Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան վերադար- ձաւ գերմանական Եան Ռեկենսպուրկ, ուր նախապէս կը խաղար 2017-էն 2019: Ադամեան Քէօլնէն վարձավճարով տեղափոխուեցաւ իր նախկին ակումբը, որ «Բ. Պունտըսլիկա»-ի դասակարգին մաս կը կազմէ եւ պիտի մնայ հոն մինչեւ 30 յունիս: 

«Շատ ուրախ եմ շուտով վերատեսնելու Սարգիսը «Եան»-ի տարազով: Իր խաղով եւ որակով ան մեզի պիտի օգնէ մեր խումբին պայքարելու մեր դիրքին համար: Ան ծանօթ է ակումբին, քաղաքին: Թէեւ վերջին երկու ամիսներուն ան քանի մը խաղի մասնակցեցաւ միայն, բայց վստահ ենք, որ ան շատ արագ կ՛ընտելանայ խումբին, եւ անոր որակները կ՛օգնեն մեզ հաս- նելու մեր նպատակներուն, մրցաշրջանի մնացած մասին», ըսաւ ակումբին մարզական տնօրէնը: 

«Հրաշալի ձեւով սիրած եմ այս ակումբը եւ անհամբեր եմ կրկին խաղալու այստեղ: Ես զգացի ակումբի ղեկավարութեան վստահութիւնը, եւ ամէն գնով կը ցանկամ օգնել ակումբին` լիկայի նպատակներուն հասնելու հարցով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քէօլնին, որ ինծի կարելիութիւն ընձեռեց նոր մարտահրաւէր ունենալու եւ աւելի մեծ փորձառութիւն ձեռք բերելու: Այժմ անհամբեր եմ օգնելու «Եան»-ին` ակումբին մարզաշապիկով իմ առաջին իսկ խաղերուն», ըսաւ Ադամեան: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *