Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 27 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Աշխարհի հայերը զայրացած են դաւաճան Ռուսաստանի և նրա գործակալների վրա Հայաստանում և Սփիւռքում»։ 

Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝ 

ալիքին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ 

Ամենակարեւոր հարցը, որ այս օրերուն շատ մը մարդոց միտքէն կ҆անցնի եւ առանձին զրոյցներու ժամանակ կը շօշափուի այն է, թէ արդեօք Փութինը Կորպաչով թիւ 2 է, այսինքն երկրորդ Կորպաչովն է։ 

Գիտէք՝ Կորպաչովի ժամանակ Սովետական կայսրութիւնը փլուզման ենթարկուեցաւ։ Իսկ հիմակուան Ռուսական Դաշնութիւնը, այսօր՝ այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնը Ցարական Ռուսաստանի (որ այն ալ կայսրո- ւթիւն էր) եւ սովետական Ռուսաստանի (որ նոյնպէս կայսրութիւն էր), շարունակութիւնն է։ Այսօրուան Ռուսական Դաշնութիւն անունը կը նշանակէ ռուսական կայսրութեան երրորդ տարբերակը։ Ուրեմն Փութինի օրօք Ռուսական Դաշնութիւնը բազմաթիւ խնդիրներ դիմակայեց. ամէնէն կարեւորը՝ իրեն վստահող ժողովուրդներու եւ պետութիւններու հանդէպ դաւաճանութիւն գործեց։ Նորագոյն դաւաճանական կեցուածքը կամ գործելաձեւը կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ։ Մինչ միլիոնաւոր սուրիացիներ իրենց յոյսը կապած էին Ռուսաստանին հետ՝ մէկ գիշերուան մէջ Սուրիոյ նախագահ Ասատը կորսնցուց ամէն ինչ եւ երկրէն դուրս գնաց, իր հետ տանելով ի հարկէ բազմաթիւ, միլիարդաւոր տոլարներ։ 

Եւ այս առթիւ երկրորդ հարցը, որ բազմաթիւ հայրենակիցներու մտքին մէջ առկայ է, այն է, որ արդեօ՞ք Փութին պապային եթէ բան մը պատահի, արդեօք իր կցորդները Հայաստանէն ներս նոյն ճակատագրի պիտի ենթարկուին, ինչ որ Եանուքովիչին կատարուեցաւ Ուքրանիայի մէջ եւ նաեւ վերջերս Սուրիոյ մէջ՝ Ասատի պարագային 

Ուրեմն այս առթիւ իմ զրուցակիցին կ҆առաջարկեմ այս մասին իր կարծիքը ներկայացնէ, եւ կը շարունակենք մեր զրոյցը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Ճիշդ է որ բոլորս մտահոգ ենք հայրենիքով։ Կասկած չկայ։ Բայց դաս պիտի առնե՞նք պատմութենէն, որպէսզի չկրկնենք նոյն սխալը։ Մենք փոքրիկ երկիր մըն ենք։ Եւ մեր կողքին կան մեծ տէրութիւններ, որոնք պիտի ընեն այն ինչ որ իրենց երկրի շահերը կը պահանջէ։ Հետեւաբար մենք խելացի պիտի ըլլանք, լրջախոհ պիտի ըլլանք եւ համբերութեամբ շրջահայեաց պիտի ըլլանք թէ ի՞նչ կը դառնայ մեր շուրջը, որպէսզի մենք զոհ չերթանք։ 

Շատ փոքրիկ երկիր ենք, ի վերջոյ։ Եւ մեծ հաշիւներու մէջ կրնանք հալիլ։ Հետեւաբար, այս ճգնաժամային օրերուն չմոռնանք որ այն ինչ որ կը պատահի Ուքրանիոյ մէջ, անկասկած որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր վրայ։ Այն ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, անպայման որ անդրադարձ պիտի ունենայ մեր վրայ, հայրենիքի վրայ։ Հետեւաբար, մենք այս բոլորէն դաս մը առնենք եւ մտածենք թէ ի՞նչ կրնանք ընել մենք զմեզ ապահովելու համար որպէս ինքնանկախ երկիր ոչ թէ ստրուկ երկիր։ Եւ ատիկա իրագործելու համար անհրաժեշտ է որ զիրար լսենք, հանդուրժենք զիրար, եթէ նոյնիսկ զիրար չենք սիրեր, սորվինք զիրար մտիկ ընել։ Որովհետեւ մեր բոլորին նպատակը մէկն է, եւ սրբազան է այդ նպատակը։ Մեր երկրին բարօրութիւնը։ Եթէ իսկապէս մտահոգ ենք մեր երկրի ապագայով, ուրեմն հանդարտութեամբ, համբերութեամբ պիտի նստինք, խօսինք իրարու հետ եւ ծրագրենք թէ մենք ի՞նչ կրնանք ընել հայրենիքը ինքնիշխան ընելու, անկախ պահելու եւ գոյատեւելու համար։ 

Ի վերջոյ, մեր պատմութիւնը դառն եղած է միշտ։ Ենթակայ եղած ենք գերպետութիւններուն։ Լոյս մը ծագեցաւ 1990ին Սովետական Միութեան փլուզումով եւ մենք այդ լոյսը պէտք էր նոր արշալոյսներու վերածած ըլլայինք մինչեւ հիմա։ Դժբախտաբար չըրինք։ 

Չխօսինք թէ ի՞նչ սխալներ ըրինք։ Բոլորս ալ գիտենք որ ինչ սխալներ իրագործուեցան մեր ազգային կեանքին մէջ։ Բայց այդ բոլորէն դաս պիտի առնենք որպէսզի յառաջիկայի մեր քայլերը աւելի կայուն ըլլան, աւելի հաստատ ըլլան, ի սէր հայրենիքի բարեզարդման։ Եւ այս բոլորին մէջ շատ կարեւոր դեր ունի, ամէն անգամ կը շեշտենք, եկեղեցին։ Եկեղեցին, որ միայն սէր, համերաշխութիւն պէտք է քարոզէ։ Չկայ եկեղեցին։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իր ղեկավարութեամբ չկայ։ Ահաւասիկ ձեզի վերջին լուրը տամ։ Արդէն խնդրոյ առարկայ դարձած է, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Առաջին հեռուստակայանէն պիտի չխօսի եղեր։ Թող չխօսի։ Ինչո՞ւ մեծ խնդիր կը դառնայ՝ չեմ հասկնար։ Հայրապետը կրնայ իր պատգամը որեւէ կայանէն տալ։ Ով առաջ կու տայ, ի՞նչ կարեւորութիւն ունի սիրելիներ։ Վարչապետը առաջ տուաւ իր Նոր Տարուայ ուղերձը, թէ՞ Ամենայն Հայոց Հայրապետը։ Այսքան ճղճիմ բաներով կը զբաղինք։ Ընդհակառակը, տուէք ձեր ուղերձները, բայց ձեր ուղերձին մէջ մեզի տուէք սէր, բացատրեցէք այս ժողովուրդին որ պէտք է զիրար հանդուրժեն։ Ի վերջոյ երկիրն է խնդրոյ առարկան եւ ոչ թէ ով առաջ ինչ խօսեցաւ։ 

Մինչեւ այսօր լուռ է Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը։ Ամէն անգամ կը խօսինք, կ҆ըսենք մեր գլխուն ինչեր եկան, այս բոլորը օդէն չեն գար։ Այո, Ռուսաստանը որպէս գերպետութիւնը վատ դեր ունեցաւ մեր կեանքին մէջ։ Կասակած չկայ։ Բայց այս բոլորին մէջ ո՞վ իր բաժինը պիտի բերէ։ Միայն քննադատութեամբ չզբաղինք։ Այո, լաւ է շինիչ քննադատութիւնը։ Բայց նոյն ատեն յորդորենք մեր ժողովուրդին, որ զիրար սիրեն։ Հոս է եկեղեցւոյ գերա- գոյն պատգամը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Համերաշխութիւնը կայ, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է համերաշխ ըլլալ ազգի դաւաճաններու հետ։ Ազգանուէր հայորդիք ի՞նչ ճանապարհով կարելի է համերաշխութիւն ստեղծեն սեփական ժողովուրդին դէմ դաւաճանութիւն ընող տարրերուն հետ։ Եւ այս պարագային պատկերացուցէք որ Փութինի կցորդները, նախկին գողապետական ռեժիմականները՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգիսեան, Վարդան Օսկանեան, որ վերջերըս ուզած է բանավէճ իրականացնել, երեւակայեցէք որ այս հին գողապետական ռեժիմականները իրենց ներկայ դիրքը կը պարտին Փութինին, նախագահ Փութինին։ Եւ ըստ երեւոյթին օրուան իշխանութիւնները մեծ կասկածանքներ կը յառաջացնեն բազմաթիւ հայորդիներու եւ հայուհիներու մտքին մէջ, թէ արդեօք իրե՞նք ալ մեղսակից են, որ այս Փութինի կցորդներու դէմ օրէնքը չի կիրառուիր։ Այդ օրէնքը, որ կը վերաբերի բռնագանձման օրէնքըին եւ ոչ միայն ապօրինի իւրացումներու բռնագանձման օրէնքին, ոչ կիրառումը առկայ է, այլ նաեւ բազմաթիւ ոճիրներ գործած հին ռեժիմականները մինչեւ այսօր անպատիժ կը մնան եւ իրենց հերթին անպատիժ մնացողներէն մէկն ալ նաեւ Գարեգին բ.ն է, որու օրով Պալէօզեան Արքեպիսկոպոսը սպաննուեցաւ եւ բազմաթիւ ոճիրներ իրականացան։ Իսկ նոյն ինքն Գարեգին Բ.ի արիւնակից եղբայրը անմեղ, որբ երեխայ մը մանկապըղծութեան զոհ դարձուց։ 

Ուրեմն Հայաստանը պանանային հանրապետութիւն պիտի շարունակէ ըլլալ, թէ՞ պիտի իր որակի մէջ նոր մակարդակ ստեղծէ։ Տարուան ամենավերջին հաղորդումն է այսօր՝ Դեկտեմբեր 27։ Բաղձալի է, մաղթելի է, որ հայկական պետականութիւնը իսկապէս ինքնիշխան դառնայ, իսկապէս իր անկախութեան տէր դարձող քաղաքացիներու, ինքնիշխան քաղաքացիներու հանրապետութիւն դառնայ։ Հանրապետութիւն։ 

Ռուսիոյ բռնատէր Փութինը դաւաճանութիւն գործեց եւ իր հետ բազմաթիւ գեներալիտետ (ռուսերէն, սովետահայերէն՝ գեներալիտիետ՝ բանակի բարձրագոյն սպայականզօրավարական կազմը) նոյնպէս դաւաճանութիւն գործեցին, նոյնպէս եւ կեղծ հոգեւորականներ լրտեսութիւն կատարեցին, ըստ արժանահաւատ աղբիւրներու, որ հայկական բանակի դիրքերը ինչպիսի դրութեան մէջ եղած են 44օրեայի ժամանակ։ Այս բոլորը պէտք է վերջ գտնեն. եւ տեսէք՝ մենք իրաւունք ունինք ամբողջ աշխարհին բարձրաձայնելու, որ մենք զայրացած ենք, ոչ միայն ներքին թալանչիներու, ներքին դաւաճաններու դէմ, այլ նաեւ Փութինի Ռուսաստանի դէմ։ 

Մենք ռուս ժողովուրդի հանդէպ ոչ մէկ ժխտական զգացում չունինք, սակայն օրուան կառավարութիւնը դաւադիր կառավարութիւն է։ Ինչո՞ւ դաւադիր։ Որովհետեւ Ռուսաստանը վերջին տասնամեակներուն ինքզինքը ներկայացուցած է որպէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի զինակից եւ փաս- տը կը մնայ փաստ, որ ուժեղ կերպով դաւաճանութիւնը գործած է։ Երեւակայեցէք, որ նոյնիսկ մեծայարգ իսլամ հոգեւոր ղեկավար Իմրան Հուսէյնը այս մասին բարձրաձայնեց վերջերս եւ մանրակրկիտ կերպով ներկայացուց իր ունկնդիրներուն, թէ ինչո՞ւ հայերը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, ամբողջ աշխարհի հայերը, զայրացած են։ They are angry at Russia, ըսաւ Իմրան Հուսէյն իմամը։ 

Տեսանիւթ 

ԻՄՐԱՆ ՀՈՒՍԷՅՆ. – Քրիստոնեաները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրած են 4000 տարի: Բայց Ատրպէյճանը կ›ուզէր այդ տարածքը, եւ Ատրպէյճանը աջակցութիւն ստացաւ Իսրայէլէն եւ աջակցութիւն ստացաւ Թուրքիայէն: Եւ Ռուսաստանը որոշեց չկանգնեցնել Ատրպէյճանը: Հայաստանը այնքան բարկացած է Ռուսաստանի վրայ՝ որ կը դառնայ դէպի Արեւմուտք: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Իմիջիայլոց, Իմրան Հուսէյն հոգեւոր ղեկավարը, հակապատկերն է սելճուկեան արմատ ունեցող Ատրպէյճանի հոգեւոր կեղծ ղեկավարին, որ իսլամութենէն զատ ուրիշ որեւէ բան որ կրնաք պատկերացնել կը ներկայացնէ, բայց ոչ իսկական իսլամը։ Իսկական իսլամը ներկայացնողը արդէն ճշմարտութիւնը ըսաւ։ 

Այս եղելութիւններով մենք պէտք է շատ ամուր ոտքերնիս գետին դնենք եւ պահանջենք մենք մեզմէ, որ օրուան հայկական պետականութեան կառավարութիւնը բռնագանձման, ապօրինի իւրացումներու բռնագանձման օրէնքը իրականացնէ, եւ մաղթելի է, որ 2025ին Հայաստանի Ազգային Ժողովը նաեւ օրէնք մշակէ եւ այն բոլոր ոչ որակաւորուած եւ նոյնիսկ դաւաճանական գործունէութիւն, հակապետական գործունէութիւն իրականացնող պատգամաւորներուն մանդաթները հեռացնելու միտուած օրէնք մշակէ։ Ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ եւ յատկապէս արեւմուտքի մէջ օրէնքը կայ արդէն: Երբ որ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պետական պաշտօնատար մը կը ձախողի, կը զլանայ իր պարտականութիւններու մէջ, պէտք է հետ կանչուի, ինչպէս անգլերէն կ҆ըսեն recall elections։ Այս մասին մենք ականատես եղանք մի քանի տարի առաջ, թէ ինչպէս Քալիֆորնիոյ ընտրողները պաշտօնազրկման ընտրութիւններու մասնակցեցան եւ նահանգապետ` Governor Davisին պաշտօնազրկեցին։ Նոյնպէս եւ Հայաստանի մէջ շատ կենսական է, որ պաշտօնազրկման մանդաթի վերացման յատուկ ընտրութիւններ կազմակերպուին այն պատգամաւորներու հանդէպ, որոնք իրենց պարտականութիւններու մէջ կը զլանան եւ ամենավատը հակապետական գործունէութիւն կը վարեն։ Ուրեմն 2025ին այս օրէնքը պէտք է հայ ժողովուրդը ինքն իրեն անպայման նուիրէ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Սիրելի հեռուստադիտողներ, ահաւասիկ Նոր Տարուան շէմի կը կանգնինք, հետեւաբար բոլորս խոնարհաբար պէտք է ուխտենք եւ այդ ուխտը կատարելագործենք ոչ միայն շրթնային ծառայութեամբ, այլ մեր գործով։ 

Ուխտենք ծառայել մեր ազգին, մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ։ Այս ալեկոծուած աշխարհին մէջ մեր փոքրիկ նաւակը ալեկոծումներու մէջ է նաեւ։ Հետեւաբար, բոլորս ձեռք ձեռքի տալով կարենանք այդ փոքրիկ նաւակը խաղաղ նաւահանգիստ մը հասցնել։ Ինչպէ՞ս։ Ոչ խօսելով, ոչ թելադրելով, այլ գործելով։ 

Սիրելիներ, ժամանակը հասած է։ Կը տեսնենք բոլորս ինչ կացութեան մէջ է հայ ազգը թէ հայրենիքէն ներս, Միջին Արեւելքի մեր եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ սփիւռքի բոլոր տարածքին։ Առնուազն Նոր Տարուան շէմին ուխտենք, որ ձեռք ձեռքի պիտի տանք, աշխատինք եւ շէնցնենք մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը բարօր կեանքի պիտի առաջնորդենք եւ պիտի պայծառացնենք մեր եկեղեցին, անկէ դուրս հանելով բոլոր անոնք, որոնք մեր աղօթատունը վերածած են վաճառատան։ Ձեր բոլորին Նոր Տարին կը շնորհաւորենք եւ կ҆ուխտենք, որ բարօր կեանք ունենալէ անդին նաեւ ձեր մասնակցութիւնը բերէք հայրենիքի բարեզարդման։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. 2025ը ըստ բազմաթիւ քաղաքագէտներու վտանգներով լեցուն տարի մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն մենք ամէն տեսակ պարագաներու համար, երեւոյթներու դիմաց պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք։ Եւ միշտ ալ պատերազմի վտանգը առկայ է, այնքան ժամանակ, որքան Հայաստանը խոշոր մասով շրջապատուած է օսմանա սովետական սելճուկեան պետութիւններով։ 

Առաջինը Թուրքիան է, երկրորդը՝ Ատրպէյճանն է, երրորդն ալ այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնն է։ Եւ հետաքրքրականը այն է, որ 2025ին եւ գալիք տարիներուն շատ յստակ կերպով միջազգային հանրութիւնը, ժողովուրդներու համայնքը իր պատասխանը պիտի շարունակէ յստակ կերպով տալ, թէ որ համակարգը պիտի յառաջադիմէ եւ որ համակարգը մահուան պիտի դատապարտուի։ 

Ըստ երեւոյթին, օսմանասելճուքա-սովետական այս պետութիւնները, բռնատիրութիւնները տանուլ պիտի տան, պարզապէս այն պատճառով, որ այս պետութիւններու մէջ մարդ կոչուածը, մարդկային էակը, քաղաքացին ստրուկն է բռնատիրութեան, ստրուկն է օլիկարխներուն։ Իսկ Արեւմուտքի մէջ քաղաքացին կրնայ ստրուկը դառնալ իր երազանքներուն, իր անձնական փափաքներուն եւ ամպիցիաներուն։ Եւ այդ պարագային պէտք է ըսել, որ արեւմտեան երկիրներու համակարգը գերազանց յաջողութեան հասած է։ Փաստը այն է, որ բազմամիլիոն ժողովուրդներ կը փափաքին Ամերիկայի եւ հաւաքական Արեւմուտքի համակարգը ստեղծեն կամ նոյնիսկ միանան այդ համակարգին։ 

Ուրեմն Հայաստանի, Վրաստանի, Ուքրանիայի, Մոլտովայի, Պալթեան երկիրներու, Սքանտինաւեան երկիրներու ժողովուրդները ներկայիս մահ ու կենաց պայքար կը տանին, որ այս բռնատիրական համակարգերը փլուզման ենթարկուին եւ ժողովրդավարութեան նոր շղթան կամ գօտին աւելի ուժեղանայ։ Եւ այս մասին պէտք է մենք կասկած չունենանք, որ այնքան ատեն, որ ժողովուրդները, սկսած Հայաստանէն մինչեւ սքանտինաւեան երկիրներ իրենց ներքին ներդաշնակութիւնը եթէ պահպանեն եւ նաեւ աչալուրջ ըլլան, աշխատասիրութեամբ եւ պայքարունակ ոգիով, ներքին դաւաճանները, ներքին թշնամիները հաշուէտուութեան ենթարկելով եւ նոյնիսկ ազատազրկելով պիտի կարողանան այդ վտանգին առաջքը առնել։ Այլապէս, եթէ օրէնքը եւ օրէնքի գերակայութիւնը գերազանց առկայութիւն չունենայ, ապա ուրեմն Հայաստանը եւ նոյնիսկ բազմաթիւ այդ ժողովրդավարական շղթայի երկիրներ պիտի ենթարկուին իրենց հերթին եւս նոր հոկտեմբեր 27-ներու եւ այդ աշխատասիրութեան նաեւ անքակտելի մասն է հայկական պետականութեան զօրասիւն հանդիսացող Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ներքին առողջութեան վերականգնումը։ 

Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ իսկական առաքելութիւնը վերականգնել, եթէ օրուան հոգեւոր ղեկավարները կոռումփացուած սովետաօսմանցիներ են։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, եթէ կ҆ուզենք որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իր դարաւոր դերը անգամ մը եւս մեր այսօրուայ կեանքէն ներս ունենայ, հետեւաբար հայ եկեղեցին պէտք է ներքնապէս փոխուի։ Փոխուի այն իմաստով, որ բոլոր մեր եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնները յարգուին։ 

Ցաւալիօրէն կը յայտարարեմ, որ մեր եկեղեցիէն ներս մենատիրութիւն մը կայ այսօր։ Չկայ օրէնք, կարգ ու կանոն։ Կաթողիկոսները մենատէր են այսօր։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ուզած արքեպիսկոպոսը, վարդապետը, քահանան կրնայ անմիջապէս զրկել իր փիլոնէն։ Չկայ դատաստան, չկայ դատ։ Վերջ։ 

Մեր ժողովուրդին կոչ կ҆ընենք, վերջ, սիրելիներ, եկեղեցին դուք էք։ Պահանջեցէք, որ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը եթէ կ҆ուզէ եկեղեցին անգամ մը եւս իր դարաւոր դերին մէջ մտցնել, պէտք է վերանորոգուի։ Վերանորոգում կ҆ըլլայ այն ատեն, երբ օրէնք կը գործէ այնտեղ եւ ոչ կամք։ Ոչ փառասիրութիւն, այլ խոնարհութիւն եւ սէր։ Մեր եկեղեցին շատ դեր ունի կատարելիք։ 

Մեր փափաքն է եւ աղօթքը Նոր Տարուայ շէմին, որ հայ եկեղեցին վերատեսութեան ենթարկէ ինքզինքը, որպէսզի այդ վերատեսութեան մէջէն ինքզինք գտնէ եւ պայծառ ապագայ մը յառաջացնէ իր ժողովուրդի համար։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *