Posted on June. 21. 2024
Գրեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Յունիս ամսուան երրորդ Կիրակին «Հայրերու Օր» է: Անյիշատակ դարերէ իվեր ընտանեկան յարկէն ներս հայրը ունի իր դերն ու պարտականութիւնը: Պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ կրօ- նական եւ մշակութային շատ գաղա- փարներ կամ արտայայտութիւններ ծագում առած են ընտանեկան յարա- բերութիւններէն: Օրինակի համար, Աս- տուած կոչուած է «Հայր»: Հայրութեան գաղափարը իր ազնուագոյն արտայայ- տութիւնը կը գտնէ Նոր Կտակարանին մէջ:
Յիսուս հաստատեց, թէ Աստուած մեր Երկնաւոր Հայրն է: Տէրունական Աղօթքին մէջ սորվեցուց որ երբ իր աշակերտները աղօթելու ըլլան ըսելու են «Հայր մեր որ յերկինս ես»: Յիսուսի հանրային առաջին արտայայտութիւնը տաճարին մէջ եղաւ զինք փնտռող իր ծնողաց. «Չէի՞ք գիտեր թէ ես իմ Հօրս տունը պէտք է ըլլամ» (Ղուկ. 2.48): Իր իսկ վերջին խօսքերէն մէկը խաչին վրայ եղաւ. «Հա՜յր, քու ձեռքերուդ մէջ կ›աւանդեմ հոգիս» (Ղուկ. 23.46):
Ի՞նչ են գիտակից հօր մը յատկանիշները.-
Առաջին. գիտակից հայրը կը հայթայթէ ինչ որ անհրաժեշտ է իր զաւակ- ներուն պէտքերը հոգալու: Ան իր ընտանիքին խնամքն ու հոգածութիւնը ստանձնած է որպէս տան գլուխը: Ան իր ընտանիքին ուտելու, հագուելու եւ բնակարանի կարիքները հոգացող մէկն է: Մանուկներ պէտք ունին հո- գատարի մը: Այն ինչ որ կը վայելեն իրենց հօրմէն պարգեւ մըն է իրենց: Հայր մը սիրայօժար կ›ընէ այդ ամէնը իր զաւակներուն համար:
Երկրորդ. գիտակից հայր մը կը սիրէ իր զաւակները: Հօր մը պարտա- կանութիւնը ոչ միայն հայթայթել է, այլ նաեւ սիրել իր զաւակները: Սէրը լայն տարողութիւն ունի: Բարի հայր մը իր զաւակներուն հետ ժամանակ կ›անց- նէ, անոնց սրտակից կ›ըլլայ:
Հայրեր կան, որ նոյն երդիքի ներքեւ կ›ապրին բայց օտարականներու պէս են: Հայր եւ զաւակ անկարեկիր եւ անհաղորդ են իրարու նկատմամբ, օտար են իրարու զգացումներուն: Անոնք իրարու հետ խօսելիք նիւթ չունին, որովհետեւ հոգեկան կապ գոյութիւն չունի իրարու միջեւ: Գիտակից հայր մը իր ժամանակէն մաս մը կը յատկացնէ իր ընտանիքի ժամանցին եւ վայելքին համար:
Գիտակից հայր մը կը գնահատէ եւ կը քաջալերէ իր զաւակները ինչպէս նաեւ երբ անոնք սխալներ գործեն կը սաստէ եւ կը պատժէ զանոնք իրենց գործած յանցանքներուն համար: Երբ զաւակներ յաջողութիւն արձանա- գըրեն հայր մը կը գնահատէ զանոնք թէ› խօսքով եւ թէ› գործնական քաջա- լերութեամբ: Գնահատանքն ու քաջալերութիւնը ինքնավստահութիւն կը ներշնչեն մանուկներուն: Ի զուր չէ որ Յիսուս պատուիրեց. «Ուշադիր եղեք, որ չարհամարեք այս պզտիկներէն մէկը» (Մատթ. 18,14): Գնահատանքի եւ քաջալերանքի կողքին, տան մէջ կան նաեւ կարգապահական հարցեր: Զաւակներու կարգապահութեան վրայ հսկելը մօր մը գործը չէ միայն, այլ նաեւ հօրը: Հին օրերուն մայր մը տանտիկին էր եւ ամբողջ օրը իր տան մէջ կ›անցներ իր մանուկներուն հետ: Սակայն, արդի ժամանակներուն մեծ թիւով մայրեր գործի աշխարհի մէջ են՝ նիւթապէս օժանդակելու իրենց տան ծախսերուն: Եթէ նոյնիսկ մայր մը իր զաւակներուն հետ է օրուան մեծ մասը՝ կարգապահութեան հարցը միայն իր պարտականութիւնը չէ, այլ նաեւ իր ամուսնոյն, զաւակներուն հօրը:
Երրորդ. գիտակից հայրը դաստիարակ մըն է: Զաւակ մը իր դաստիա- րակութիւնը առնելու է իր տունէն եւ ո›չ թէ փողոցէն, իր ծնողքէն ո›չ թէ իր ընկերներէն: Եթէ տունը իրօք առաջին դպրոցն է մանուկին, ծնողք այդ դպրոցին առաջին ուսուցիչներն են: Գիտակից հայր մը իր զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլալու է: Իր վարքով ու բարքով, իր կեանքով ու կենցաղով, իր խօսքով ու գործով կոչուած է սորվեցնելու, կրթելու եւ դաստիարակելու իր զաւակները: Իր խօսքէն աւելի իր կեանքի օրինակը, իր ամէնօրեայ կեն- ցաղավարութիւնը պերճախօս եւ ազդու ուսուցիչ է իր զաւակներուն:
Ըստ կարգ մը մանկավարժներու, մանուկ մը մինչեւ իր երեք տարիքին իր կրթութեան մեծ մասը ստացած կ›ըլլայ: Եւ այդ կրթութիւնը առաւելաբար տան մէջ տեղի կունենայ: Տան հայրը, մօր հետ գործակցաբար, դաստիա- րակութիւն կը ջամբեն իրենց մանուկին: Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ, որ զաւակները կրթուին, դաստիարակուին իրենց մատղաշ տարիքին: Այսպէս կը գրէ Առակագիրը. «Կրթէ› մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի երբ ծերանայ անկէ չշեղի» (Առակաց 22.6):
Ըստ Աստուածաշունչ Մատեանին, հայր մը կարեւոր դեր ունի տան մէջ: Անոր պարտականութիւնն է կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել իր զա- ւակներուն: Մովսէսի բերնով Աստուած այսպէս կը յայտարարէ. «Այս խօս- քերը, որ այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան. զանոնք կըրկ- նելով սորվեցուր որդիներուդ. անոնց մասին խօսէ երբ տունը նստած ես եւ ճամբադ կը քալես, երբ կը պառկիս կամ կ›ելլես» (Բ. Օրինաց 6.6-7):
Դաստիարակութեան համար երկու կարեւոր վարքագիծեր կան — քաջալերանք եւ յանդիմանութիւն: Այլ խօսքով, վարձատրութիւն եւ պատիժ: Երկուքն ալ անհրաժեշտ են: Ոմանք կը կարծեն, թէ միայն իրենց զաւակները վարձատրելով, քաջալերելով, անոնց ներողամիտ ըլլալով՝ զանոնք կը դաստի- արակեն: Ասոր միւս ծայրայեղութիւնն ալ այն է, որ մարդիկ կ›աշխատին խստութեամբ եւ ժխտական մօտեցումով դաստիարակել իրենց զաւակները: Այս երկու ներհակ միջոցները հաշտեցնել ծնողքի մը, կամ հօր մը իմաստու- թեան կը կարօտի:
Գիտակից հայր մը իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը կ›առնէ իր Երկնաւոր Հօրմէն: Որքան որ Աստուծոյ սէրը զօրանայ իր ներսիդին, այն աստիճան կրնայ ընտիր եւ գիտակից հայր մը ըլլալ եւ կրնայ սիրելի դարձնել զԱստուած իբրեւ Երկնաւոր Հայր:
Գրեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան