Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Մայիսի 17-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը: «ԲԱԳՐԱՏԻԿԻՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ. Ովքեր կը թելադրեն Բագրատ սրբազանին ընելիքները». Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի, յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի եւ Հայաստանի Քրիստոնեայ Ժողովրդավար կուսակցութեան փոխ Հայկ Սուքիասեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@ gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ անգլիատառ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

https: //www.youtube.com/watch?v=EjuFTnzqUcg&t=27s 

Բաժանորդագրուեցէ՛ք USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-եան ալիքին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս՝ Աբօ Չափարեան, 

Ըստ երեւոյթին, Տաւուշեան կրկէսը կը շարունակուի։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, Բագրատիկի խղճահարութիւն պատճառող արշաւանքները գրեթէ աւարտ կʼարտացոլան, որովհետեւ ակնկալուած արդիւնքը չիրականացաւ։ 

Այս բոլոր կրկէսը կազմակերպուած էր, ըստ երեւոյթին, 5րդ շարասեան կողմէ։ Մենք տեսանք տեսաերիզներու մէջ, թէ ինչպիսի ոգեւորուածութեամբ հին ռեժիմականներու կողմնակիցները Բագրատ չարքեպիսկոպոսը (անշուշտուրիշ հայրենակիցներ սրբազան բառին փոխարէն ուրիշ բառ մը կʼըսեն, զան-ով կը վերջանայ, բայց ես պիտի չկրկնեմ այդ մէկը) կը շրջապատէին եւ ինքնահերոսացման գործընթացը կը շարունակէին։ Եւ այս «գեղեցիկ երեւոյթը» կը պարտինք այն «թռչող կապիկներուն», անգլերէն կʼըսեն` flying monkeys։ «Թռչող կապիկները» այնպիսի մարդկային արարածներ են, որոնք անպայման վատ մարդիկ չեն։ Կրնան լրջօրէն հաւատալ իրենց ըսածին, լրջօրէն համոզուած ըլլան, որ իրենք ճիշդ բան կʼընեն յօգուտ բարձր նպատակի մը համար։ Այս պարագային կան նաեւ «թռչող կապիկներ», որոնք կը փորձեն ամէն գնով Հայաստանը փրկել։ Ի հարկէ, կեղծաւոր փրկարարներ կան եւ կան նաեւ իսկապէս հաւատացող, ովքեր կը խորհին, թէ Հայաստանը կրնան փրկել միւս ծայրայեղութեան երթալով։ 

Ինչպէս որ ասկէ առաջ բազմիցս ըսած եմ, ես եւ իմ նմանները, զրուցակիցս, յայտնի hետազօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեանը եւ մեր նմանները բազմաթիւ են։ Բանակ կը կազմեն ե՛ւ արտերկրի մէջ, ե՛ւ հայրենիքէն ներս որպէս անկախ մտածողներ։ 

Այդ անկախ մտածողները անպայման սիրահարուած չեն օրուան իշխանութիւններուն։ Սակայն ռազմավարական առումով ճիշդ կողմնորոշուածութիւն կը ցուցաբերեն հետեւեալ տրամաբանութեամբ․ Եթէ լայն զանգուածները ընթացք տան կամ տուած ըլլային, մենք պիտի հիմնովին գործող մեղսակից ըլլայինք հին գողապետական ռեժիմի իշխանութեան վերադարձին։ Սակայն, բարեբախտաբար, այդ «թռչող կապիկները» չկրցան իրենց նպատակին հասնիլ, որովհետեւ այսօր ի պատիւ մեր ժողովուրդին ե՛ւ արտերկրի մէջ, ե՛ւ հայրենիքէն ներս, բաւականին արթնամտութեամբ կը հետեւին։ Եւ տեսանք թէ ինչպէս բազմահարիւր հազար ժողովուրդ բացակայեցաւ այս տաւուշեան կրկէսէն որուն թաքուն հիվանաւորներն են նախկին նախագահներ՝ Ռոբերտ Քոչարյան եւ Սերժ Սարգսյան ինչպէս նաեւ իրենց կլանակից Գարեգին Բըըը չկաթողիկոսը։ 

Մինչ այս կրկէսը կը շարունակուի, Բագրատիկը, որ բազմաթիւ խորհրդաւոր եւ ոչ բարոյական գործառնութեան մէջ միջամուխ եղած է Քանատայի մէջ որպէս առաջնորդ կամ չառաջնորդ, չարիքի առաջնորդ, ծառայութեան օրերէն մինչեւ հիմա ըստ երեւոյթին բաւարարուած չէ իր «նուաճումներով» եւ կʼուզէր վարչապետ ըլլալ եւ տեսանք ինչպիսի խայտառակութիւն, ինչպիսի «տրամա-քոմետիա» մեր աչքին առաջ յայտնուեցաւ։ Իսկ այս զարգացումներու լոյսին տակ պիտի առաջարկէի, որ զրուցակիցս, պարոն Մխիթարեանը, իր տեսանկիւնը ներկայացնէ եւ անկէ յետոյ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Սիրելի հեռուստադիտողներ, ես այսօր զուգահեռական մը պիտի ստեղծեմ եկեղեցիի եւ քաղաքականութեան փոխկապակցութեան մասին։ 

Բոլորիդ ծանօթ է՝ այս օրերուն Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» անունով քաղաքական շարժում մը սկսաւ։ 

Շատ հետաքրքրական է։ Այո, այդ շարժումը այժմէականացուց, բայց շատ խնդրայառոյց կացութիւն մը ստեղծեց եկեղեցւոյ եւ քաղաքականութեան միջեւ։ Այն ինչ որ այսօր տեղի կʼունենայ Հայաստանի մէջ, այն է, որբարձրաստիճան եկեղեցական մը ասպարէզ իջած է, քաղաքական ասպարէզ եւ քաղաքական յեղաշրջում մը կը փորձէ կամ կը փափաքի իրականացնել։ Բայց չմոռնանք, որնպատակը այդ չէ, երբ այդ քայլարշաւը սկսաւ Տաւուշէն։ Հողերուն յանձնումը պատրուակ մըն էր․ երբ որ Երեւան հասաւ, շատ յստակ եղաւ պատկերը, որ իրենց նպատակը իշխանափոխութիւն է։ 

Բայց մենք այս բոլորը մէկդի թողունք, եւ այս փոխկապակցութեան մասին՝ եկեղեցիի եւ քաղաքականութեան փոխկապակցութիւնը վերլուծենք։ 

Ըստ երեւոյթին, Բագրատ արք. Գալստանեան նաեւ մեծ ախորժակներ ունի վարչապետ ըլլալու, եւ կը յանդգնի այդ բոլորը յայտարարելու, թէ եթէ ժողովուրդը փափաքի, ինք պատրաստ է, հակառակ այն իրողութեան, որ մեր Հայաստանի սահմանադրութիւնը որեւէ ձեւով չʼարտօներ այդ մէկը, որովհետեւ Բագրատ արք. երկու քաղաքացիութիւն ունի՝ թէ՛ քանատացի է, թէ՛հայաստանցի։ 

Հետեւաբար, այդ պատմութիւնը մէկ կողմ դնենք։ Բայց հոս հակասական երեւոյթներ կան։ Արքեպիսկոպոս մը, բարձրաստիճան հոգեւորական մը, որ պէտք է ըլլարմիջնորդը իր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ միջեւ, այսօր ամբողջութեամբ ասպարէզ իջած է տարբեր ծրագրով։ Իր այս մօտեցումները կʼուզեմ բոլորիդ համար յստակ ըլլան, այս նախադասութիւնը անգամ մը եւս կրկնեմ, որմէ ետք կը շարունակեմ։ Ես կը խօսիմ եկեղեցականի մը մասին, որ կʼարատաւորէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարկը։ 

Իր արժեւորումները կʼարատաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Հետեւաբար, այն ինչ որ ես կʼըսեմ, ակնարկութիւնս կը սեւեռի միայն եկեղեցականին եւ ոչ սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռին։ Այս բոլորը բոլորիդ յստակ թող ըլլայ, որտեւ շահարկուներ կան։ Ամէն անգամ, որ նման նիւթերու մասին խօսինք, լուրջ մտահոգութիւններով կ՛ելլեն կʼըսեն, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը հալածուի։ Քաւ լիցի, սիրելիներ։ Ատանկ բան գոյութիւն չունի։ Մենք այդ սրբութիւն սրբոցին զաւակներն ենք։ Հետեւաբար, մենք մեր տունը չենք կրնար քարկոծել։ Հոս է, որ Բագրատ սրբազանի վերաբերմունքը ամբողջութեամբ կը հակասէ ինքզինքին։ 

Սրբազանը կը յայտարարէ ճշմարտութեան, հաշտութեան եւ համերաշխութեան համար պայքարի մասին; Սակայն հանրութեան կոչ կʼընէ անհնազանդութեան։ Բագրատ սրբազան, Աւետարանին ո՞ր էջին մէջ գրուած է այդ մէկը, որ ժողովուրդին հրահրէք անհնազանդութեան ընդդէմ իր իշխանութեան, որ ընտրուած է իր ժողովուրդին կողմէ։ 

Միշտ կʼըսեն, չէ՞, որ իշխանութիւնները կու գան-կʼերթան, բայց ժողովուրդը մի՛ հրահրէք այն իշխանութեան դէմ, որ այսօր իր կողմէ ընտրուած է։ Ժամանակը կու գայ, այսիշխանութիւնները կու գան- կʼերթան, ինչպէս բագրատներ կու գան-կʼերթան։ Հետեւաբար, ժողովուրդին հոգեբանութիւնը մի՛ սպաննէք։ Մանաւանդ, դուք, եկեղեցականներդ, որ պարտաւոր էք սէր եւ համերաշխութիւն քարոզել, փողոց ելած էք, անհնազանդութիւն կը քարոզէք։ 

Անհնազանդութիւն որո՞ւ դէմ։ Եթէ այդքան քաջ էիք, սահման երթայիք, զէնք մը կրած ձեր ձեռքին․ թշնամին դուրսն է։ Մեր ժողովուրդը մի պատրաստէք ընդդէմ իր իշխանութեան։ Բարեբախտաբար, ինչպէս քիչ առաջ պարոն Չափարեանն ալ յիշեցուց, ձեր շարժումը մահկանացու էր առաջին օրէն, եւ այսօր իր վերջին շունչը կը քաշէ։ 

Հրապարակին վրայ մարդ չկայ, եւ դուք պարտաւոր պիտի ըլլաք տակաւ առ տակաւ հեռանալու եւ դուք զձեզ հակասելու։ Դուք այլեւս եկեղեցւոյ չէք ծառայեր։ Ընդհակառակը, ձեր կապարը կը զարնէք հայ եկեղեցւոյ արժանապատուութեան։ Այն եկեղեցին, որ մեզ դարեր պահած ու պահպանած է, այլ խօսքով, մեր ինքնութեան ողնասիւնը եղած է։ 

Ցաւալին հոն է, որ Բագրատ արք. Գալստանեան երբեք չի ծածկեր, որ իր ետին ովքեր կան, մանաւանդ իր հոգեւոր հայրը՝ Գարեգին բ. կաթողիկոս։ Չեմ կարծեր որեւէ մէկուն մտքին մէջ կասկած կայ, թէ ովքեր են իր ետին։ Իմ մտահոգութիւնս, սիրելիներ, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարկն է։ 

Գարեգիններ պիտի գան-երթան, ինչպէս անցեալին եկած-գացած են։ Բայց չմոռնանք, որ եկեղեցին երբեք պէտք չէ արատաւորել, եւ արատաւորները նոյն այդ սպասաւորներն են, որոնք որպէս թէ միջնորդ պիտի ըլլային ժողովուրդին եւ Աստուծոն միջեւ, բայց այսօր կապար կը զարնեն այդ եկեղեցին փլելու, այդհսկայ կաղնին փլելու, որ մեր ինքնութեան լաւագոյն կռուանն է եւ նաւահանգիստը։ 

Ցաւալին նաեւ ոչ միայն Բագրատ արքեպիսկոպոսի համարձակութիւնն է, որ, ինչպէս որ ըսինք, ուշ կամ կանուխ ամբողջութեամբ պիտի վերջանայ, այլ այն, որ իրեն զօրակցող հոգեւորականներ կան։ Լաւ կʼըլլայ, որ եկեղեցակա՛ն կոչենք, որովհտեւ հոգեւոր բան մը չէ մնացած իրենց մէջ։ Ըլլայ ատիկա Շիրակի թեմի նախկին առաջնորդը ներկայ առաջնորդ՝ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի հետ, անոնց կողքին նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։ 

