Posted on April. 11. 2024
Գրեց՝ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Ընթացիկ տարուան Ապրիլ ամիսը 115-րդ տարեդարձն է Ատանայի Կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30,000 հայեր: 1894-96 Համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա երկրորդ լայնատարած համազգային աղէտն էր, որ տեղի կ’ունենար 1909-ի Ապրիլ ամսուն: Կոտորածը կազմակերպուած էր Սուլթան Համիտի (1876-1908) համակիր Ահրար կուսակցութեան եւ այլ մոլեռանդ Իսլամ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին Իթթիհատական Երիտասարդ Թուրքերուն:
Երիտասարդ Թուրքերը, Յունիս 10, 1908-ին, տապալեցին Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը եւ իշխանութեան գլուխը անցան եւ «ազատութիւն եւ հաւասարութիւն» լօզունքներով ոգեւորեցին ամբոխները: Թուրք եւ հայ ու այլ փոքրամասնութիւններ զիրար համբուրեցին եղբայրութեան անունով: Սուլթան Համիտի համակիրնէրը զայրացած հայ եւ թուրք ժողովուրդներու սերտ կապերէն ուզեցին վրէժ առնել՝ գրգռելով թուրք մոլեռանդ մարդիկ, որպէս զի դաս մը սորվեցնեն Համիտի հակառակորդներուն: Կոտորածի նախորդ օրերուն արդէն պրկուած մթնոլորտ մը կը տիրէր եւ սկսած էին նաեւ հակահայ քարոզութիւններ:
Իթթիհատ Վէ Թէրաքի — Երիտասարդ Թուրքերու – վարչակազմը թէեւ առ երեւոյթ ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն կը քարոզէր, ըստ էութեան փոքրամասնութիւններու հակառակ էր: Երիտասարդ Թուրքերու ծածուկ նպատակն էր ձուլել ոչ-իսլամ տարրերը եւ համաթրքական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել: Այդ պատճառով էր որ երբ 1909-ի Ապրիլ 1-ին թուրքերու առաջին յարձակումը սկսաւ Ատանայի հայկական թաղերուն վրայ, թուրք ոստիկանութիւնը միացաւ խուժանին եւ մասնակցեցաւ ջարդերուն: Անտարակոյս, Իթթիհատականներ լռելեան իրենց հաւանութիւնը տուած էին՝ Ատանայի Կոտորածին նկատմամբ: Երեւոյթները փրկելու համար էր, որ անոնք դատապարտեցին պատահած աղէտը: Երբ հայ եկեղեցական եւ աշխահական ղեկավարներ իրենց ցասումը յայտնեցին եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, անոնք ուրացան իրենց ջարդարարի դերը եւ համաձայնեցան քննիչ յանձնախումբ մը նշանակել՝ ատենապետութեամբ երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի: Պապիկեանի տեղեկագիրը լոյս չտեսաւ, քանի որ տեղեկագիր պատրաստող հայ երեսփոխանը առաւօտ մը իր ննջարանին մէջ խորհրդաւոր պայման-ներուն մէջ խեղդամահ գտան:
Անկասկած Ատանայի Կոտորածը նախափորձը դարձաւ Երի-տասարդ Թուրքերու համա-թուրանական քաղաքականութեան: Քանի մը տարի ետք՝ Հայկական Մեծ Եղեռնը, լրումը պիտի ըլլար իրենց կանխամտածած ցեղասպանութեան, որով կը յուսային լուծել Հայկական Հարցը:
Դժբախտաբար, մեր եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը միամտաբար խաբուեցան կեղծաւոր եւ նենգամիտ Իթթիհատական Երիտասարդ Թուրքերէն եւ չկրցան նախատեսել վերահաս վտանգը:
Երբ թուրք խուժանը հայկական թաղերու վրայ յարձակում գործեց 1909-ի Ապրիլ 1 թուականին, Հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Այդ ատեն, Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութիւնը անգլիական հիւպատոսին միջնորդութիւնը խնդրեց, որ խռովութիւններուն վերջ դնելու համար, հայերը իրենց զէնքերը յանձնեն կառավարութեան: Հիւպատոսը իր տխուր առաքելութիւնը կատարեց եւ հայեր յանձնեցին իրենց զէնքերը:
Թրքական ջարդերը շարունակուեցան եւ Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութիւնը գործնապէս չմիջամտեց: Արդիւնքը ահաւոր եւ եղերական եղաւ: Ատանայի նահանգին մէջ տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու մէջ մօտաւորապէս 30,000 անմեղ հայեր զոհ գացին: Եկեղեցիներ, դպրոցներ, բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոններ քանդուեցան: Բազմաթիւ որբեր եւ որբեւայրիներ անպատսպար մնացին:
Դժբախտաբար, Երիտասարդ Թուրքեր չընդունեցին իրենց դերակատարութիւնը Ատանայի Կոտորածին մէջ: Այդ եղեռնը նախադուռը եղաւ քանի մը տարի ետք տեղի ունեցող Մեծ Եղեռնին:
Ապրիլ 1909-էն – Ապրիլ 2024-ը՝ հարիւր տասնհինգ տարի…: Այսօր 115 տարի ետք, մենք իբրեւ ազգ՝ կանք ու կը մնանք, զոհի հոգեբանութենէն դուրս ելած՝ վերածնած ենք: Ատանայի Կոտորածին 115-ամեակը վերանորոգման տարեդարձ մըն է, մեր կորսուած իրաւունքներու պահանջատիրութեան, մեր վերանորոգման, մեր կենսունակութեան եւ վերակերտման վճռակամութիւնը վկայող հանգրուան մը: Միանգամայն, սոյն տարեդարձը անցեալէն դասեր սորվելու դիպուկ առիթ մըն է, թէ՝ մեր ազգային կենսական հարցերու մէջ միամիտ եւ պատրանախաբ չըլլանք, այլ միշտ իրատես եւ հեռատես, շրջահայեաց եւ իմաստուն ըլլանք. Օտարներու օգնութիւնը հայցենք, բայց օտարներէն փրկութիւն չսպասենք, որովհետեւ վերջին հաշուով մեր սեփական միջոցներով միայն կրնանք տիրանալ մեր իրաւունքներուն: Ուրեմն, անհրաժեշտ է միաբան ու միակամ ըլլալ: Բաւարար չէ միասնականութեան մասին տարին օր մը կամ հազուադէպ ոգեկոչական հանդիսութեան առիթներով միայն մտածել, այլ հարկ է զայն մեր առօրեային հետ շաղկապել, միասնական ճակատով թիկունք կանգնիլ Հայ Դատին: