ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊՈՂՊԱՏԷ ՄԱՆԳԱՂԸ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ… ՀԱՐԿԱՒՈՐ Է ԱՂԱՂԱԿԵԼ ԸՆԴԴԷՄ՝ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ԿԵՂԾԻՔԻ

Posted on August. 19. 2024

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Օգոստոս 2-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատե- սային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը. «Վարչապետ Փաշինեանի պողպատէ մանգա- ղը՝ շնորհաւոր… հարկաւոր է աղաղակել ընդդէմ՝ Վատիկանի հակահայ կեղծիքի»։ Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամէն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

https://www.youtube.com/watch?v=j3h4GZWixHk&t=184s

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անունս Աբօ Չափարեան, իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս եւ հրապարակագիր Ոսկան Մխիթարեանը։ Այս շաբաթուայ թեման բաւականին կարեոր թեմա է։ Միջազգային սքանտալ տեղի ունեցած է եւ, զարմանալիօրէն, այդ մասին ոչ մէկ հակադարձութիւն չկայ, ոչ պաշտօնական Երեւանէն, ոչ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Պիտի առաջարկեմ, որ իմ զրուցակիցը այս մասին մանրամասնէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Կոչ կ҆ուղղեմ, սիրելի հեռուստադիտողներուն, որ եթէ որոշած են փոթորկիլ, անհանգիստ մի զգաք, որովհետեւ այն ինչ որ ես տեսայ եւ կարդացի, զիս ամբողջութեամբ փոթորկեցուցած է եւ կ҆ուզեմ ձեզ հաղորդակից դարձնել։ 

Վատիկանի «Լոսերվաթորէ Ռոմանօ» թերթը, որ 1861 թուականէն ի վեր ամէնօրեայ պաշտօնական պարբերաթերթն է Վատիկանի Սուրբ աթոռին, ահաւոր յօդուած մը տպած է, հեղինակութեամբ Ռոսսէլլա Ֆապիանի խմբագիրին։ Ռոսէլլան այցելած է Ղարաբաղ, անկասկած, որ իր հետ ունեցած է նաեւ ատրպէյճանցի պատմաբան մը եւ ահաւասիկ, սիրելիներ, խեղաթիւրումները։ 

Նախ կը յայտարարէ քրիստոնէութեան ակունքները Ատրպէյճանի մէջ. այս խորագրով կը կատարէ հետեւեալ խեղաթիւրումները։ Ուրեմն իր այցելութիւնը ձեւով մը ուսումնական այց եղած է, բայց ահաւասիկ իր խեղաթիւրումները։ Եւ այսպէս, կը յայտարարէ. հայեր եկուորներ են, Իրանէն եւ Թուրքիայէն եկած եւ իրենց գալով ուտիները դաւանափոխ դարձուցած են։ Ահաւասիկ առաջին խեղաթիւրումը։ Չի բաւեր, որ նմանօրինակ սուտեր կը շարադրէ, քիչ ետք պիտի ըսեմ, որ իմ մտքիս մէջ կասկած չունիմ, որ Ռոսէլլա Ֆապիանի առատօրէն պարգեւատրուած է Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ այս սուտերը գլտորելու համար, այն ալ Վատիկանի պաշտօնական թերթի մէջ։ 

Ուրեմն իր յօդուածի մէջ Ռոսէլլա Դադիվանքը կը կոչէ Խուտավէնք, իսկ Գանձասարը կը կոչէ Քէնչասար եւ առանց ամչնալու, կամ ինչպէս մեր արեւելահայ եղբայրներ կ҆ըսեն՝ առանց խպնելու, այս բոլորը կը նկատէ ալպանական եկեղեցւոյ մեծագոյն դրսեւորումներ։ Չի բաւեր, որ հայկական մշակոյթի վերացման քաղաքականութիւնը անցեալէն կու գայ, անցեալ անգամ խօսեցանք, ինչպէս Նախիջեւանի մէջ հազարաւոր խաչքարեր փճացուցին, ի տես քրիստոնեայ աշխարհին, այսօր այս մշակոյթի վերացման քաղաքականութիւնը նոր երանգ մը, նոր դրսեւորում մը կը ստանայ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ակամայ մասնակից կը դարձնէ իրեն Վատիկանը, սիրելիներ, այո, Վատիկանը։ 

Արցախը պարպելէ ետք, ինչպէս որ «էթնիկ քլինզինկ» բառը յաճախ կը գործածենք, հիմա անցած է Ատրպէյճան մշակութային ցեղասպանութեան։ Նոյն այս յօդուածի մէջ Ռոսէլլա կ҆ըսէ, որ Դադիվանքը կը ներկայանայ որպէս ալպանական Վատիկան։ Կը տեսնէ՞ք ինչ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս բոլորին մէջ։ Կը լսէ՞ք, սիրելիներ, այս բոլոր խեղաթիւրումները։ Ինչպէս որ քիչ առաջ ըսի, Վատիկանի ամէնօրեայ պարբերականն է եւ բոլորին իրաւունք տրուած է, որ այդ թերթին մէջ տպուի։ 

Հիմա ինչո՞ւ այս բոլորը։ Չենք զարմանար։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենային, տակաւին շատ մօտիկ անցեալին Մեհրիպան Ալիեւան՝ այսինքն բռնապետին կինը, 30 միլիոն տոլար նուիրեց Վատիկանին, յատուկ ծրագիրի մը համար։ 

Այս առիթով նաեւ յիշեցնեմ մեր դիտողներուն, որ Մեհրիպան Ալիեւան է՛ նաեւ պատուաւոր անդամ ԻՒՆԵՍՔՕին։ Այն ԻՒՆԵՍՔՕին, որ միայն յայտարարութիւններ ըրաւ, ոչ մէկ գործնական քայլ առաւ եւ երբ որ իրենց դիտորդներուն արգիլուեցաւ երթալ Ղարաբաղ, տեսնելու համար մշակութային կոթողներու քանդումը, ԻՒՆԵՍՔՕն իր բերանը փակեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ առատօրէն վարձատրուեցաւ։ Ամերիկեան մամուլը անդրադարձած է այսօր, իսկ Վատիկանի 30 միլիոնի մասին մենք ասկէ առաջ խօսած ենք եւ մամուլի մէջ դարձեալ կան այդ յայտարարութիւնները։ 

Հիմա ի՞նչն է այս բոլորին մէջ զարմանալին։ Գիտենք, որ միապետը, բռնապետը գլուխգործոց է պատմութիւն խեղաթիւրելու մէջ միշտ, ինչպէս որ միշտ կ҆ըսէ, որ Երեւանը արեւմտեան Ատրպէյճան է։ Ին- ծի համար, եւ ձեզի համար ալ ամէնէն զարմանալին այն պիտի ըլլայ, որ Վատիկանը ակամայ այս խաղին մէջն է։ Այդ Վատիկանը, որ 1700 ամեակի առիթով Հայաստան այցելեց։ Բոլորդ գիտէք։ Ատկէ ետք, Վատիկանի մէջ կանգնուեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։ 

Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով պատարագ տեղի ունե- ցաւ։ Երկու կաթողիկոսներ ներկայ եղան Վատիկանի մէջ։ Այս բոլորը, որ Վատիկանի մէջ կատարուեցաւ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ սիրելիներ, որ նոյն Վատիկանը այսօր արտօնէ, որ իր ամէնօրեայ պարբերաթերթի մէջ այսպիսի յիմար, կամ ուրիշ բառեր գործածեմ, անպատկառ յօ- դուած արտօնէ, ի յաչս բոլոր քրիստոնեայ աշխարհին։ Լաւ, պահ մը երեւակայէք, որ Վատիկանի աչքէն սպրդեցաւ այս մէկը։ 

Աստուած գիտէ, ինչպէս որ ըսի, Ռոսէլլա Ֆապիանին որքան առատօրէն կաշառուած է եւ ինքն ալ իր կարգին շատ մը բերաններ գո-ցեց, փակեց եւ այս բոլորը տպուեցաւ։ Ո՞ւր ենք մենք։ Ո՞ւր են մեր նուիրապետական աթոռները։ Ո՞ւր է Գարեգին կաթողիկոսը։ Ո՞ւր է Արամ կաթողիկոսը, որը երկար տարիներ «Ուորլտ Քանսըլ օֆ Չըրչըս»ի ատենապետ եղած է։ Ո՞ւր է Նուրհան արքեպիսկոպոս։ Ո՞ւր է Պոլսոյ պատրիարքը։ Թէեւ այս առիթով ըսեմ, որ Սահակ պատրիարք վերջերս իր բողոքի ձայնը բարձրացուց Ֆրանսայի Օլիմփիքի նախօրեակին այդ անպատկառ «վերջին ընթրիք»ի ցուցադրութեան առի- թով։ Կը գնահատենք։ 

Այսօր ուրիշ անպատկառ յօդուած մը կայ տպուած Վատիկանի պաշտօնաթերթի մէջ։ Ո՞ւր էք, մեր նուիրապետական աթոռներու ղեկավարներ։ Ո՞ւր են եպիսկոպոսները։ Ո՞ւր են վարդապետները։ Չմնա՞ց մեր մէջ բծախնդրութիւն։ Մեր դարաւոր մշակութային կոթողները ոչ միայն կը սրբապղծուին, կրկին անգամ կը սրբապղծուին կաթողիկէ պաշտօնաթերթին մէջ։ Կրնա՞ք երեւակայել՝ մեր ամբողջ երկու միլիառ կաթողիկէ համայնքը պիտի կարդայ, որ մենք եկուոր ժողովուրդ ենք։ Այն ինչ որ Արցախի մէջ կայ, այդ բոլորը մերը չէ, ալպանական է։ Այս բոլորի դիմաց ինչպէ՞ս կրնաք ձեր բերանները փակել։ Աւելորդ պակաս յայտարարութիւններ կ҆ընէք իշխանութեան դէմ, փոխանակ ասանկ լուրջ հարցեր հրապարակաւ յայտարարելու, բողոքելու։ 

 

Առաջին բողոքը պիտի երթայ Վատիկանին։ Երկրորդ բողոքը պիտի երթայ ԻՒՆԵՍՔՕին, նաեւ պիտի երթայ Միացեալ Ազգերուն։ Ի վերջոյ, այդ բոլորը կը պատկանին քրիստոնեայ աշխարհին։ Այս բոլորի մէջ դուք պիտի ըլլաք գլխաւոր դերակատարը։ Փոխանակ փողոց իջնելու, երկիրը փոթորկելու, այս հարցերով զբաղեցէք, հայրապետներ, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ։ Ժամանակը հասած է, որ լրջօրէն մօտենաք այս բոլորին, հազարամեայ այս գանձերը կը փճացուին յաչս ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին։ Ի՞նչ պիտի ընենք դուք եւ մենք։ 

Ոչ միայն եկեղեցականները, մենք կը սպասենք նաեւ, որ հայրենի ներկայ իշխանութիւնը իր բողոքի ձայնը բարձրացնէ Միացեալ Ազգերու մէջ։ Ի վերջոյ, այս բոլորին տէրն ու տիրականը հայրենի պետութիւնն է։ Եկեղեցականներու բաժինը իր բարոյական կշիռը, ծանրութիւնը ունի, բայց աւելին պիտի ունենայ, երբ որ հայրենի իշխանութիւնը ինք բողոքէ այս մշակութային ցեղասպանութեան մասին։ Հետեւաբար, լռութիւնը, սիրելիներ, այս պարագային ոսկի չէ։ 

Մենք կ҆ակնկալենք, որ բոլորդ, առանց բացառութեան, մեծէն մինչեւ փոքր, եպիսկոպոս, վարդապետ, քահանայ, բոլորդ ալ բողոքեցէք, որ այս մէկը մշակութային ցեղասպանութիւն է հանդէպ քրիստոնեայ աշխարհին, ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար, ասոր մէջ նաեւ իր բաժինը ունի սփիւռքը։ Ամերիկահայերս մեծ գործ ունինք կատարելիք։ Եւրոպան ալ իր բաժինը ունի բողոքելու։ Ամերիկահայերը`այսօր 2 միլիոնանոց ամերիկահայութիւնը ձայն պիտի բարձրացնէ։ Մենք դուրս ելլենք մեր այս խաղաղ հանգիստ վիճակէն։ Նայեցէք ինչ կը պատահի երկրին մէջ։ Նայեցէք ի՞նչ պատահեցաւ Արցախին։ 120-150 հազար վտարուեցաւ իր հազարամեայ երկրէն։ 

Այսօր այդ երկրին մէջ մշակութային ցեղասպանութիւն կը կատարուի։ Բողոքեցէք, սիրելիներ։ Ըլլայ ատիկա ձեր քաղաքներու ներկայացուցիչներու կողմէ, ըլլան ատոնք քաղաքապետ, ըլլան անոնք նահանգապետ, ձեր քոնկրէսմէններուն բողոքեցէք։ Չմոռնաք,ասիկա ձեր արդար իրաւունքն է։ Հազարամեայ իրաւունքն է։ Եթէ մենք չբողոքենք, ոչ ոք մեզի համար պիտի բողոքէ։ Որովհետեւ հոն «մամոնա»ն է, որ կը գործէ։ Ատրպէյճանի բռնակալը իր փեթրոլի դրամները ամէն տեղ շռայլօրէն կը սփռէ։ Ինչպէս ասկէ առաջ խօսած ենք, քոնկրէսմէններ վճարուեցան, հոն եկան։ Այս բոլորը ինք կը շռայլէ, որովհետեւ առատ դրամ ունի, գանձանակը իր ձեռքն է։ Նոյն ձեւով ինք իր փոքրամասնութիւնը ճզմած է։ 

Մենք մտահոգ չենք։ Ուրիշներ թող բողոքեն այդ մասին։ Մեզ մտահոգողը մեր մշակութային ցեղասպանութիւնն է։ Առաջ մեր ժողովուրդի բարօրութիւնն է ու ապա, մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Կոչ կ҆ուղղեմ համայն հայութեան եւ մասնաւորաբար ամերիկահայութեան, ուր ուժ ենք, ձայն ենք։ Այսօր, ընտրութեան նախօրեակին, շատ բան կ҆ընենք։ Հետեւաբար, ձեռք ձեռքի տանք, սիրելիներ։ Մեր տարակարծութիւնները մէկդի դնենք եւ մեր բողոքի ձայնը հասցնենք Վատիկանէն մինչեւ Ճերմակ Տուն։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Այսօր, այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը, որ թուրք, թաթար, խազար, սելճուք փոքրամասնութեան կողմէ բռնազաւթուած է, իր հերթին ունի ներքին փոքրամասնութիւններու եւ հակասութիւններու 11 կարեւոր կէտեր։ «Էքրան»ի վրայ քարտէսը, որ տեսնենք՝ շատ յստակ պարզ ցոյց կը տրուի. այդ քարտէսը հրատարակուած է USA ARMENIAN LIFEի քարտէսագիտութեան բաժանմունքի կողմէ, ուր շատ յստակ կերպով յայտնի են փոքրամասնութիւններու տարածաշրջանները։ 