Երկուքն ալ քայլերթին մասնակցեցան, բայց այն, ինչ որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեան յայտարարեց, կը գերազանցէ բոլորը։ Իր զօրակցութիւնը յայտնելէն անդին, իր յայտարարութեան մէջ յստակ ըսաւ, որ «մահապարտները անհրաժեշտութեան պահին պէտք է ձերբազատուին ներկայի վարչապետէն»։ Կը հասկնա՞ք, թէ ինչ կը նշանակէ, սիրելիներ։ Բացայայտօրէն կʼըսէ, որ այն ինչ որ պատահեցաւ անցեալին, մեր աւագանին ինչպէս որ մաքրուեցաւ ոճիրներով, այսօր նոյնին կոչ կʼուղղէ արքեպիսկոպոսը։ Հիմա կարելի՞ է իրեն սրբազան բառը կոչել, թէ այն, ինչ որ ժողովուրդը կʼըսէ իրենց հասցէին․ «սէ» գիրը վերցուցէք եւ հոն դրէք «լիւն»տառը։ Կը հասկնա՞ք․ որ ասոնք հոգեւորական չեն։ Ասոնք սքեմին տակ պահուըտած գործակալներ են եւ ուրիշ ոչինչ։ 

Ամէնէն տխուր երեւոյթը, մենք, որ սփիւռք կʼապրինք, այն է, որ այս բոլոր իրենց աւերները կը փորձեն սփիւռք բերել եւ կը փորձեն նաեւ սփիւռքի թեմերուն պարտադրել ներկայ իշխանութեան դէմ գործելու կամ հրապարակաւ դատապարտելուվարքագիծը։ Եւ ո՞վ կը կարծէք, որ այս բոլորին իր օրհնութիւնը տուած է, եթէ ոչ Գարեգին կաթողիկոս։ 

Չէ՞ք կարծեր, սիրելիներ, որ ժամանակը հասած է, եթէ մեր եկեղեցականները իսկապէս կը հաւատան իրենց առաքելութեան, որ Բագրատ սրբազան հրաժարի իր եկեղեցական կեանքէն, եթէ իսկապէս կʼուզէ քաղաքական կեանք մտնել, որու մասին բացարձակ գաղափար նոյնիսկ չունի։ Եւ կամ, ան Վեհափառին կողմէ անպայման պէտք է պատժուի եւ ղրկուի ապաշխարութեան։ Իմ եւ իմ նմաններու մտահոգութիւնը (ինծի կը ձայնակցին նաեւ շատ մը եկեղեցականներ), որ այս բոլորը միայն կʼարատաւորեն հայ եկեղեցւոյ անունը։ 

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին սրբութիւն սրբոց է։ Թոյլ մի՛ տաք, սիրելիներ, որ Բագրատի նման սքեմի տակ պահուըտած եկեղեցականներ, կամ Միքայէլի նման, կամ ուրիշներու նման, որոնք քաջալերեցին իր արարքը, կարծելով որ մեծ սխրագործութիւն մըն էր։ Այդ բոլորը հեռացուցէք եկեղեցւոյ ասպարէզէն, որովհետեւ ասոնք միայն կʼարատաւորեն ոչ միայն եկեղեցւոյ պատիւը ու արժանապատուութիւնը, այլ նաեւ կʼարատաւորեն ձեր ազնիւ զգացումները Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Ըստ երեւոյթին մեր ժողովուրդին մէջ կան իսկապէս սրտցաւ հայրենակիցներ, բայց նաեւ կան այնպիսի տարրեր, ովքեր իրենց ապագան կը տեսնեն հին գողապետականներուն հետ, իրենց ճակատագիրը կը կապեն անոնց հետ։ Եւ այս նորօրեայ «թռչող կապիկներուն»ինչ ալ ըսես` պիտի չհասկնան. պետականութեան կարեւորութիւնը, պետականութեան զօրակցելու կենսական ըլլալը ի դիմաց իշխանութեան կողմնակից ըլլալու կամ ընդդիմադիր ըլլալու։ 

Մարդ կրնայ իշխանութեան ընդդիմադիր ըլլալ, բայց միշտ պետականութեան հանդէպ հաւատարիմ ըլլալ։ Եւ այս պատճառով է, որ բազմիցս բարձրաձայնած ենք, եւ պիտի շարունակենք բարձրաձայնել, որ այս կեղծ ընդդիմութիւնը պէտք է ամէն գնով հաշուեյարդարի ենթարկուի օրէնքի ճանապարհով։ Օրէնքի գերակայութեան մթնոլորտի մէջ 18:00խորհրդարանական յատուկ ընտրութիւններու (special parliament elections), արտակարգ ընտրութիւններու միջոցաւ այս ընդդիմութիւնը` կեղծ ընդդիմութիւնը պէտք է ենթարկուի իր արժանի ճակատագրին։ 

Այսինքն պատմութեան աղբանոցին մէջ իր արդար տեղը գտնէ, որովհետեւ այս կեղծ ընդդիմութիւնը, այնքան ատեն որ իր գործունէութիւնը սանձարձակ կերպով կը շարունակէ, կʼառեւանգէ հայ ժողովուրդի եւ հայ ազգի ծնեալ իրաւունքը, կերտելու ինքնիշխան, անկախ, պաշտպանունակ, տնտեսական առումով զարգացող, բարգաւաճ եւ հզօր ժողովրդավարական կարգերով պետութիւն։ Այս ծնեալ իրաւունքը կը պատկանի ողջ հայ ժողովուրդին, ամբողջ աշխարհով մէկ տեղակայուած հայ ազգին։ Ոչ մէկը, ոչ մէկ ուժ իրաւունք չունի հայէն պահանջելու, որ անդառնայ հակահայ եւ չմտածէ որպէս հայապետութեան դպրոցի հետեւորդ։ 

Սպարապետ Գարեգին Նժդեհ անցեալին շատ դիպուկ խօսք մը ըսած է, որ ամէնէն վատ հայը հայու թուրք տեսակն է։ Եթէ սպարապետ Նժդեհ ողջ ըլլար, հաւանաբար պէտք է ուզեր յաւելում մը կատարել իր պատմական ակնարկին, ըսելով` հայի վատ տեսակը, այսինքն հայի սովետական, բոլշեւիկեան տեսակը ամենավատ տեսակն է։ Նոյն յարաբերակցութեամբ, ինչ որ հայի թուրք տեսակը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նոյն այս ոչ հայամէտութեան հետեւանքներն է, որ մենք կը կրենք ազգով, ամբողջ ազգով։ Եւ այս հետեւանքները պէտք է վերացնենք ամէն գնով։ Ինչպէ՞ս։ Հայամէտութեամբ։ 

Ատոր համար է, որ ես շատ յաճախ եւ միշտ իմ մերձաւորներուն կʼառաջարկեմ, անոնք որոնք իշխանութեան զօրակից են կամ անոնք որոնք խաբուած են հին ռեժիմականներու կողմէ, որ բանավէճի ժամանակ 21:00 կարիք չկայ իրարու վիրաւորելու, որովհտեւ օրը պիտի գայ, որ բոլորս ալ պիտի առաջնորդուինք հայամէտութեամբ։ Մէկ մասը կրնայ ըլլալ, որ ռուս ժողովուրդի հանդէպ իր սէրը, յարգանքը կը շարունակէ, միւսը`Արեւմուտքի հանդէպ. խնդիր չկայ։ Բոլորս ալ պէտք է հայամէտութեամբ առաջնորդուինք եւ մեր էութեան եւ մտածելակերպի, գործելակերպի կիզակէտը պէտք է ըլլայ հայամէտութիւնը։ 

Ըստ երեւոյթին, հին գողապետականները, անգլերէն կʼըսեն` incorrigible, այսինքն՝ անուղղելի, եսակեդրոն, հին ռեժիմական «թռչող կապիկներու» որակը կը ներկայացնեն: Այս առիթով, արդարացի կերպով մեր հրապարակախօսներէն, Քրիստոնեայ Ժողովրդավար կուսակցութեան փոխ նախագահ պարոն Սուքիասեանը շատ դիպուկ ակնարկ մը ըրաւ քանի մը օր առաջ։ Դիտենք եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՀԱՅԿ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ- Հիմա ինչպէ՞ս է ստացւում, որ ինքը (Բագրատ արք.) պետութեան համար է պայքարում։ Չի թւում էս մարդը պետութեան սահմաններ։ Դրա համար նաեւ պիտի հասկանանք, որ էս թէզերը կեղծ են, իրենց հետ` գլխաւորապէս Հայաստանի ռուսական անցեալի դերակատարները, Հայաստանի վատթարագոյն անցեալի դերակատարները, որոնք վերջին շնչառութիւնն են հաւաքել «ռեւանշ»ի գնալու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Այստեղ իշխանութեան հարց չի։ Իրենց արածը պետութեան դէմ է։ Մեր ժողովուրդը, պարզւում է նորից, շարունակում է մնալ իմաստուն, չի տրւում իրենց` միգուցէ երբեմն նաեւ գայթակղիչ, բայց իրականում կեղծ եւ Հայաստանի մարմինը քրքրող թէզերին, եւ իրենք մնացել են իրենք իրենցով` շատ նեղ հատուած, որը, ի հարկէ «ակրեսիւ» է, բայց դեռեւս «պոտենցիալները» տեղը չի։ Կը մաշուեն, կը գնան։ Նախ, ինչու։ Որովհետեւ նպատակ չունեն, «ֆունկցիա» են կատարում պարզապէս։ Հիմա ինչքան էդ «ֆունկցիան» կը կատարեն, կը կատարեն։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ -Ուրեմն, պարոն Սուքիասեանը իրաւացի է։ Այս մարդիկը պետականութենէն չեն հասկնար։ Կամ հասկնալ չեն ձեւանար։ Յատկապէս հին ռեժիմական գողապետականները։ Ես, բազմաթիւ հայրենակիցներու հետ խորհրդակցելէ ետքը, միասնաբար կազմեցինք հետեւեալ 8 կէտերը, թէ ի՞նչ պայմաններով այս հին գողապետականները, որոնք չհասկնալ կը ձեւացնեն կամ իրական չեն հասկնար, կրնան «ապահով հասկնալ» հայկական պետականութեան արժէքը: Հետեւեալ 8 կէտերը պիտի առաջարկենք. 

1-Անցնող երեսուն տարիներուն ձեր կողոպտածը, այսինքն ձեր թալանը, կարող էք պահել առանց պատիժի ենթարկուելու: 

2-Ձեր «կլանին» պատրաստ ենք վստահելու բոլոր ուժային նախարարութիւնները: 

3-Պետութեան իշխանութիւնը վերստին յանձնում ենք ձեզ: 

4-Եթէ դուք որոշէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը զրկել ինքնիշխանութենէ եւ զայն վերածել ռուսական «կուբերնիա»ի, այսինքն սովետա-սորոսահայերէնով՝ « ծայրագաւառ»ի կամ ռուսական կառավարման մարզի, կամ ալ՝ վատագոյն դէպքում ուզենաք Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածել թրքա-օսմանեան վիլայէթի, Հայ Ազգը չի դիմադրելու։ Հայ Ազգը ձեզ շան սատակ չի անելու: 

5-Եթէ դուք որոշէք սփիւռքը թալանելով եւ իրաւազրկելով վերջնականապէս օտարացնել զայն՝ ջարդելով հայկական պետականութեան ողնաշարը, Հայ Ազգը չի դիմադրելու։ Հայ Ազգը ձեզ շան սատակ չի անելու 

6-Եթէ դուք որոշէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը «արցախացնել», զայն «փրկելով» ինչպէս Արցախը «փրկեցիք» Սեպտ. 19 2023 թ-ին, Հայ Ազգը ձեզ թողնելու է հանգիստ։ 

7-Եթէ դուք «անվերապահօրէն» սատարէք ատրպէյճանական առաջադրանքին, որ լուծարուի ԵԱՀԿ«Մինսկի խմբակը», որ կազմուած է եռանախագահութեամբ՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի, Հայ Ազգը ձեզ թողնելու է հանգիստ։ 

8- Եթէ դուք «անվերապահօրէն» աջակցիք սովետա-օսմանեան այսպէս կոչուած «զանգեզուրեան» միջանցքին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջնականապէս կ՚անջատէ Իրանէն, կը վստահեցնենք, որ նոր 27:00Գարեգին Նժդեհներ պիտի չծնի Հայ Ազգը եւ ձեր հանգիստը պիտի չխանգարէ: 

Այնպէս որ, մենք վստահ ենք, որ այս առաջադրանքով դուք պիտի սկսիք բարձր գնահատել առիթը, ոչ թէ հայկական պետականութիւնը զօրացնելու, այլ առիթը շարունակելու թալանը, առիթը պետականաքանդութեան եւ ոչ թէ պետականատիրութեան։ Այնպէս որ, սիրելի «հայրենակիցներ», ձեզի ի՞նչ կարելի է ըսել. ձեր արդար տեղը պատմութեան աղբանոցի մէջն է, Գարեգին բ.ով, որ դժբախտաբար սպարապետ Գարեգին Նժդեհի անունը կը կրէ, եւ իր բոլոր դրածոյ թեմական առաջնորդներով, մինչեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւելեան Միացեալ Նահագներ, Եւրոպա,Ֆրանսա, Քանատա եւ այլուր, որոնք Գարեգին բ.ի, «թռչող կապիկի»դերակատարութիւնը կը կատարեն: Երբեմն ալ մենք կը հանդիպինք այնպիսի թեմական առաջնորդի մը, որ երկու թէլի վրայ «չիֆթաթէլի» կը պարէ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *