Posted on July. 4. 2024
ՌՈՒՍԱՍՏՐՈՒԿ ՀԻՆ ՌԵԺԻՄԻ Ա Ւ Ա Զ Ա Կ Ա Պ Ե Տ Ո Ւ Թ Ե Ա Ն ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ…
բագրատիկ, կտրիճիկ, կարիճիկ- գարեգին բըըը, ռոբո-սերժիկ
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Յունիսի 14-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը` «ՌՈՒՍԱՍՏՐՈՒԿ ՀԻՆ ՌԵԺԻՄԻ ԱՒԱԶԱԿԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ… բագրատիկ, կտրիճիկ, կարիճիկ-գարեգին բըըը, ռոբո- սերժիկ »: Բացայայտումներ՝ հետզօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխանցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ով դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան, իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը։
Այս օրերուն այնպիսի տեսանիւթերու հանդիպեցայ, որոնք, վստահ եմ, շատերուս զայրոյթը իր գագաթնակէտին հասցուցին, այն առումով, որ այս հին գողապետականները կղերապետութեան հետ` այսինքն Գարեգինի եւ իր կցորդներուն հետ միացած ըստ երեւոյթին ծայրագոյն յուսալքութեան մը, յուսահատութեան մէջ կʼապրին, որովհետեւ բագրատիկի այսպէս կոչուած «տաւուշեան կրկէսը» հասաւ իր աւարտին, եւ ինչպէս որ կարգ մը բանիմաց հայրենակիցներ, որոնք խորաթափանց միտք ունին, գիտէին, որ այդ մարդիկ այսպիսի խժդժութիւններ պիտի փորձեն իրականացնել որպէսզի հայրենիքէն ներս իրադրութիւնը եւ ներքին կայունութիւնը, ինչպէս որ արեւելահայերէնի մէջ կʼըսեն, «շարքից դուրս բերեն»։
Սակայն մենք այս տեսանիւթերը պիտի չցուցադրենք, ի դժբախտութիւն իրենց։ Որովհետեւ իրենց նպատակը մէկ է։ Եթէ մենք այդ տեսանիւթերը ցուցադրենք, արտերկրի մէջ կայք հաստատած ահագին հայրենակիցներ պիտի յետաձգեն Հայաստան այցելութիւնը կամ գործուղղուածութիւնը։ Մենք ճիշդ այդ պատճառով զանց պիտի ընենք եւ իրենց այս առթիւ ջախջախիչ պարտութեան պիտի մատնենք:
Այդ տեսանիւթերը պիտի չցուցադրենք։ Աւելին` պիտի խօսինք նաեւ լաւ բաներու մասին։ Ես սրտանց կը շնորհաւորեմ հայկական պետականութիւնը։ Կապ չունի թէ այսօրուան կառավարութեան գլխուն կանգնած է Փաշինեանը, վաղը Սողոմոնեանը միւս օրը Սարգիսեանը` կապ չունի։
Վերջին մի քանի օրերուն բազմաթիւ հայրենակիցներ ականատես եղան այս շատ կարեւոր համաձայնագրին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ տնտեսական կապերը առաւել զարգացնելու եւ մաքսային համաձայնագիր կնքելու, ինչպէս նաեւ պետական- ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան վերաբերեալ հասկացողութեան առաջին քայլերէն մէկը առնելու առթիւ։ Ուրեմն, միայն կը մնայ, որ մենք փոխանակ միայն խօսինք, շարունակենք գործել. այդ ամենակարեւոր բանն է։ Կրնանք մինչեւ առաւօտ խօսիլ բայց ոչինչ չընել։ Ատիկա, թրքերէն մեր մեծերուն խօսքով «պօշ պօղազութիւն» կʼըլլայ։
Ատոր համար մենք հիմա «պօշ պօղազութենէ» հեռու պիտի կենանք եւ պիտի շարունակենք մեր տնային տքնաջան աշխատանքը ամէնուրէք։ Որովհետեւ այդ աշխատանքն է, որ պիտի փրկէ օրուան դրութիւնը եւ հայրենի պետութիւնը պիտի դնէ ճիշդ ուղիի վրայ, որ արդէն դրուած է։ Անշուշտ թէ Գարեգին բ չկաթողիկոսը եւ թէ չարքեպիսկոպոս Բագրատիկը եւ թէ իրենց նմանները պիտի չուզէին, որ այսպիսի դրական զարգացումներ իրականանան։ Այս առթիւ իմ զրուցակցին պիտի առաջարկէի, որ իր տեսութիւնը ներկայացնէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Սիրելի հեռուստադիտողներ, բոլորդ ալ վստահ եմ ձեր հեռուստացոյցերուն առջեւ կը կենաք իմանալու թէ այս օրերուն ինչ կը պատահի հայրենիքէն ներս։ Ինչպէս պարոն Չափարեանը նշեց, Բագրատ սրբազան իր վերջին փամփուշտը արձակեց եւ արդէն մահամերձ վիճակի մէջ է` ինք եւ իր խմբակը։ Ի՞նչ սորվեցանք այս բոլորէն։ Այդ է կարեւորը։ Վերջին ճիգ մըն էր։ Յուսահատական ճիգ մըն էր։ Փորձեցին`ձախողեցան։
Իրենց նախորդներն ալ կամ այսօր իր ետին կեցողներն ալ փորձեցին, նորէն ձախողեցան։ Մենք ի՞նչ պիտի ընենք սիրելիներ։ Ականատես պիտի ըլլանք հայրենիքի փլուզումի՞ն, թէ մեր բաժինը պիտի բերենք հայրենիքի վերելքին։ Հոս է որ կարգ մը կէտերու վրայ պիտի ծանրանամ։
Ինչպէս պարոն Չափարեան նշեց, եւ անցեալին նշած ենք` իշխանութիւններ կու գան – կʼերթան։ Ահատներու վրայ հիմնուած չէ մեր ապագան։ Հիմնուած է հայրենի իշխանութեան վրայ։ Հետեւաբար, նկատի ունենալով այսօրուայ մեծ պատկերը, մեզի ի՞նչ կը մնայ ընելԱռաջին, ես պիտի ըսէի, որ օրինակի համար պէտք է անպայման ազգ – բանակ պէտք է ստեղծենք։ Օրինակ առնենք Զուիցերիայէն։ Զուիցերիոյ մէջ անձ մը, ընտանիք մը չկայ, որ չէ զինուած։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Զուցերիան չէզոք երկիր է, ոչ մէկէն կախեալ է, բայց շատ խելացի կերպով պատրաստած է իր ժողովուրդը։
Նոյնը մենք պէտք է ընենք։ Ազգ- բանակ պատրաստելէն անդին շեշտը պիտի դնենք նաեւ սահմանամերձ գիւղերու վրայ եւ պիտի զինենք այդ ժողովուրդը։ Այդ չի նշանակեր, որ մենք պատերազմ պիտի հրահրենք։ Ոչ։ Այդ կը նշանակէ, որ մենք պատրաստ ենք ինքնապաշտպանութեան, եւ թշնամին որեւէ ատեն որ փորձէ ոտնձգութիւն ընէ` երկու անգամ հաշիւ կʼընէ յարձակելէ առաջ։
Այսօրուայ մեծ պատկերին մէջ ես պիտի ուզէի անպայման նոր շարժում մը տեսնել։ Նախորդներուն հոգեհանգիստը շուտով պիտի ընենք։ Նոր իշխանութիւնն ալ կրնայ փոխուիլ, երբ որ ժամանակը գայ։ Հեռու չեն նոր ընտրութիւնները։
Հետեւաբար, ովքե՞ր պիտի ըլլան յաջորդ ուժերը, խելացիները, հայրենասէրները, ազգասէրները, եկեղեցասէրները, որոնք պիտի գան եւ տէր կանգնին հայրենիքին։ Հոս է կարեւորը։ Ալ կը բաւէ զիրար յոշոտել, զիրար նախատել։ Բագրատ սրբազան, այդ պոռթկումներդ լաւ կʼըլլար որ եկեղեցւոյ խորանէն սիրոյ քարոզի վերածուէին։ Ինքզինքդ այրեցիր։ Այսուհետեւ մէկդի կեցիր։ Այս բոլոր ապսպրուած կրկէսը, ձեր բոլոր վրանները` կը տեսնէք արդէն նմանօրինակ վրաններ ապսպրուած` տեղէ մը եկած։ Այս բոլորը պատրաստուած էր յանուն ինչի՞։
Ո՞ւր է սէրը, ո՞ւր է այդ կարեկցանքը, որ պիտի տաք ժողովուրդին եւ ըսէք, որ զօրավիգ կանգնեցէք ձեր հայրենիքին, ձեր իշխանութեան, ձեր կողմէն ընտրուած իշխանութեան։ Դուրսէն թէկուզ կան ուժեր, որոնք համագործակցեցան եւ տակաւին կը համագործակցին. նախորդ օրերուն ալ այդպէս էր, նախորդ շրջանին ալ այդպէս էր։ Այսօր գէշ – աղէկ ժողովուրդին կողմէն ընտրուած իշխանութիւն մը կայ։ Սիրելիներ, համբերեցէք` ընտրութեան ատենը կու գայ։ Չէ՞ք ուզեր այս իշխանութիւնը` նորը կը բերէք, բայց զիրար մի յոշոտէք։ Երկիրն է խնդրոյ առարկան։ Նայեցէք ձեր չորս կողմը։ Ռուսաստանը մեր երկրի մէջ է իր բանակով։ Տեսանք ինչ վերաբերմունք մեզի ցոյց տուաւ, երբ արտաքսուեցանք, վռնտուեցանք մեր հայրենի հողերէն` Արցախէն։
Այսօր ի՞նչ պէտք է ակնկալենք իրմէ։ Պէտք է արջը կատաղեցնե՞նք, թէ՞ նոր մօտեցում մը որդեգրենք։ Նայեցէք Եւրոպային։
Նայեցէք Ամերիկային։ Ընտրութիւններու նախօրեակին ենք։ Հետեւաբար, այս բոլորէն կրնայ օգտուիլ ո՞վ։ Մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը, ատրպէյճանցին, համագործակցաբար կրնան իրագործել իրենց տարիներու, հարիւրաւոր տարիներու երազը։ Այլ խօսքով, եթէ չկրցան մէկ հայ պահել թանգարանին մէջ, այսօր պիտի փորձեն ցեղասպանութիւնը աւարտել, միասնաբար այս անգամ։ Հետեւաբար, կրկին խելացի պէտք է ըլլանք այս բոլորին դիմաց։ Համախմբուինք։ Կʼակնկալենք, որ մեր մշակութասէր ժողովուրդը, մեր մեծերը, այսպէս ըսած` մտքի մեծերը գան հրապարակ նոր ծրագիրով, նոր երազներով, որպէսզի հայրենիքը վերելք մը ապրի։
Եկեղեցին, այո սիրելիներ, շատ տխուր դեր խաղցաւ։ Եկեղեցին իր դժուարութիւնները ունի այսօր։ Այդ մասին շատ պիտի չխօսինք։ Եկեղեցին ալ բարեկարգութեան պէտք ունի. ինչպէս մեր հայրենիքը պէտք ունի բարեկարգութեան, նոյնքանով եկեղեցին պէտք ունի բարեկարգութեան: Եթէ բարեկարգութեան ջատագովներ ըլլային, Բագրատ սրբազան փողոց չէր իջնէր։ Եւ քաջալերանքը չէր ստանար իր մեծ վարպետին` Գարեգին կաթողիկոսին։ Հետեւաբար, այս բոլորին գիտակ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ զարգացած մեր նոր սերունդը այլեւս իրաւունք չունի բամբասանքներու, իրաւունք չունի անհանդուրժողութիւն սերմանելու ժողովուրդին մէջ։ Ժամանակը եկած է։ Մենք նոյն արիւնակից ժողովուրդն ենք։
Մենք զիրար պիտի սիրենք։ Օտար պետութիւններ իրենց հաշիւները ունին։ Ամէն մէկը զբաղած է իր դժուարութիւններով։ Մենք այս բոլորին գիտակից` պէտք է համախմբուինք սիրով, հանդուրժողականութեամբ, որովհետեւ հայրենիքն է խնդրոյ առարկան։ Չըսենք` «այս է մեր վիճակը» ու մեր պայուսակները առնենք – հեռանանք։ Որո՞ւ պիտի թողունք հայրենիքը։
Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր գալիք սերունդին։ Ո՞ր ջահը պիտի տանք գալիք սերունդին, ըսելով, որ ահաւասիկ ապահով ջահը, արիւնով գնուած ջահը վառ պահեցէք գալիք սերունդներուն։ Հոս է խնդրոյ առարկան։ Հետեւաբար, ալ վերջ տուէք այս կրկէսին, վերջ տուէք պոռչըտուքին։ Դուք ձեզի մի խաբէք «խաղաղ ցոյց» ըսելով, երբ կը հրահրէք ժողովուրդը անհանդուրժողութեան։ Օրէնքի դէմ կը գործէք, եւ յետոյ կը փորձէք ըսել, որ ոստիկանները բռնեցին, խժդժութիւն գործեցին։
Դուք էք հրահրողը։ Ոստիկանը կեցած տեղը հանգիստ քալող մարդուն պիտի չբռնէ – պիտի չտանի։ Դուք էք այս բոլորը։ Բագրատ սրբազան, դուն չես կրնար ժողովուրդին անհանդուրժողութիւն, անհնազանդութիւն քարոզել։ Դուն ուխտ տուած ես քարոզելու սէր միութիւն։ Պատմութիւնը քեզ կրկնակի պիտի դատապարտէ եւ ձեր արարքը դատապարտուած է ձախողութեան եւ մենք կը պատրաստուինք ազգովին ձեր հոգեհանգիստը կատարել։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հին ռեժիմականները, անշուշտ ներքին 5րդ շարասիւնին, այդ ճամբարին կորիզը հանդիսանալով, իրենց հիմնական նպատակը ամէն ինչ ընել է այսպէս կոչուած` ռուսական հովանաւորչութեան ներքոյ «ռեւանշիզմ» իրականացնելու համար, իրենց իշխանութեան վերադարձը կազմակերպելու համար։ Հոգ չէ թէ, իրենք շատ աւելի ծանր վնաս կը պատճառեն Ռուսաստանին:
Ասկէ շատ կարճ ժամանակ առաջ, Զուիցերիոյ մէջ քաղաքական մեկնաբան եւ վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեանը շատ լաւ խօսք մը ըսաւ։ 2020-ի 44-օրեայի լոյսի տակ բազմաթիւ հայեր, հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին, յուսախաբ եղան Ռուսաստանէն։ Յուսախաբ եղան, որովհետեւ փութինեան Ռուսաստանի վստահուած անձնաւորութիւնները Հայաստանէն ներս, այսինքն իրենց կցորդները յանձինս Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգիսեանին, Գարեգին բ.ին Բագրատիկին, Արծուիկին, Իշխանիկին (շարքը բաւականին հետաքրքրական կերպով երկար է) բացի ատելութիւն բերելէ Ռուսաստանի հանդէպ, ուրիշ ոչ մէկ բան չկարողացան իրականացնել։
Եթէ իրենք իրենց ստրկամտութեամբ կը փորձեն փութինեան սովետական մտածելակերպի Ռուսաստանի օրինակը վերարտադրել Հայաստանի մէջ` ապա չարաչար պիտի ձախողին. փութինեան այն մտածելակերպին, որ կը փորձէ սովետական կայսրութիւնը վերականգնել ի գին ամէն ինչի եւ Հայաստանը վերացնել մէջտեղէն, ինչպէս որ սովետական կարգերու ժամանակ միայն անունով Հայաստան ունէինք: Այս մարդիկ միշտ պիտի նախընտրեն ռուսական նահանգ` «գուբեռնիա», թէկուզ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ անկախ պետականութեան իր կառոյցը կորսնցնէ` ոչինչ, վնաս չունի իրենց համար, այնքան ատեն, որ իրենք կը կարողանան իրենց թալանը պահպանել եւ դառնան (Namestnik) կառավարիչ: Այս մարդոց խելքն ու միտքը (Namestnik) կառավարիչ ըլլալն է Րուսիոյ ներթեւ:
Սակայն օրուայ իրողութիւնը այն կը փաստէ, որ մենք այսօր, ո›չ միայն աշխարհի հայութիւնը, այլ ամբողջ մարդկութիւնը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական պիտի չըսեմ` ճգնաժամ, բայց անցումային ժամանակաշրջան։ Եւ այս աշխարհաքաղաքական` geopolitical նոր դարաշրջանը կը ներկայանայ մեր բոլորի աչքի առաջ, եւ իւրաքանչիւրս մեր տնային պարտականութիւնը պէտք է ընենք, որպէսզի այդ նոր կազմաւորուող աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան եւ ընդհանուր համայնապատկերի մէջ կարողանանք պահպանել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։
Անշուշտ ժողովրդավարութիւնն ալ իր սահմանը ունի։ Արդեօք մէկը կրնա՞յ Ամերիկայի մէջ ժողովրդավարութեան անուան տակ խառնակչութիւններ իրականացնել։ Իրեն «մաման կը լացացնեն»։ Իսկապէս որ կʼըսեմ ձեզի։ Ամենայն պատասխանատուութեամբ՝ «մայրը կը լացնեն իրենց», որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը հանրութեան իրաւունքները կառավարելու համակարգ է։
Ընդամէնը միայն այդքան։ Իսկ եթէ կարգ մը «ռեւանշիստներ», որոնք «անարխիա» կʼուզեն իրականացնել, պէտք է, հարկաւո›ր է, որ օրուան իշխանութիւնները անվտանգային շրջանակներու հետ համատեղ գործադրեն պողպատէ «մանտադը» եւ օրէնքի գերակայութիւնը։ Եթէ օրէնքի գերակայութիւնը չբանեցուի եւ դատաիրաւական համակարգը իսկապէս իր լիակատար գործունէութիւնը չիրականացնէ, ապա ուրեմն հին ռեժիմականները անպայման պիտի յաջողին Հայաստանը ետ տանելու դէպի միջնադար եւ վերածելու ընդմիշտ պանանային հանրապետութեան։
Սակայն բարեբախտաբար եւ ի դժբախտութիւն այս տարրերուն, ներկայ սերունդը` Հայաստանի ոսկեայ սերունդը եւ նոյնպէս սփիւռքի մէջ լայն շրջանակներ կազմող ոսկեայ սերունդը ոչ մէկ կերպ տրամադրութիւն ունի Հայաստանի միջնադար վերադառնալու եւ միջնադարեան «ֆեոտալիզմի» համակարգ վերադառնալու. այդպիսի տրամադրութիւն երբեք չեմ տեսներ ես։ Ընդհակառակը, խօսելով ըսենք Ամերիկայի մասին. բազմաթիւ ամերիկահայեր արդէն ճիշդ կողմնորոշուած են եւ ամէն ինչ կʼընեն որպէսզի մի քանի օր առաջուան դրական զարգացումները տնտեսական ոլորտէն ներս, նաեւ տարածուին ռազմական ոլորտի վրայ, որպէսզի Հայաստանը, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը ըսաւ, իր արդար տեղը գտնէ ռազմական գերպատրաստուածութեամբ։
Ինչպէս որ անգլերէն կʼըսեն` «եթէ կը փափաքիս խաղաղութիւն, ապա ուրեմն պատրաստ պէտք է ըլլաս պատերազմի»։ Պատրաստուիր պատերազմի, եթէ խաղաղութիւն ես ցանկանում։ Անոր համար ես նաեւ այստեղ համակարծիք եմ AANSI – American Armenian National Security Institute-ի` Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան ինստիտուտի ղեկավար, ամերիկեան բանակի հանգստեան կոչուած գեներալ մայոր Մարք Մըքարլիի տեսութեան, որ Հայաստանը պէտք է ամէն կերպ դառնայ «Garisson State», այսինքն, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց, «ամրոց պետութիւն», ազգ – բանակ, Զուիցերիոյ նման, եւ նաեւ Սինկափուրի նման։ Այնպէս որ, մեր տնային պարտականութիւնը բաւականին շնորհակալ աշխատանք է։
Մենք նոր նուաճումներու ժամանակաշրջան արդէն թեւակոխած ենք։ Հիմա կը մնայ, որ մեր ներքին տզրուկները, մեր ներքին թալանչիները, ներքին (պէտք է ըսել) թշնամիները զրկել իրենց ազդեցութենէն: Բառերը պէտք չէ ծամծմենք, պէտք է իրերը կոչենք իրենց անուններով. ուզենք թէ չուզենք, մենք ունինք ներքին թշնամի եւ այդ ներքին թշնամին պէտք է անպայման հաշիւ տայ եւ օրուան խորհրդարանը` Ազգային Ժողովը պէտք է գործադրէ այն օրէնքը, որ կը վերաբերի բռնագանձման մասին` ապօրինի իւրացումներու բռնագանձումը օրէնքի ճանապարհով։ Եւ գիտէք` ասկէ որոշ շրջան մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ իշխանը թալանչի կարգ մը սէուտականարաբիացի շէյխերը համախմբեց եւ հիւրանոցի մէջ արգելափակեց, ու մէկ գիշերուայ մէջ մէկ թրիլիոն տոլար վերստին բերաւ պետութեան գանձարան։
Հիմա մենք ունինք հին գողապետականներու շրջանակին մաս կազմող թալանչիներու «պատկառելի» «բրիգադա» մը, եւ նաեւ այդ «բրիգադա»-ին մաս կը կազմէ Գարեգին բ.ը, որուն Սովխոզ գիւղին մէջ իր ամբարած ապօրինի հարստութիւնները պէտք է բռնագանձուին։ Որովհետեւ Գարեգին բ.ը եւ իր կցորդները Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչեւ Քանատա, մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ այլուր եւ յատկապէս նախկին Սովետի տարածքի երկիրներ ահագին թալան իրականացուցած են, եւ պէտք է ինքն ալ հաշիւ տայ։
Այս առթիւ շատերուս առաջադրանքն է, որ քանի որ Բագրատիկը սառեցուցած է իր թեմական առաջնորդութիւնը, հիմա առիթն է, որ «Պոլոժենիա»ի այս սովետական մտածելակերպով Հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավարութիւնը քարուքանդ ըրած այդ մտածելակերպը ընդհանրապէս վերացուի եւ ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ, ըստ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան, աշխարհականները (որոնք 90 տոկոսը կը հաշուեն եկեղեցական համայնքներուն) համագործակցաբար եւ ընտրութեան համակարգով ընտրեն թեմական առաջնորդը։
Ժամանակը հասած է, որ սկսած Հայաստանի Տաւուշի թեմէն մինչեւ Շիրակի թեմը եւ այլուր` ամբողջ այդ թեմական առաջնորդութիւնները ժողովրդավարութեան տրամադրութեան վերստին ենթարկուին, ինչ որ հարիւր տարի առաջ էր։ Բարեբախտաբար ազատ աշխարհի մէջ այդ համակարգը կը շարունակէ գործել։ Հիմա հերթը եկած է, որ թեմական առաջնորդները ժողովուրդին կողմէ, հաւատացեալներուն կողմէն ընտրուին, եւ այս առթիւ օրուան իշխանութիւնները լուրջ պարտականութիւն ունին հաւատացեալներուն իրաւունքները պաշտպանելու եւ չձգելու, որպէսզի Գարեգին եւ իր կցորդներու մաֆիան այդ գործընթացը կասեցնեն։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, հուսկ բանի իմ խօսքս պիտի ըլլայ այս առիթով, որ առանց պատմական Հայաստանի խոր գիտակցութեան պիտի չկարենանք կերտել եւ պահել ներկայ Հայաստանը։ Միշտ նկատի ունեցէք, սիրելիներ. այնքան ատեն, որ Ատրպէյճանը ունի Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի աջակցութիւնը, մենք մեր աչքերը լայն պիտի բանանք եւ ինքնագիտակցութեան խոր քունի մէջ ոչ թէ պիտի ըլլանք, այլ արթնութեան մէջ պիտի ըլլանք, որովհետեւ թշնամիները դուրսն են։ Կը կրկնեմ. մենք զիրար պիտի սիրենք կերտելու համար Հայաստանը, որովհետեւ առանց այդ սիրոյ, որ ունինք իրարու հանդէպ, չենք կրնար այդ սէրը փոխանցել հայրենիքի նկատմամբ։
Սիրելիներ, մենք անցողակի աշխարհի մէջ ենք։ Հայրենիքն է մնայուն։ Հազարաւոր տարիներէ կայ հայրենիքը եւ պիտի մնայ։ Հետեւաբար, իմ պատգամս պիտի ըլլայ ձեզի` սիրեցէք զիրար, յարգեցէք զիրար առանց նախատելու, որովհետեւ այդ սիրոյ հիմունքին վրայ պիտի ստեղծենք եւ կերտենք նոր Հայաստանը, եւ այդ Հայաստանը ի սպաս պիտի դնենք մեր գալիք սերունդներու յաջողութեան։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հիմա գրաւականը մեր առաջ դրուած այն է, որ այսպէս կոչուած իշխան սաղաթէլեանները այս աշխարհի պէտք է լաւ իմանան, որ իրենք իրաւունք չունին որեւէ ակնկալիք ունենալու սփիւռքէն, եւ ըսեմ թէ ինչու. որովհետեւ հին գողապետական շրջանակներու մաս կազմող` սովետական այդ մտածելակերպով գործողները, ովքեր առեւանգած են աւանդական կուսակցութիւններէն մէկը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ի զուր տեղ կʼակնկալեն, որ սփիւռքի լայն շրջանակներու մէջ իրենք զօրակցութիւն պիտի ստանան։
Այդպիսի բան տեսանք` ականատես եղանք վերջին տարիներուն։ Տեսանք, թէ ինչպիսի ժողովրդական լայն շրջանակներ հեռացան իրենցմէ, կռնակ դարձուցին իրենց։ Որովհետեւ այս ընթացքը ընդունելի չէ։ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայ ղեկավարները շատ լաւ ալ գիտեն, որ իրենց ընթացքը շատ սխալ է եւ պէտք է անպայման ուղղեն իրենց ընթացքը, որովհետեւ աթոռամոլութեան պատճառով միայն ստրուկի դեր կրնան կատարել: Այսօր իրենք «ռսաստրուկի» դեր կը կատարեն, վաղը պիտի չզարմանանք, եթէ յանկարծ մէկ գիշերուայ մէջ Ամերիկայի ստրուկները դառնան, կամ Ֆրանսայի ստրուկները դառնան, կամ Իրանի ստրուկները դառնան։
Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այս մարդկանց համար ամենակարեւորը միայն իշխանութեան հասնիլն է, որպէսզի իրենց անձնական շահերը հետապնդեն ի վնաս ժողովուրդին։ Այնպէս որ, ժամանակները եկած են, եւ մենք ոչ միայն ականատես պէտք է ըլլանք, այլ նաեւ մասնակից պէտք է ըլլանք այն ժողովրդավարական պետութիւններու շղթային, որ սկսած է սքանտինաւեան երկիրներէն, սկսելով Ֆինլանտա եւ այլ սքանտինաւեան երկիրներ, անցնելով պալթեան երկիրներէն, հասնելով Լեհաստան, Մոլտովիա, Ուքրանիա, Վրաստան եւ հարաւային Կովկասի կորիզ` Հայաստան։ Այս պետութիւնները իրենց աշխարհաքաղաքական խնդիրները լուծելու ամէն կերպ աշխատանք կը տանին եւ մտադրած են, որ պիտի անպայման լուծեն, եւ այս պարագաին իրենք ալ բախտաւոր են եւ ազատ աշխարհն ալ բախտաւոր է։
Ազատ աշխարհը` Ամերիկան եւ Եւրոպան միասնաբար աշխատանք կը տանին որպէսզի այս ժողովրդավարութեան շղթան Հայաստանէն մինչեւ Սքանտինաւեան երկիրները անպայման իրենց ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանունակութեան խնդիրները լուծեն, եւ այս առթիւ աշխարհի հայութիւնը նախախնամական դերակատարութիւն ունի ընելիք: Այս զրոյցը մենք պիտի շարունակենք ոչ միայն զրոյց շարունակելու համար, այլ իսկական գործը սուրբ գործը առաջ տանելու համար։ Շնորհակալութիւն։