Հերթով պիտի թուարկեմ. ուրեմն, ինչպէս որ «էքրան»ի վրայ յայտնի է, առաջին հակասութիւնը՝ ներքին հակասութիւնը, այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի հետ կապուած՝ բաց կապոյտով նշուած համար մէկ Արցախն է։ Երկրորդը՝ քիչ մը մուգ կանաչ, աւարներն են, դէպի քարտէսի վերեւի մասը։ Երրորդը՝ պուտուխներն են։ Չորորդը՝ լեզգիներն են։ Հինգերորդը՝ Նախի- ջեւանն է, որ բոլորս ալ գիտենք, որ 1918-20ի Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կը կազմէր։ 6րդը՝ թալիշները, ամէնէն ներքեւի մասը, որ Իրանի հիւսիս արեւելեան շրջանն է։ 7րդը՝ ձագուրները։ 8րդը՝ Ուտիքը, դեղին պատմական Ուտիքը, որ Կուռ գետի ափին է։ Այդ ալ, անշուշտ, հայկական հողատարածք եղած է։ 9րդը՝ Երեւանն է, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը քիչ առաջ նշեց, թէ ինչպէս սուտ «փրոփականտա» կը տարածեն։ 

10րդը, որ ամէնէն յատկանշականն է՝ Իրանի մէջ է. համար 10ով կը տեսնէք քարտէսի վրայ հիւսիս արեւմտեան Իրանի անունը, զոր այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը ընդօրինակած է, ուղղակի իւրացուցած է, որպէսզի հետագային՝ 1918ին իւրացուած այս անուան տակ այդ արհես- տական հանրապետութիւնը կեանքի կոչէ այն յետին նպատակով, որ յետա- գային իրենք, ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն՝ «reverse engineering»ի միջոցով, այսինքն յետադարձ մտայղացումով, իբրեւ թէ իրենք են իսկական ազերիները. ասոր միջոցով այս անգամ պիտի սուտ պահանջ ներկայացնեն Իրանի դէմ հիւսիս արեւելեան Ատրպատականի համաև, որ Ազրպէյճան հնչողութիւնը ստացած է ժամանակի ընթացքին։ 

Իսկ 11րդը Փայտակարանն է, որ այդ ալ իր հերթին հայկական տարածաշրջան եղած է: Ուրեմն 12րդը անուանակոչումն է այս կեղծ հանրապետութեան։ 

Պատկերացուցէք, որ կեղծ, արհեստական, այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը իր հերթին որպէս պետութիւն, արհեստական պետութիւն, իսկական եկուոր պետութիւն է եւ տեսէք, թէ ինչպէս իր փեթրօտոլարները գործի կը դնէ, որ ճիշդ այդ ամբաստանութիւնը, որ Ատրպէյճանի ուսերուն վրայ որ դրուած է, ատիկա բոլորը շալակ, բեռ դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ աշխարհի հայութեան։ 

Այստեղ, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը առաջադրեց, ես ալ կ҆երկրորդեմ, որ անպայման երկու հայրապետները, երկու պատրիարքութիւնները եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը իր պետականութեամբ պէտք է բողոքի ձայն բարձրացնեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան, որ իր հերթին Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան անդամ է, պէտք է անյապաղ Երեւանը բողոքի «նոթա» ներկայացնէ Վատիկանին, պաշտօնական Վատիկանին, եւ նաեւ տարածաշրջանի բազմաթիւ պետութիւններուն, որոնք սրտացաւ են, որ պատմական խեղաթիւրումներ չըլլան։ 

Այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան բնական դաշնակիցը տարածաշրջանի մէջ ի հարկէ Իրանն է, եւ նաեւ, ինչու չէ, Վրաստանը, ու եթէ շարունակենք շղթան՝ մինչեւ պալթեան երկիրները, որոնց հետ անշուշտ կարելի է ընդգրկել նաեւ Ուքրանիան, Մոլտովան, Լեհաստանը։ 

Ուրեմն այս երկիրները, որոնք թիրախ դարձած են սովետակաօսմանական եւ հիմա փութինեան Ռուսաստանի կողմէ, որ իրենց ինքնութիւնը բնաջնջուի, պէտք է այս երկիրները զինակցին, դաշնակիցներ ըլլան նաեւ այս պայքարի ուղղութեամբ եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձ- րացնեն, որ կարելի չէ այսպիսի մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել եւ մենք ալ մնացածներս ձեռնածալ դիտորդի դեր ընդունինք։ 

Անշուշտ պաշտօնական Երեւանը ինքն իրեն կրնայ թոյլ չտալ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի արհեստական ինքնու- թեան մասին բարձրաձայնելը, բայց աշխարհի հայութիւնը իրաւունք ունի, մանաւանդ արտերկրի հայութիւնը բաւականին լուրջ տարողութեամբ իրաւունք ունին եւ նաեւ հնարաւորու- թիւններ ունին, ինչպէս որ քիչ առաջ քարտէսին վրայ տեսանք։ Դարձեալ պիտի առաջարկէի, որ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի փոքրամասնութիւններու հետ պէտք է «ֆետերացիա» կազմուի, համագործակցութիւն ըլլայ եւ այդ համագործակցութիւնը հետապնդէ տարածաշրջանի ամենանոր ժամանակներուն կազմուած արհեստական պետութիւնը կերպարանափոխէ, այսինքն՝ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը քարտէ- սէն ոչ թէ վերացնել, այլ փոխարինել Կասպից հանրապետութիւններու ֆետերացիայով՝ դաշնութեամբ, ինչպէս որ այս քարտէսը կ҆առաջադրէ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, այս առիթով ես պիտի ուզէի մեր հեռուստադիտողներուն յիշեցնեմ, որ անհրաժեշտ է անգամ մը եւս շեշտել. բացի մեր նուիրապետական աթոռներէն կոչ կ҆ուղղեմ նաեւ մեր կաթողիկէ եղբայրներուն։ Ի վերջոյ, Տէր Ռաֆայէլ պատրիարք կաթողիկոսը, մօտէն ինծի ծանօթ, պիտի խնդրէի, որ ինքն ալ իր կարգին բողոքի ձայն բարձրացնէ Վատիկանէն ներս։ Նոյնը պիտի խնդրենք նաեւ մեր Աւետարանական եղբայ- րութեան կազմակերպութենէն։ 

 

Ինչպէս նշեցի մուտք խօսքիս մէջ, իրենք ալ իրենց կարգին որպէս հայ պէտք է ձայն բարձրացնեն՝ կարե- ւոր չէ թէ ինչ յարանուանութեան կը պատկանին։ Այս բոլոր գանձերը կը պատկանին հայութեան։ Հետե- ւաբար մենք կոչ կ҆ուղղենք նաեւ թէ՛ մեր կաթողիկէ եղբայրներուն, թէ՛ մեր բողոքական եղբայրներուն, որ իրենք ալ իրենց կարգին բողոք ներկայացնեն Վատիկանին եւ հաշիւ պահանջեն այս ամբարտաւանութեան դէմ։ Ամբարտաւանութիւն կ՛որակեմ տիկնոջ գրած այս յօդուածը եւ նոյնքան կը դատապարտեմ բոլոր անոնք, որոնք գիտակցաբար արտօնեցին կաշառուելով այդ յօդուածը տպել Վատիկանի պաշտօնական պարբերաթերթին մէջ։ Հաշիւ պահանջեցէք։ Ձեր իրաւունքն է։ Մի՛ տաք ձեր իրաւունքը ուրիշներուն։ Պահանջեցէք ճակատաբաց։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Իմիջիայլոց, վերջին շաբաթներուն, երբ այս հեռուստայայտագրին բարձրաձայնուեցաւ այն համաժողովրդական կարծիքի մասին, որ պողպատէ «մանտաթ»ի այդ մուրճը, որ վարչապետ Փաշինե- անը նախընտրական պայքարի ժամանակ իր ձեռքը բռնած կը բարձրաձայնէր «օրէնքի տիքթաթորա»յի մասին եւ այդ «օրէնքի տիքթաթորա»յի խորհրդանիշ պողպատէ մուրճը չի բաւեր ըսուեցաւ այս հեռուստայայտագրէն, այլ հարկաւոր է ամենաարագ կերպով պողպատէ մանգաղը գործի դրուի։ Եւ այդ հեռուստայայտագիրներու հետեւորդներէն մէկը վերջերս այս լուսանկարը ներկայացուց USA ARMENIAN LIFEի հեռուստայայտագրին, որ կիսենք ձեր հետ։ 

«Էքրան»ին վրայ կը տեսնենք վարչապետ Փաշի- նեանը, պողպատէ մանգաղը ձեռքին գործի սկսած է, յուսալով որ այս լուսանկարին միջոցաւ արտայայտուած մաղթանքը, առաջադրանքը իրական գործի կը վերածուի եւ մենք արդէն ականատեսը կ҆ըլլանք ներքին հինգերորդ շարասեան տողանցքին դէպի բանտ՝ ճաղերուն ետեւ եւ մասսայական բռնագանձման օրէնքի գործադրման թիրախ։ 

 

Որովհետեւ այս ներկայ վիճակը այսպէս կարելի չէ շարունակել, եւ տեսանք ինչպէս քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանի ներկայացուցած այդ միջազգային «սքանտալ» յառաջացնող Վատիկանի պաշտօնաթերթի սքանտալային անհիմն ստաբանութիւններով լցուն յօդուածի մասին ինչպէս Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը լուռ կեցաւ եւ կը շարունակէ մնալ։ 

Պէտք է նաեւ րոպէ առաջ այս սուտ կաթողիկոսէն ձերբազատուիլ, որ իսկական Ամենայն Հայոց Հայրապետ մը ունենանք, որ այսպիսի ճակատագրական պահին Խրիմեան Հայրիկի ոգիով իր հայրական ցասումը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհին եւ անարդարութիւններուն դէմ կենայ ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին ճակատի վրայ։ Ուրեմն, պողպատէ մանգաղը շնորհաւոր ըլլայ, պարոն վարչապետ Փաշինեան։ Յոյսով, որ այս անգամին երկու ձեռքերդ լեցուն։ Ձախ ձեռքին փոխանակ խաղաղութեան աղաւնին ըլլալու, որ իրականութեան մէջ քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ խաղաղութեան աղաւնին ձախ ձեռքը, աջ ձեռքը՝ սուրը։ Բայց հիմա այդ ժամանակները չենք։ Ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն, peactime president կայ ու war-time president ։ 

Այսինքն, խաղաղութեան ժամանակներու ղեկավար կայ, եւ կայ նաեւ ռազմական ժամանակներու՝ պատերազմական ժամանակներու ղեկավար։ Հիմա ուզենք, թէ չուզենք, Հայաստանը պատերազմական ժամանակներու մէջ է։ Հետեւաբար, օրուան ղեկավարը պէտք է իր էութիւնը փոխէ եւ ինքը դառնայ՝ ոչ թէ գործէ խաղաղութեան ժամանակներու որպէս ղեկավար, այլ գործէ ռազմական դրութեան մէջ յայտնուած պետութեան մը որպէս ղեկավար։ Ձախ ձեռքին պողպատէ մուրճը եւ աջ ձեռքին՝ պողպատէ մանգաղը։ 

Երկու այս զօրաւոր գործիքներով տեսէք ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ, եւ շատ լաւ ալ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել իսկական ընդդիմութիւն, իրականացնել իսկական ընտրութիւններ եւ այս կեղծ ընդդիմութենէն ձերբազատուելով, պետութիւնը ունենայ հայկական պետականութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւն եւ ոչ թէ Կրեմլէն հրահանգներ ստացող կեղծ ընդդիմութիւն։ Ուրեմն, յաջողութիւն կը մաղթենք, եւ ինչպէս որ մեր աշ- խատակից Սուրէն Սարգիսեանը կ҆ըսէ՝ «ամէն ինչ լաւ է լինելու»։ Այո, ամէն ինչ լաւ է լինելու։ 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *