, ծառայենք հայրենիքի ի հաշիւ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Այո համերաշխութիւնը հիմնաքարն է ամէն տեսակ յաջողութիւններու եւ նաեւ հրաշագործութիւններու։ Պէտք է ըսել, որ 2020-ի 44-օրեայէն ասդին՝ այդ տագնապալի օրերէն մինչեւ այսօր, պէտք է ըսել, որ հայ ազգը՝ իր հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով, բաւականին շօշափելի քայլերու դիմեց, որպէսզի գործնական գետնի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ինքնիշխանութիւնը, Անկախութիւնը Եւ Պաշտպանութիւնը հզօրացնէ։ Եւ ես պէտք է իսկապէս սրտի խօսք ուղղեմ այդ բոլոր հոգիով, ոչ միայն տարիքով, հոգիով եւ մտքով, եւ կամքով երիտասարդներուն մեր հայրենի ժողովուրդի շրջանակներէն ներս, որ օրն ի բուն կ՛աշխատին, կը պայքարին։ Եւ ոչ միայն Հայոց Բանակը ուժեղացնելու աշխատանքներ կը տանին, այլ իրենց արշաւը կը սաստկացնեն օրըստօրէ, եւ աշխարհազօրայիններու պարապմունքները բաւականին լաւ ընթացքի մէջ են։ 

Ձեր հետ շատ լաւ լուր մը կիսեմ, ան ալ gallup international, այսինքն հարցախոյզի արհեստավարժ ընկերութիւն մը, որ ամբողջ աշխարհով մէկ իր ցանցը ունի, եւ այդ հարցախոյզ կատարող աշխատակիցները բազմաթիւ երկիրներու մէջ հարց տուած են զանազան երկիրներու քաղաքացիներուն, որ «արդեո՞ք եթէ ձեր երկիրը յարձակման ենթարկուի, դուք պատրա՞ստ էք ձեր երկրի համար պայքար տալու։» Լաւ լուրը այն է, որ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ, Հայաստանը կը զբաղեցնէ առաջին տեղը։ Ժողովուրդին 96% ըսած է, որ իենք պատրաստ են Հայրենիքը պաշտպանելու իրենց կեանքի գնով։ 

Հիմա աշխարհասփիւռ հայութիւնը կարեւոր պարտականութիւնը աջակցելու այդ ջանքերուն։ 

Այս ուղութեամբ, ես պէտք է բարձր գնահատանքի խօսք արտայայտեմ Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի՝ The American-Armenian National Security Institute, ղեկավարութեան կատարած աշխատանքներուն, որ անցեալ տարի, ինչպէս որ շատերդ տեղեակ էք, առաջին անգամ ըլլալով 7 տարբեր երկրներէ մօտաւորապէս 50 հայեր եւ հայասէր ոչ հայեր մասնակից եղան AANSI Մարդասիրական Բրիգադայի վարժանքներուն եւ այս տարի ալ նոյնպէս՝ երկրորդ վարժանքները պիտի իրականանան։ 

Այս իւրայատուկ կազմակերպութեան աշխատանքներու մասին հիմա պիտի չի խորանամ, հետագային ղեկավարը՝ այդ կազմակերպութեան հեռանկարային մտքերով առաջնորդուող ղեկավարը, ամերիկեան բանակի հանգստեան կոչուած Գեներալ-մայոր Մարք ՄաքՔարլիին կը հրաւիրենք եւ այդ մասին աւելի մանրամասն ձեզի կ՛իրազեկէ։ 

Այս կազմակերպութեան եւ զօրակիցներու առաջադրանքը այն է, որ ամէն կերպ զօրակցին Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Ժողովրդավարութեան, Անկախութեան եւ Պաշտպանութեան հզօրացման գործընթացին։ Ինչպէս որ քիչ առաջ կ՛ըսէի, սփիւռքահայութիւնը իր ուսերուն ունի ծանր, բայց անուշ պարտականութիւն, որ ինքն ալ իր հերթին մասնակից ըլլայ Հայաստանի հզօրացման։ Տնտեսական հզօրացման, ռազմական հզօրացման։ Անոնք, ովքեր Հայաստանի քաղաքացի են իրաւունք ունին եւ իրենց պարտականութիւնն է մասնակցիլ: Նաեւ աջակցինք ե՛ւ քաղաքական հզօրացման եւ դատաիրաւական համակարգի հզօրացման, որպէսզի հայրենիքէն ներս գերիշխէ Օրէնքի Գերակայունութիւնը։ 

Այս առթիւ մենք պէտք է իսկապէս բարձր գնատանքի խօսք ուղղենք մեր հայրենի ժողովուրդին, որ վերջին 5-6 տարուան ընթացքին սկսաւ այնպիսի Հայաստան մը կերտել, որ ճիշտ հակապատկերն է իբրեւ թէ անկախ, Հայաստանի այն ժամանակաշրջանին, որ լեցուն էր թալանով, օրինախախտումներով, կեղծ ընտրութիւններով։ Խօսքս կը վերաբերի 1991- 2018-ը յատկապէս երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու օրոք Հայաստանը մեծ անկում ապրեցաւ եւ Ռուսիոյ մեղսակցութեամբ Հայաստանի տնտեսութիւնը ծանր հարուածի տակ դրուեցաւ։ 

Ռոբերտ Քոչարյանի օրոք է, որ պէտք է յիշեցնենք եւ մեր յիշողութիւնը թարմացնենք, որ գոյք՝ պարտքի դիմաց տրուեցաւ Ռուսաստանին, որ Հայաստանի կարեւոր գործարաններէն շատ մը ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող գործարաններ յանձնուեցան մի քանի 100 միլիոնի դիմաց, երբ այդ գործարաններու արժեքը մի քանի տասնեակ միլիարդ կ՛արժէին: Հիմա Աստուած գիտէ՝ ինչքան աւելի պիտի արժէին: Բայց տեսէ՛ք , մէկ թալանչին ինչպէս օգնեց արտաքին ուժին Հայաստանը թալանելու։ 

ժամանակը եկած է, որ մեր ժողովուրդը իր աշխատանքը աւելի սաստկացնէ, եւ Փաշինեանի կառավարութիւնը մանդատ ստացած է, որ օրէնքի դիկտատուրան, ասոնք պարոն Փաշինեանի գործածած բառերն են, օրէնքի դիկտատորան բանեցուի։ Ինչ կը նշանակէ ներքին 5-րդ շարասիւնի դաւաճաններու թեմային, այս երկրորդ եւ երրորդ նախագահները, որ տասնեակներով միլիարդաւոր տոլարներով թալանած են ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Սփիւռքը, ու ապօրինի իւրացումներ իրականացուցած են։ Քանի որ, Փաշինեանի կառավարութիւնը եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող Քաղաքացիական Պայմանագիր ֆրակցիան օրէնքը մշակեց որ կը վերաբերի ապօրինի իւրացումներու, բռնագանձման օրէնքին, հարկաւոր է րոպէ առաջ գործադրել։ 

Այդ օրէնքը ե՞րբ պիտի գործադրուի: Ե՞րբ այդ տասնեակ միլիարդաւոր տոլարները, որ կողոպտուած, թալանուած են Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, ամենայն հայոց չկաթողիկոս, այսինքն չարիքի կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ եւ այն բոլոր 5-րդ շարասիւն՝ ղարաբաղեան կլանի կողմէ: Ի հարկէ զանազանութիւն կայ ղարաբաղեան մաֆիայի եւ զտարիւն արցախցիներու միջեւ։ Արցախցիները ուրիշ մարդիք են, այս փաստը մենք պէտք է միշտ նշենք, մեր արտայայտութիւններու մէջ։ Ես իմ կեանքը կուտամ որեւէ գիտակից հայի։ Եւ , այսպիսի աշխատանքները պէտք է, որ շարունակուին, որպէսզի մենք այն ժամանակ իրարու նայելով, իրարու աչքերու մէջ նայելով, ուրախ եւ գոհունակ կերպով նայելով, արդէօ՞ք կրնանք ըսել, որ ապագայ կա՞յ: Ի՞նչ կ՛ըսէք, պարոն Մխիթարեան։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Պարոն Չափարեան, երբէք պէտք չէ յուսահատիլ: Այնպիսի հարցում մը տուիք ինծի, ձայրաստիճան լաւատես մէկու մը, որ երբէք ընկճում չէ ունեցած իր կեանքի ընթացքին։ Եւ հետեւաբար մեր ժողովուրդն ալ պէտք է լաւատես ըլլայ հայրենիքի նկատմամբ, որովհետեւ Հայրենիքը կայ եւ պիտի մնայ։ Այս բոլոր վերիվայրումները պիտի անցնին, սիելինե՛ր։ Բայց մինչ այդ ես եւ դուն ի՞նչ պիտի ընենք հայրենիքի համար։ Հայրենիքի համար օգտակար ըլլալով շատ կարեւոր է նաեւ, որ մենք զմեզ ապահովենք այն երկիրներու մէջ, ուր որ ենք։ 

Հետեւաբար, որքան Սփիւռքը զօրաւոր է, զօրաւոր պիտի ըլլայ Հայրենիքը, պայմանաւ որ զիրար հանդուրժենք, չնախատենք զիրար, սիրենք զիրար՝ հանուն հայրենիքի, հանուն անոր, որ մեր գալիք սերունդը չնախատէ մեզ, ըսելով, որ ինչ հիմար էին մեր մեծերը։ Ընդհակառակը, մենք ուրախութեամբ այդ ջահը փոխանցենք նոր սերունդին եւ իրենց հայացքը ուղղենք դեպի Արարատ, որովհետեւ հոն է մեր փրկութիւնը, հոն է մեր ապագան։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ — Ինչպէս որ նախորդ հաղորդումի ժամանակ յայտնեցինք, որ աշխատանքներ կը տարուին։ Երկու կատողիկոսութիւններու հովհանիին տակ գործող թեմերէն ներս, որպէսզի փիղը սենեակէն ներս դուրս բերուի եւ այդ երկու օլիգարխիական – մենատիրական – մոնոպոլիստական ուժերը պէտք է ամէն գնով դուրս բերուին՝ մէկը Կիլիկեան Թեմի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանէն, որ այս պարագային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օլիգարխներն են, գլխաւորութեամբ Վիգէն Յովսէփեանին։ 

Միւսը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանիի տակ գործող Արեւմտեան Թեմի մէջ գործող մէնատիրական – մոնոպոլիստական կլանն է, որ կը գլխաւորուի Գարեգին Բ չկաթողիկոսով եւ նաեւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու հովանաւորութեամբ։ Այս երկու թեմերը պէտք է սրբազարդուին եւ մանաւանդ հայրենիքի մէջ գործող կղերապետական այդ համակարգը պէտք է վերացուի ամէն գնով։ 

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ղեկավարութիւնը մեզմէ խնդրեց, որ ARMENIAN CHURCH REFORM Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման հեռախօսի թիւը եւ email-ի – ե-նամակի հասցէն (310-773-7870, info@armenianchuchreform.com) էկրանի վրայ ցոյց տանք, որպէսզի անոնք, որոնք կը փափագին ունենալ ազատ աշխարհի մէջ գործող Հայաստանյաց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան պատճենը հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով՝ պատրաստ են իրենք յայթայթելու այդ պատճենը։ Պարոն Մխիթարեանը իր հերթին մասնագիտացած է կանոնադրութեան մէջը: Եթէ որեւէ հարցում ունենաք կարող էք դիմել նաեւ խմբագրութեան։ 

Ինչպէս որ կը տեսնէք, սիրելիներ, մեր ժողովուրդը, Հայ Ժողովուրդը, մեր Ազգը՝ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով արդէն զարթօնքի նոր պատմաշրջան մը սկսած է եւ այդ զարթօնքի նոր պատմաշրջանը կ՛ընթգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ինքնիշխանութեան, Անկախութեան, Ժողովրդավարութեան, Տնտեսութեան եւ Պաշտպանութեան հզօրացման գործընթացը։ 

Եթէ մենք կարողանանք մեր ներքին տզրուկները ներքին դաւաճանները ամէն կերպ հեռացնել քաղաքական դաշտէն, այն ժամանակ կը կարողանանք հրաշքներ գործել միասին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իսկապէս առողջ մտածող ժողովուրդ է: 

Մի հաւատաք թշնամիներու պրոպագանդին։ Այսօրուայ ըդդիմութիւնը, բոլոր նախադրեալներն ունի կոչուելու դաւաճան ընդդիմութիւն: Գիտէք ազատ աշխարհի մէջ, ժողովրդավարութիւնը մինչեւ որոշ սահման մը մարդկանց ազատութիւն կուտայ: Բայց երբ մարդիկ կը սկսին իրենց ազատութիւնը չարաշահել եւ պետականութեան դէմ գործել, այդ անհատին, կամ անհատներուն, կամ խմբաւորումներուն սահմանադրական իրաւունքը կը չեղարկուի, կամ կը սառեցուի ցնոր տնօրինում: 

Իսկ ժողովուրդի քուէներով ընտրուած պաշնօնատարներու պարագային, հարկաւոր է գործադրել պաշտօնազրկման հանրաքուէ: Եթէ այդ օրէնքը գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ հարկաւոր է զայն արագընթացօրէն մշակել որպէսզի քաղաքացիներոը իրաւունքը ունենան օրէնքի ճանապարհով, պաշտօնազրկել հակապետական եւ ազգադաւ կեղծ ընդդիմութեանը: Նոյն հանրաքուով անոնց փոխարէն ընտրել աւելի առողջ ընդդիմութիւն եւ ներքաղաքական դաշտը մաքրել եւ առողջացնել: 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, հոյակապ օրէնքի դրութիւն մը կայ որ կը կոչուի Recall Election, այսինքն հետսկոչման կամ պաշտօնազրկման հանրաքուէ։ Ցանկացած գոնկրէսական կամ՛ Կլենտէյլի կամ Լոս-Անջելոսի քաղաքապետ, կամ Քալիֆոռնիոյ կառավարիչ՝ եթէ լաւ չի գործեն կրնան թիրախ դառնալ պաշտօնազրկման հանրաքուէի: 

Շատերու առաջադրանքն է, որ Հայաստանի Խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը սկսի համապատասխան քայլեր առնել մշակելու նման օրէնք մը: Երբ որ ժողովուրդը կ՛իրազեկուի, թէ օրինակի համար այսօրուայ ընդդիմութիւնը ոչ միայն գործունեայ չէ, այլ հակառակ արդիւնք ստեղծող ընդդիմութիւն է կամ հակապետական է, Հայաստանի քաղաքացիները իրաւունք պէտք է ունենան հանրաքուէ կազմակերպելու, որպէսզի որեւէ խորհրդարանի անդամ կամ խմբակցութիւն որ հայկական պետականութեան շահերուն դէմ կ՛աշխատի, այդ խմակցութիւնը կը պաշտօնազրկուի հանրաքուէի ճանապարհով։ 

Ժողովրդավարութիւնը իր ըսելիքը տակաւին չէ աւարտած։ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *